Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յստակ Օրակարգով Միջգերատեսչական Հանդիպում Մը Կ՛ակնկալուի
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները շուտով պիտի հանդիպին՝ գնահատելու Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի վերագործարկման պայմանները: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանի բանագնաց, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: Ըստ անոր՝ տակաւին հանդիպման օր չէ նշանակուած:
«Ինչպէս նախկինում արել ենք, օրինակ, Մարգարայի կամրջի վերաբերեալ համատեղ հետազօտութիւն, շուտով նման հետազօտութեան համար հանդիպում կը լինի միջգերատեսչական Հայաստանի եւ Թուրքիայի ներկայացուցիչների, որպէսզի այս պայմանաւորուածութիւնը իրագործենք, նկատի ունեմ՝ գնահատելու համար պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են Գիւմրի-Կարս երկաթգծի վերագործարկման համար», յայտնեց ան:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները վերջին անգամ Յուլիսին հանդիպեցան՝ վերանորոգուած Մարգարայի անցակէտին մէջ: Այդ հանդիպումին Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ պայմանաւորուեցան միասնաբար գնահատել Գիւմրի-Կարս երկաթուղիով սահմանի անցման թեքնիք պահանջները:
Ռուբինեան 24 Հոկտեմբերին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 23 Հոկտեմբերին խորհրդարանին մէջ այդ պայմանաւորուածութիւնը նկատի ունէր, երբ ըսաւ, որ կողմերը վստահութեան ամրապնդման որոշ միջոցառումներ պիտի իրականացնեն:
Ռուբինեան, որ նախորդ ամիս յայտարարեց, որ Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անգարայէն քաղաքական կամք կ՛ակնկալէ, 24 Հոկտեմբերին ընդհանուր խօսեցաւ: Ան ըսաւ, որ քննարկումները կը նպաստեն, որ կողմերը իրարու դիրքորոշումները աւելի լաւ ընկալեն:
«Մենք ակնկալիքներ ունենք, որ մեր բոլոր ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները կ՛իրագործուեն, եւ ընդհանուր առմամբ մենք ակնկալիք ունենք, որ կարգաւորման գործընթացը կ՛աւարտուի դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմամբ եւ սահմանների բացմամբ: Մենք պատրաստ ենք դա անել հէնց վաղը», ըսաւ ան:
Թէեւ թուրք պաշտօնատարները միշտ կը շեշտեն, որ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացները պէտք է զուգահեռաբար ընթանան, սակայն, Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ անոնք ուղղակի կապ չունին իրարու հետ:
«Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացը եւ Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան գործընթացը երկու տարբեր գործընթացներ են, արդեօք կարող են դրանք փոխազդել միմեանց վրայ, կարող են, օրինակ, ես կարծում եմ, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացում առաջընթացը մեծապէս կը նպաստի Հայաստան-Ադրբեջան խաղաղութեան գործընթացին», նշեց Ռուպինեան:
Comments are closed.