Հայաստանը Շուրջ 30 Թոն Մարդասիրական Բեռ Ուղարկեց Կազայի Բնակիչներուն
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւն կ՛ուղարկէ Կազայէն տեղահանուած եւ Ռաֆահի անցակէտին մէջ հաստատուած, ծանր ընկերային-տնտեսական վիճակի մէջ յայտնուած բնակիչներուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, նախագիծը կառավարութեան նիստին ներկայացուց ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արփինէ Սարգսեան:
Անոր համաձայն, մարդասիրական օգնութեան շրջանակներուն մէջ տեղահանուած անձերու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պիտի տրամադրուին մթերք եւ դեղորայք` ապահովելով վերջիններուս ընկերային-տնտեսական առաջնային կարիքները:
«Այդ նպատակով կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն ներքին գործոց նախարարութեան պիտի յատկացուի շուրջ 19 միլիոն դրամ` մթերք, չոր սնունդ, դեղորայք ձեռք բերելու նպատակով:
Ընդհանուր առմամբ, մարդասիրական օգնութիւնը կը կազմէ 29,94 թոն: Քանի որ մարդասիրական օգնութեան տեղափոխումը պիտի իրականացուի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ, կ՛առաջարկուի պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացնել համապատասխան միջոցներ», ըսաւ Սարգսեան:
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Կազայի բնակչութեան ուղղուած 30 թոն կշռող մարդասիրական օգնութիւնը տեղափոխող ինքնաթիռը վայրէջք կատարած է Եգիպտոսի Արիշ քաղաքի ռազմական օդակայանին մէջ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին կը տեղեկացնեն Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլադեանը օդակայանին մէջ դիմաւորած է ուղեբեռը եւ օդանաւի անձնակազմին հետ միասին զայն յանձնած Եգիպտոսի Կարմիր մահիկի ընկերութեան, որուն համակարգումով մէկ-երկու օրուան ընթացքին մարդասիրական օգնութիւնը պիտի փոխանցուի Կազայի տառապեալ բնակիչներուն:
Comments are closed.