Համշէնահայեր Ճեմիլ Աքսուն եւ Նուրջան Վայիչը ազատ արձակուեցան բանտէն
2402
0
Դեկտեմբեր 8-ին թրքական բանտէն ազատ արձակուած են համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուն եւ կինը՝ Նուրջան Վայիչը, որոնք ձերբակալուած էին հոկտեմբերին, Համշէնի Խոպա քաղաքին մէջ։ Ձերբակալման պատճառ ծառայած էր երկուքին կողմէ ընդդիմադիր ոճի գրութիւնները համացանցի վրայ։ Նուրջան Վայիչը Խոպա քաղաքի Ժողովրդական Դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) տեղական բաժնի ղեկավար է։ Այս մասին կը յայտնէ Evrensel կայքէջը։
Նշենք, որ Ճեմիլ Աքսու ժամանակին արդէն շուրջ 9 տարի բանտարկուած է քաղաքական իր հայեացքներուն պատճառով: Աքսու եւ Վայիչ ընդդիմադիր հայեացքներով գրողներ են, որոնք յաճախ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող եւ երկրին մէջ ազգայնամոլ դրսեւորումները դատապարտող արտայայտութիւններ կը կատարեն:
Նկարին մէջ Ճեմիլ Աքսուն եւ Նուրջան Վայիչը իրենց 8-ամեայ զաւկին Արեւի հետ։