Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրը կազմակեպեց չորրորդ ամառնային դասընթացքը

2017-ի ամրան, Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրը իր յաջորդական չորրորդ ամառնային դասընթացքը կազմակերպեց՝ եռամսեայ տեւողութեամբ։ Ուսանողները դասընթացքին կ՚արձանագրուին տարբեր պատճառներով՝ անձնական, ուսումնական, մշակութային կամ այլք։ Այս տարի, վերստին բազմազան ու այլազան ուսանողներու խումբ մը մասնակցած էր։ Դասընթացքի պատրաստութիւնն ու դասաւանդութիւնը կը պարտինք Տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանին։

Անհրաժեշտ է նշել, սակայն, որ առաջին անգամ ըլլալով, մեր դիմորդներէն շատեր չկրցան ճամբորդել Անգլիա՝ այցագիրի խնդիրներու պատճառով։ Այս անախորժ իրողութեան հետեւանքով, Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրը խորհած էր յառաջիկայ տարուան ամառնային դասընթացքը տեղափոխել այնպիսի վայր մը, որ հետաքրքրուողներու համար աւելի մատչելի ըլլայ։ Այժմ որոշած ենք ամառնային դասընթացքը կատարել յունիս, յուլիս եւ օգոստոսին, Պուտափեշտի մէջ, Փազմանի Փեթեր կաթողիկէ համալսարանի համագործակցութեամբ։

Ինչպէս անցեալին, դասընթացքներու երեք մակարդակներ (սկսնակ, միջին եւ յառաջացած) առաջադրուած էին։ Անցեալ տարի, Անգլիայէն ու Իտալիայէն երկու հոգի սկսնակ եւ երեք հոգի (Միացեալ Նահանգներ, Անգլիա եւ Ուրուկուայ) միջին մակարդակի դասընթացներուն մասնակցեցան։ Առաջին անգամ ըլլալով, յառաջացած մակարդակի մէկ աշակերտ ունեցանք՝ Չեխիայէն։

Սկսնակ մակարդակի դասերը յուլիսին տեղի ունեցան՝ օրական 5 ժամ 15 վայրկեանի տեւողութեամբ, երկու դադարով։ Այս դասերուն արեւմտահայերէնի հիմքերը աւանդուեցան։ Ուսանողները սկսան հայերէնի այբուբենի իւրացումով, որուն հետեւեցան քերականական նիւթերը՝ պարզ ժամանակներ, բայի խոնարհում եւ գոյականներու հոլովում։

Միջին մակարդակի դասերը՝ օգոստոսին, սկսնակ մակարդակի բնական յառաջընթացը կը կազմեն։ Արեւմտահայերէնի բազմաթիւ ժամանակներ ու բարդութիւններ հրամցուեցան ուսանողներուն։ Անոնց ամէնօրեայ տնային պարտականութիւնները յաջորդ օր կը ստուգուէին ուսուցիչին կողմէ։ Հայերէն երգեր ու շարժանկարներ մաս կազմեցին արեւմտահայերէնի հետ ուղղակի շփումին՝ մշակութային արտադրութեան միջոցով։ Իւրաքանչիւր ուսանողի նաեւ պարտականութիւն տրուեցաւ հայերէնով իր ընտրութեամբ նիւթ մը ներկայացնելու։

Յառաջացած դասընթացքը յունիսին տեղի ունեցաւ։ Աւարտին, մեր ուսանողը զգալի սահունութիւն արձանագրած էր։ Ներկայիս, ան արեւմտահայերէնի խօսակցական ու գրական ձեւերը կրնայ կիրարկել։

Դասընթացքի լեզուական բաժինի կողքին, հայ մշակոյթի, ընկերութեան ու պատմութեան վերաբերեալ սկսնակ ու միջին դասարաններու ուսանողներուն դասախօսութիւններ տրուեցան այլազան նիւթերու մասին։ Մեր հրաւիրեալ դասախօսները հետեւեալ նիւթերը ներկայացուցին.

  1. «Պանդուխտներու Նկարագրութիւնը Օսմանեան Հայ Նկարչութեան Մէջ» (Վազգէն Դաւիթեան)

  2. «Օսմանեան Հայերու Պատմութիւն» (Արա Սարաֆեան)

  3. «Ոսկան Երեւանցի» (ֆիլմի ցուցադրութիւն՝ Արա Սարաֆեանի շնորհիւ)

  4. Պատմական Հայաստանի պատմութեան ու ճարտարապետութեան դիտանկիւններ՝ լուսանկարչութեան ընդմէջէն (Պարլօ Տէր Մկրտիչեան)

  5. Հայաստանի մէջ ինքնութեան, համաշխարհայնացումի, գնահատումի յարաբերականութեան եւ սեռային հարցերու մասին քննարկում, եւ թէ ինչպէ՞ս ընկերութիւնն ու այս խօսոյթները լեզուն կը վերաձեւեն (Տոքթ. Յակոբ Կիւլլիւճեան)

  6. «Սանթա Քաթրինա Նաւը Եւ Հնդկաց Ովկիանոսի Առեւտուրը Հնդկաստանի Ու Նոր Ջուղայի Հայկական Սփիւռքի Մէջ» (Տոքթ. Սեպուհ Ասլանեան)

  7. Թուրքիոյ մէջ հայկական ինքնութեան քննարկում՝ լուսանկարներու ներկայացումով (Հելին Անահիտ)

Ուսանողները դասերու միջեւ սուրճի դադարներ ունեցան, որոնք անձնական, մշակութային ու քաղաքական բազմաթիւ շահեկան նիւթեր քննարկելու առիթը տուին՝ փորձառութեան եւ ուսումնական աշխատանքի վերաբերեալ։ Անոնք արեւմտահայերէն սորվելու իրենց պատճառներն ու շարժառիթները կիսեցին բոլորին հետ։ Այս քննարկումները շարունակուեցան երկու ընթրիքներու ժամանակ՝ դասընթացքներու սկիզբին ու վերջաւորութեան տեղի ունեցան։ Դասընթացքներու ընթացքին, Արեւմտահայախօսողներու Ընկերակցութիւնը երկու անգամ հանդիպումներ ունեցաւ։ Ուսանողներն ու հայ համայնքի անդամներ քով-քովի եկան՝ ընկերական մթնոլորտի մէջ արեւմտահայերէն խօսելու։

Այս տարուան ամառնային դասընթացքներու մասնակիցները նշեցին, որ էական բարելաւում զգացած էին արեւմտահայերէնի իրենց գիտութեան մէջ եւ որ այս յառաջդիմութիւնը շատ հաճելի երեւոյթ մըն է։ Իւրաքանչիւր դասընթացքի ուժեղացած ընթացքը թոյլ տուաւ, որ ուսանողները լեզուական առօրեայ մխրճում մը ունենան՝ ուսումնական ու ընկերական մթնոլորտի մէջ։ Լաւագոյն մաղթանքներով այս տարուան իր ուսանողներուն, Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրը կը յուսայ նոր ուսանողներու բարի գալուստ մաղթել 2018-ի ամրան։

Սոյն ձեռնարկի հովանաւորումին համար Հայագիտական Ուսնանց Ծրագիրը երախտապարտ է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայ համայնքներու բաժանմունքին:

Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիր

Մամուլի հետ կապի գրասենեակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.