Հայաստանի Անվտանգութիւնը Կը Նկատուի Իրանի Անվտանգութիւն

ԿԱՊԱՆ․- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարեց, որ Թեհրան Հայաստանի անվտանգութիւնը կը նկատէ Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնը:
Կապանի մէջ տեղի ունեցած էր Իրանի ընդհանուր հիւպատոսարանի բացումը, որուն ընթացքին Ապտոլլահեան շեշտած էր. «Կապանի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութիւն հիմնելու Իրանի իսլամական հանրապետութեան կառավարութեան որոշումը դրսեւորումն է այն կարեւորութեան, որ Իրանի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը կու տան Իրանի եւ Հայաստանի հազարամեայ յարաբերութիւններուն: Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յստակ եւ բազմիցս յայտարարած են, թէ երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները պէտք է յարգուին ։ Սիւնիքի մարզը կը նկատուի Հիւսիս-հարաւ ճամբու կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը, մենք Հայաստանը կը նկատենք Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին վրայ գտնուող կարեւորագոյն երկիրներէն մէկը եւ մեր առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրենք, որպէսզի ապրանքափոխադրումները եւ ուղեւորափոխադրումները այս տարանցիկ ուղիով աւելի զարգանան, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Իրանը, կեցցէ՛ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը», յայտնած էր Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Իրանցի նախարարին համաձայն, Թեհրան յստակ յայտարարած է, որ դէմ են կովկասեան շրջանին մէջ սահմաններու աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան:
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինուորական տագնապները շրջանին մէջ մտահոգութիւններ ստեղծած են: Կովկասեան շրջանը զգայուն շրջան կ՛ապրի: Մենք կը կարծենք, որ կովկասեան շրջանին մէջ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան յարգման իբրեւ սկզբունք պէտք է լուրջ ուշադրութիւն դարձուի: Մենք ուրախ ենք, որ Թեհրանի եւ Երեւանի յարաբերութիւնները ճիշդ ուղիի վրայ են եւ յառաջընթաց կ՛արձանագրեն: Կը կրկնեմ, թէ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը նկատենք Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնը: Մենք յստակ յայտարարած ենք մեր մտահոգութիւնը շրջանին մէջ օտար ուժերու ներկայութեան պատճառ հանդիսացող որեւէ գործողութեան վերաբերեալ» աւելցուցած էր Ապտոլլահեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.