Համա-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական Թ. Համագումար Գահիրէի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, 28 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր 2024-ին Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» ակումբին մէջ տեղի կ’ունենայ միութեան խմբապետական Թ. համագումարը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 24 շրջաններէ 40 բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիներու, Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի պատասխանատուներու եւ հիւր դասախօսներու:

Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական համագումարները ընթացք առած են 1982-ին: Վերջին համագումարը տեղի ունեցած է 2016-ին, Երեւան: 2020-ին, «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով, Թ. համագումարը փոխարինուեցաւ առցանց համագումարով մը, որ տեղի ունեցաւ 25 յուլիս եւ 1 օգոստոս 2020-ին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական համագումարները.-

– Ամփոփ տեղեկագիրներ կը լսեն իւրաքանչիւր շրջանի սկաուտական գործունէութեան մասին:

– Տեղեկագիրներու լոյսին տակ կ’ուսումնասիրեն Շրջանային ու Մեկուսի շրջաններու սկաուտական մասնագիտական հարցեր եւ կը թելադրեն գործունէութեան ուղեգիծ:

– Կը զբաղին սկաուտական մասնագիտական հարցերով, ազգային-դաստիարակչական գիտելիքներով, գործնական աշխատանքներով, նաեւ` Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու ծրագրումով:

– Կը մշակեն սկաուտական ընդհանուր գործունէութեան ուղեգիծ:

– Կը բանաձեւեն սկաուտական ընդհանուր կանոնագիրին վերաբերեալ բարեփոխութեան առաջարկներ:

Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական Թ. համագումարը կ’ունենայ պաշտօնական բացում, զոր առցանց կը սփռուի ընկերային էջերով: Եռօրեայ նիստերուն առընթեր, համագումարին մասնակիցները առիթը կ’ունենան երկու օր ծանօթանալու Եգիպտոսի տեսարժան վայրերուն եւ եգիպտահայ ազգային-միութենական կառոյցներուն:

Համագումարին կը մասնակցին հետեւեալ շրջաններու բարձրաստիճան խմբապետ-խմբապետուհիները.- Արցախ, Հայաստան, Թիֆլիս, Լիբանան, Երուսաղէմ, Գահիրէ, Պաղտատ, Քուէյթ, Յունաստան, Պուլկարիա, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյ, Վալանս, Վիեննա, Միւնիխ, Սոտերթելիա, Ալմելօ, Առնհեմ, Քանատա, Աւստրալիա, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ եւ Հարաւային Ամերիկա:

Համագումարի օրերուն Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ»-ը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշէ Մեկուսի շրջանի հիմնադրութեան 110-ամեակը:

Comments are closed.