ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ

«Արմէնփրէս».- 26 Հոկտեմբերին, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն կատարած է Սէուտական Արաբիա: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ՀՀ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ գոյութիւն չունէին։ Հայաստանի նախագահը առաջին անգամ կ՚այցելէ արաբական այս երկիրը: Ըստ աղբիւրին, Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը դիմաւորուած է պետական ամենաբարձր մակարդակով` ի դէմս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց պետական նախարար Ատել ալ ճուպէյրի, իսկ պաշտօնական արարողակարգին համաձայն, օդակայանին մէջ բարձրացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.