Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թ. պատգամաւորական ժողովի յայտարարութիւնը

Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովի աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած պատգամաւորները մտահոգ են ներկայիս Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած լրջագոյն սպառնալիքներով։

Օրուան իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներէն նահանջը, ազգի պառակտումը, հատուածական մտածողութեան սերմանումը եւ ազգային ռազմավարական նպատակներէն հրաժարումը պատճառ դարձան այն աղէտին, որուն առջեւ ներկայիս յայտնուած են Հայաստանն ու Արցախը։

Կանգնած ենք Արցախի անկախութեան ու Հայաստանի  Ինքնիշխանութեան կորուստի շեմին։

Իբրեւ կրթական եւ մշակութային համահայկական կազմակերպութիւն, մեր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնենք Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային հարիւրաւոր կոթողներու հայկական ինքնութեան շարունակական ոչնչացման մասին։

Պատգամաւորական ժողովը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը հայոց հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի  եւ Արցախի նկատմամբ դրսեւորուող նուաճողական քաղաքականութիւնը։

Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներու ներկայացուցիչներու համար, որոնք օտար երկիրներու մէջ սերունդէ-սերունդ մաքառած են իրենց ազգային ինքնութիւնը պահպանելու համար, Հայաստանի ներկայ իշխանութեան այս դիրքորոշումը  անհանդուրժելի է։ Միայն ազգային ուժերու համախմբումով կարելի է շրջանցել այժմեան աղէտալի իրավիճակը։

Երեւան

27 Մայիս, 2022

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.