Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանազատման Յանձնաժողովներու Կանոնակարգը Ուղարկուեցաւ Սահմանադրական Դատարան
273
0
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը, որուն նախորդ շաբաթ համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի կառավարութիւնը, ուղարկուեցաւ Սահմանադրական դատարան` անոր սահմանադրականութիւնը ստուգելու համար։ Այս մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին ընթացքին՝ նշելով, որ սահմանազատման գործընթացին մէջ էական տեղաշարժ կայ:
Աւելի կանուխ յայտարարուած էր, որ այդ քննարկումներուն ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչը փոխվարչապետ, սահմանազատման հայկական յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը պիտի ըլլայ:
Սահմանադրական դատարանի դրական որոշումին պարագային կառավարութիւնը վաւերացման համար փաստաթուղթը պիտի ուղարկէ Ազգային ժողով:
Comments are closed.