«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Անցեալ 34 Տարիներուն Աւելի Քան 1 Միլիառ Տոլարի Օժանդակութիւն Նուիրաբերած Է Հայրենիքին
Կլենտէյլ` Քալիֆորնիոյ մէջ գործող, ոչ եկամտաբեր «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը հասած է աննախընթաց նուաճումի մը, որ կը յատկանշուի անցեալ 34 տարիներուն Հայաստանին եւ Արցախին աւելի քան 1 միլիառ տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցած ըլլալով:
Ներկայիս «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը կարգադրութիւններ կը կատարէ, որպէսզի կարենայ անյապաղ օգնութիւն հասցնել հայրենիքին` ուղղակիօրէն ի նպաստ Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած աւելի քան 100,000 գաղթականներուն:
Այս տարուան առաջին ինը ամիսներուն միայն, «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը 34 միլիոն տոլարի դեղորայք ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ (30 միլիոն տոլարի համարժէքը Հայաստանին, 4 միլիոն տոլարը` Արցախին):
«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ի բժշկական բոլոր առաքումները պէտք է նախօրօք ստանան հաւանութիւնը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան, որ կ՛ընտրէ իր ուզած դեղերը, կը ճշդէ դեղերուն քանակն ու գործածութեան ընդունելի ժամկէտերը, եւ ըստ այնմ ներածման արտօնութիւն կը շնորհէ:
1989-էն ի վեր «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ն ու զայն նախորդած «Միացեալ հայկական ֆոնտ»-ը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն` մեծաւ մասամբ դեղորայք, 158 բեռնատար թռիչքներով եւ 2.566 ծովային արկղերով:
«Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց «Հայաստան- Արցախ Ֆոնտ»-ի նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն: Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններ»:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ի գրասենեակ. հեռաձայնի թիւ` (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ` sassoun@pacbell.net:
Comments are closed.