Համազգային Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբի «Ութ կիներ» թատրոնը ծիծաղաշարժ պահեր ապրեցուց հանդիսատեսին
Եթէ ֆրանսացի թատերագիր Ռոպերթ Թոմաս ներկայ գտնուէր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի Բաստրմաճեան սրահ եւ հանդիսատեսը ըլլար Լենա Աւագեան-Խաչերեանի բեմադրած իր «Ութ կիներ» գործին, վստահաբար մեծ հրճուանք պիտի ապրէր, եւ ո՞վ գիտէ, հաւանաբար նոյնիսկ պիտի փափաքէր հայերէն սորվիլ…
Ամիսներու վրայ երկարող կամաւոր եւ միասնական աշխատանքին արդիւնքն էր երէկուան բեմադրութիւնը։ Թատերախաղի ընտրութիւնն ու անոր թարգմանութիւնը, դերասաններուն ընտրութիւնն ու հագուստներու եւ բեմայարդարման համադրումը, կրցան ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որ հանդիսատեսը, ժպիտը դէմքին ու յաճախ լիաթոք ծիծաղով կարենայ հեռանալ իր առօրեայ հեւքէն եւ մոռնայ իր կենցաղային դժուարութիւնները։
Իւրաքանչիւր դերասան, իւրացուցած իր ներկայացուցած կերպարին նկարագրային գիծերը, հանդիսատեսը մասնակից դարձուց նիւթին։ Կարծէք ամբողջ սրահը, 250 հանդիսատեսով, ոճրագործը միասնաբար յայտնաբերել կը ջանային։
Անշուշտ միշտ ալ ծիծաղախառն պատմութեան ետին կարելի է փնտռել եւ գտնել լուրջ թեմաներ եւ մտածել անոնց մասին։ Այս պարագային՝ զոյգերու միջեւ դաւաճանութիւն, ընտանեկան անհամերաշխութիւն, ժառանգութեան խնդիրներ, նիւթապաշտութիւն եւ մինչեւ անգամ միասեռականութիւն…
Սակայն այս բոլոր հարցերուն հասարակ յայտարարը գլխաւորապէս՝ սիրոյ բացակայութիւնն էր։
Անցնող շաբաթավերջի ներկայացումը եկաւ միանալու Համազգայինի նախորդող շաբաթներու ձեռնարկներուն, մշակութասէր հանրութեան մօտ ստեղծելով հաճելի եւ ոգեւորիչ մթնոլորտ մը։
Ահաւասիկ երգն ու պարը, գրականութիւնն ու թատրոնը, կը ծաղկին մէկ մշակութային եւ կրթական միութեան՝ Համազգայինի մէջ։
Եւ ինչպէս ընկ. Զաքար Քեշիշեանի երգչախումբի սաներէն մէկը օրին նշած է, Համազգայինը իսկապէս կ՚ապրի որպէս «Ագգին համը»։
Comments are closed.