«Համազգայինի Գործունէութիւնը Շատ Տարողունակ Է, Որովհետեւ Համազգայինը Կը Գործէ 19 Շրջաններով, Ա՛յս Է Համազգայինի Հարստութիւնը». Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Զաքար Քէշիշեան

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 2023-ին բոլորեց իր հիմնադրութեան 95-ամեակը: Այս առիթով 12-18 սեպտեմբերին նշուեցաւ միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան տարեդարձը Երեւանի մէջ, ուր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հանդէս եկաւ յատկանշական նախաձեռնութիւններով:

Վերջերս իր հայրենի տունէն բռնի տեղահանուեցաւ արցախահայութիւնը եւ ստիպուեցաւ ժամանակաւորապէս ապաստանիլ Հայաստան, ինչ որ բնականաբար ստեղծեց բազմազան դժուարութիւններ: Համազգայինը` իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն, ստանձնեց արցախցի աշակերտներու եւ անոնց ծնողներու հոգեբանական եւ կրթական օժանդակութիւն տրամադրելու խիստ պատասխանատու գործէն բաժին մը:

Հայ կրթութեան եւ մշակոյթի պահապան այս կառոյցին մասին ընդհանրապէս եւ յատկապէս անոր առաքելութեան, իրագործումներուն, յար եւ նման նորութիւններու տեղեկանալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանին հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- Խօսեցէ՛ք Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան մէկուկէս տարի արդէն թեւակոխած քառամեայ կեանքին յատկապէս իրագործած եւ ընդհանրապէս իրագործելիք աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք զանոնք, մանաւանդ որ բաւական տագնապալի ժամանկաշրջանի մէջ կը գործէք ներլիբանանեան եւ հայկական իմաստով:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- Համազգայինի գործունէութիւնը շատ տարողունակ է, որովհետեւ Համազգայինը կը գործէ 19 շրջաններով, եւ ուրախալի է հաստատել, որ ամէն օր, ամէն տեղէ Համազգայինի ձայն մը կ՛ելլէ. կը տեսնես շրջան մը` ձեռնարկ մը ըրած է, ուրիշ մը` գիրք հրատարակած, տեղ մը պարախումբը ելոյթ ունեցած է: Համազգայինի հարստութիւնն ալ ա՛յս է, որովհետեւ կառոյցը ինքը ապակեդրոն է, եւ այս 19 շրջաններէն իւրաքանչիւրը կը գործէ ըստ իր կարելիութիւններուն եւ կարիքներուն: Այս առումով, բնականաբար Կեդրոնական վարչութիւնը իր հերթին կը շարունակէ արդէն իսկ առկայ իր կրթական եւ կարգ մը այլ կառոյցներու գործունէութեան համադրումը, եւ այս իմաստով մեր առաջնահերթութիւններէն է մեր կրթական կեանքը. արդէն իսկ շատ շուտով իր լրումին կը հասնի Եւրոպայի միակ ամբողջութեամբ հայկական վարժարանին` Մարսէյի ճեմարանին շէնքային կառոյցին յաւելումը, որ կը պարունակէ մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարաններ, եւ, այսպիսով, յառաջիկայ սեպտեմբերին Մարսէյի ճեմարանը կարելիութիւն պիտի ունենայ ընդունելու եւս 200 աշակերտ: Դպրոցին նոր շէնքը արդէն ոտքի կը կանգնի. նշեմ նաեւ, որ Մարսէյի ճեմարանը կը վայելէ Մարսէյի քաղաքապետութիւններուն, Ֆրանսայի պետական մարմիններուն անվերապահ օժանդակութիւնը:

Միւս կողմէ` Լիբանանի այս դժուար կացութեան մէջ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը իր առաքելութեան վրայ կանգուն պահելը մեզի համար առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ մեր կրթական կեանքին կարեւորագոյն օղակներէն մէկն է` իր ունեցած պատմութեամբ եւ դերակատարութեամբ: Հակառակ այս դժուարութիւններուն` Ճեմարանը նոյնպէս ունի իր յաջողութիւնները եւ զարգացումները:

Որքան ալ դժուար ըլլայ գրատարածի եւ գիրքերու հրատարակութիւնն ու տարածումը, կամ` կերպարուեստի ցուցահանդէսներու հարցը, սակայն մենք Հայաստանի մէջ իրագործեցինք «Լիւսի Թիւթիւնճեան» կերպարուեստի մեր կառոյցին  ցուցահանդէսը:

Համազգայինը կը շարունակէ հրատարակել գիրքեր, արդէն իսկ պատրաստ է հայոց պատմութեան նախակրթարանի եռահատոր` չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարաններու յատուկ նոր եւ արդիական դասագիրքին առաջին հատորը, մինչեւ տարեվերջ հրատարակուած կ՛ըլլայ առաջին հատորը, եւ յառաջիկայ տարի մեր դպրոցներու հայ աշակերտները կ՛ունենան հայոց պատմութեան աւելի գունագեղ եւ ցարդ առկայ դասագիրքերէն աւելի լաւ, աւելի արդիական դասագիրք, որ շատ կարեւոր է: Նաեւ իր լրումին կը հասնի մանկապարտէզի երեք տարիներու համար, այսպէս ըսած, արդիական ե՛ւ դասագիրքը, ե՛ւ ծրագիրը, եւ իբրեւ այդպիսին` հրատարակութիւնը իր լրումին կը հասնի եւ տրամադրելի կ՛ըլլայ մեր սփիւռքատարած հայկական բոլոր մանկապարտէզներուն անխտիր:

Զուգահեռաբար տեղի ունեցան մեր երիտասարդական ծրագիրները` ֆորումը, youthlinks-ը, artlinks-ը եւ «Փեթակ»-ը: Մէկ խօսքով, այն կառոյցները, որոնք կը գտնուին Կեդրոնական վարչութեան վերահսկողութեան տակ, կը շարունակեն իրենց արդիւնաւէտ եւ բնականոն գործունէութիւնը: Հակառակ անոր որ այս փուլին, Կեդրոնական վարչութեանս եւս վիճակուեցաւ դիմագրաւել լիբանանեան տնտեսական սուր տագնապը, սակայն Համազգայինը աշխարհատարած իր մեծ կառոյցով յանձնառու է բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու յօգուտ մեր կրթական եւ մշակութային ծրագիրներուն: Անշուշտ կան այլ ծրագիրներ, որոնց մասին կը նախընտրենք խօսիլ, երբ որ անոնք հասնին իրենց բիւրեղացման եւ աւելի իրագործման հանգրուանին:

Մանկավարժական արդիական ծրագիրները, որոնք արդէն կ՛իրագործուէին, կը շարունակուին, ինչպէս բոլորին յայտնի են «Լալան ու Արան» պուպրիկները, նաեւ ունինք բաւական հրատարակութիւններ, արդէն հինգ գիրքեր հրատարակած ենք` երկու պատմութեան եւ մէկ նկարազարդման գիրքեր, երկու աշխատանքային տետրակ, որոնք կարելի է գտնել` ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն տարբերակներով` https://lalanouaran.com/shop/ կայքին վրայ: Այս աշխատանքային տետրակները կը մղեն երեխան մտածելու: Նոյնն է պարագան ներկելիք տետրակներուն, որոնք միայն ներկելու համար չեն, այլ` երեխան պէտք է գործածէ տրամաբանութիւնը, հայերէնով պէտք է կարդայ, մտածէ եւ այլն: Այսօր, երբ հայ ծնող մը գրախանութ երթայ, չի կրնար գտնել այս բովանդակութեամբ աշխատանքային տետրակներ: Ուրեմն մենք այդ պահանջը գոհացնելու համար սկսած ենք այս շարքին: Ի միջի այլոց, ասոնց զուգահեռ, հեռաձայններու վրայ կան արդէն չորս յաւելուած ծրագիրներ, որոնք կը սկսին «Գոյներու աշխարհ», «Ձեւերու աշխարհ», «Թիւերու աշխարհ» եւ «Գիրերու աշխարհ» աճման հոգեբանութեան հետ համընթաց: Նաեւ այս ծրագիրին վրայ աւելցաւ քիչ մը աւելի մեծ պատանիներու համար «Մտամարզ»-ը, որ ընդհանուր զարգացման մրցում է եւ ենթական ինքն ալ կրնայ հարցում առաջարկել, եւ ամէնէն կարեւորը` այս բոլորը անվճար կը տրամադրուին հանրութեան:

«Ա.».- Գիտենք, որ Արցախի մէջ կը գործէր Համազգայինի գրասենեակը, որ շատ աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէր, անիկա այսօր ի՞նչ ճակատագիր ունի:

Զ. Ք.- Դժբախտաբար արցախահայութեան բռնագաղթին հետ այժմ Արցախէն դուրս կը գտնուին Արցախի լաւագոյն մտաւորականներէ, գրողներէ, երաժիշտներէ, նկարիչներէ եւ արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչներէ կազմուած Համազգայինի Արցախի խորհուրդը: Անշուշտ մենք խորապէս կը հաւատանք, որ արցախահայութիւնը պիտի վերադառնայ Արցախ, եւ հոն պիտի շարունակուի մեր կեանքը. մենք նաեւ գաղափարական իմաստով չենք կրնար դադրեցնել Համազգայինի Արցախի գրասենեակին եւ խորհուրդին գործունէութիւնը: Ուստի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին նիստին արծարծեց այս հարցը եւ որոշեց Երեւանի մէջ պահել Համազգայինի Արցախի մեր կառոյցը, որ այս հանգրուանին իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Հայաստանի մէջ եւ կ՛օգտուին Հայաստանի մեր գրասենեակի կարելիութիւններէն: Այսինքն իրենց ժողովներն ու հանդիպումները կը կատարեն երեւանեան մեր գրասենեակին մէջ եւ առայժմ կը գործեն իբրեւ առանձին կառոյց:

«Ա.».- Վերջերս Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կեդրոնացումը սեւեռած է Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստանի տարբեր մարզեր ապաստանած արցախահայութեան վրայ: Խնդրեմ` ներկայացուցէք մանրամասն կերպով, թէ ի՞նչ եւ ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին այս ուղղութեամբ:

Զ. Ք.- Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գլխաւոր եւ ամէնէն արդիւնաւէտ գործունէութեան ծիրին մէջ կ՛իյնար Ստեփանակերտէն հեռու գիւղերու մէջ մանկապատանեկան խմբակներու ճամբով մշակութային, գեղարուեստական եւ ազգային դաստիարակութեան աշխատանք մը, որ կը տարուէր ազգագրական պարախումբերու կամ արուեստի այլ խմբակներու, նոյնիսկ հայոց լեզուի դասընթացքներու ընդհանուր զարգացման իմաստով: Խմբակները կը գործէին նաեւ պետական քննութիւններու մասնակցութեան պատրաստութեան գծով, մինչ այժմ Երեւանի մէջ ստեղծուած է բոլորովին այլ իրավիճակ:

Արցախի մանուկներն ու պատանիները նախ եւ առաջ պէտք ունին հոգեբանական օժանդակութեան, նեցուկի, որուն համար Համազգայինի կազմակերպութեամբ քանի մը տարբեր կեդրոններու` Երեւանի, Գիւմրիի, Աբովեանի եւ Մասիսի մէջ, յատուկ հոգեբաններ կ՛աշխատին մանուկ թէ պատանի դիմորդներու հետ, որպէսզի անոնք աւելի լաւ զգան եւ այս դժուար փուլը կարենան յաղթահարել:

Զուգահեռաբար արցախցի ծնողները իրենք եւս տագնապի մէջ են: Մինչ իրենց զաւակները հայաստանեան տարբեր դպրոցներու մէջ դասընթացքներու կը մասնակցին, անոնք չեն կրնար իրենց զաւակներու տնային պարտականութեան պատրաստութեան օժանդակել: Հետեւաբար անհրաժեշտ է այս փուլին, որ այդ նոյն կեդրոններուն մէջ երիտասարդ ուսուցիչներ վերահսկեն արցախցի աշակերտներու տնային պարտականութիւններու ամբողջացման աշխատանքին, ասիկա մեր մարզին մէջ կ՛իյնայ, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն մշակութային, այլ նաեւ կրթական միութիւն ենք: Աւելի ուշ նոյն այս պարախումբերը, երգչախումբերը եւ այլ խումբեր վստահաբար, այս փուլը թեւակոխելէ ետք, անհրաժեշտ է, որ կարենան ե՛ւ պարել, ե՛ւ երգել, այս բոլորը իրենց համար կարեւոր են` հոգեբանական իմաստով:

Կարեւոր է նաեւ, որ արցախցին չմոռնայ իր բարբառը, որ ազգային մեծ հարստութիւն է: Այս հեռանկարով արցախցի մեր տիկնիկային խումբերը, որոնք կ՛ընդգրկեն ե՛ւ Ստեփանակերտի, ե՛ւ Շուշիի կազմերը, կը պատրաստեն Արցախի բարբառով խամաճիկներու թատերական ներկայացումներ եւ կը շրջագային այն վայրերը, ուր արցախցի բռնագաղթուած փոքրիկները ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատած են: Հարկ է նշել, որ այս տիկնիկային խումբերու անդամները շատ փորձառու եւ որակաւոր են, իսկ այս ծրագիրը պիտի շարունակուի վստահաբար:

«Ա.».- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ 12-18 սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով` գրական-մշակութային, նշուեցաւ միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան տարեդարձը: Անդրադառնանք տօնակատարութեան շաբթուան ու անոր ունեցած արձագանգին:

Զ. Ք.- Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը հիմնած են մարդիկ, որոնք եղած են մեր առաջատար մտաւորականները, նաեւ եղած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական գործիչները: Անոնք այդ իմաստով երթեւեկած են Երեւանի փողոցներով: Ուստի մենք մեր մայր ձեռնարկը չէինք կրնար չնշել Հայաստանի մէջ: Այս առումով, ձեռնարկներու շարք մը իրագործուեցաւ Երեւանի մէջ, իսկ Համազգայինի 95-ամեակին նուիրուած մայր ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Աբովեան»` նախկին «Աստաֆեան» փողոցի վրայ գտնուող «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ: Վայրը խորհրդանշական էր, որովհետեւ անոր շատ մօտ էր Արամ Մանուկեանի տունը, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի շէնքը, Նիկոլ Աղբալեանի տունը, որուն մէջ ան բնակած էր Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ, կառավարութեան շէնքին մօտ:  Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, այս միջավայրին մէջ երթեւեկած, քալած եւ ապրած են: Ուստի այս իմաստով շատ խորհրդանշական եղաւ վայրի ընտրութիւնը:

Պաշտօնական հանդիսութեան հրաւիրուած էին Երեւանի արուեստի, գրականութեան, մշակոյթի, կրթութեան գործիչներ եւ համազգայնականներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Պաշտօնական ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ցուցադրուեցաւ Համազգայինի 95-ամեակին առիթով վաւերագրական ամփոփ զեկուցական ժապաւէն մը:

Ասկէ բացի` Համազգայինի 95-ամեակին կը զուգադիպէր «Բագին» 60-ամեակը, որ նոյն օրերուն պիտի տօնակատարուէր նաեւ Լիբանանի մէջ, որովհետեւ «Բագին»-ը Լիբանանի ծնունդ է, սակայն արցախեան սկսած պատերազմը զայն յետաձգել տուաւ, եւ 8 դեկտեմբեր 2023-ին տեղի պիտի ունեցաւ «Բագին» 60-ամեակի նշումը Լիբանանի մէջ:

«Բագին»-ի 60-ամեակը, ինչպէս նաեւ «Բագին»-ի նոր սկսած մատենաշարի առաջին թիւի Յարութիւն Քիւրքճեանի «Սփիւռք եւ ինքնացում» խորագրով գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ «Տէրեան» փողոցին վրայ գտնուող Ազգային գրադարանին մէջ: Յոբելենական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ակադեմական մարդիկ, գրողներ, գրականագէտներ, որոնք յոբելեանին առիթով խօսքեր արտասանեցին: «Բագին»-ի 60-ամեայ երթի հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանը, զուգահեռաբար, պարբերականին գլխաւոր խմբագիրը Սոնիա Քիլէճեան-Աճեմեան Քանատայէն եկաւ ու ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան, որուն ընթացքին նաեւ խօսք արտասանեց ան: «Բագին»-ը, որ թէեւ եղած է սփիւռքահայ, արեւմտահայ գրական սփիւռքի գլխաւոր օրկաններէն մէկը, սակայն անիկա ունեցած է մեծ դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն` հայրենի գրողներուն վրայ, յատկապէս` Խորհրդային օրերուն: Ներկայ մտաւորականներէն ոմանք հանդիսութեան ընթացքին իրենց խօսքերուն մէջ փաստերով վկայեցին, թէ` ինչպէս այդ օրերուն մեծ յափշտակութեամբ ու գաղտնօրէն կը կարդային «Բագին»:

Հրանդ Մաթեւոսեան 1988-ին «Վանայ ձայն»-ի եթերէն ինծի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ ««Բագին»-ը եթէ չըլլար, ես չէի կրնար ըլլալ, որովհետեւ «Բագին»-ը պաշտպանեց զիս: Պօղոս Սնապեանն ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը եթէ իմ մասիս անդրադարձներ կատարած չըլլային «Բագին»-ի մէջ, այստեղ մեծ դժուարութիւններու մէջ պիտի գտնուէի»: Ուրեմն «Բագին» կարդալով` անոր ստեղծած մթնոլորտէն ու հեղինակութենէն չեն կրցած մեծ գրող Հրանդ Մաթեւոսեանը ճնշել, եւ «Բագին»-ը եկած է պաշտպանելու զինք: Բեմէն նոյնպիսի կարծիք յայտնեց այդ օրերու երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Հենրիկ Էդոյեանը: Ան ըսաւ, թէ նոր սերունդ մը կար` ինքը, Արտեմ Յարութիւնեանը, Յովհաննէս Գրիգորեանը եւ ուրշներ,  որոնց ի պաշտպանութիւն` «Բագին»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածները իրենց կայացման եւ ամրապնդման համար ներշնչարան էին: Արդարեւ այս իմաստով Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ էր կայացնել «Բագին»-ի 60-ամեակը, որ տեղի ունեցաւ Համազգայինի 95-ամեայ ձեռնարկներու շարքին մէջ: Նշեմ նաեւ, որ «Բագին»-ի բոլոր հատորները թուայնացուեցան` շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան:

Բացի այդ` Համազգայինի 95-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցան գիրքերու շնորհահանդէսներ, որոնց ընթացքին մատուցուեցան Համազգայինի վերջին հրատարակութիւնները, ինչպէս` Նիւ Եորքի մասնաճիւղին հրատարակած եռահատորը: Շնորհահանդէսները կայացան Երեւանի գրասենեակի, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքէն դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի նախաձեռնութեամբ:

Առաջին գիրքը կը բովանդակէր արցախցի բանաստեղծներու եւ գրողներու ստեղծագործութիւններ, եւ որուն շնորհահանդէսը տարի մը առաջ տեղի ունեցած էր Արցախի մէջ, սակայն Հայաստանի մէջ չէր կայացած: Երկրորդ գիրքը մինչեւ 40 տարեկան թեւակոխած Հայաստանի երիտասարդ բանաստեղծներու ընտրանի մըն էր, նշեմ, որ շուտով լոյս կը տեսնէ, արձակագիրներունը` եւս:

Ուրիշ գիրքեր, որոնք կը կոչուին` «Ձայն հիւսիսային», «Soaring world», «Ձայն արցախական», «Ձայն քերթողական»: Ասոնք արդէն ձեւով մը Մոսկուայի, ընդհանրապէս Վրաստանի, այս շրջաններու հայ գրողներու անտիպ գործերու ընտրանիի մը հաւաքածոներ են:

Զուգահեռաբար, Արցախի մեր արձակագիրներու գիրքին անգլերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը եւս կայացաւ: Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Արեւիկ Գաբրիէլեան թարգմանեց գիրքը, որ փայլուն եւ որակաւոր թարգմանութիւն մըն է: Տասնեակ մը արձակագիրներ անգլերէնով կրնան հաղորդակցիլ գրական միջավայրերու հետ, արժէքաւոր հատոր մըն է:

Մինչ այդ կատարուած էր 44-օրեայ պատերազմի նահատակ երիտասարդ գրողներու ժողովածուին շնորհահանդէսը, որ կը կոչուէր «Հնչող ձայներ», ինչպէս նաեւ` «Ես եմ, ես կամ» պատկերագիրքը, որ կը ներկայացնէ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած 25 հերոս գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւնները:

Ասկէ բացի` առանձին ձեռնարկով մը նշեցինք եւ շնորհահանդէսը կատարեցինք տխուր, բայց արժէքաւոր լուսանկարչական ալպոմի մը, որ կը կոչուի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ», որ կ՛ընդգրկէ արցախցի նշանաւոր լուսանկարիչի Դաւիթ Ղահրամանեանի ոսպնեակով լուսանկարուած շուրջ հարիւր նկարներ, որոնք կը ներկայացնեն արցախեան պատերազմը` վաւերագրական իմաստով: Պատկերագիրքը եռալեզու է` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն:

«Արցախ. անաւարտ պատերազմ» խորագրեալ պատկերագիրքը հրատարակեցինք` իբրեւ պատմական փաստաթուղթ, նպատակ ունենալով զայն տարածել նաեւ օտար շրջանակներու մէջ, որպէսզի աշխարհը այդ զգայացունց լուսանկարներով տեսնէ, թէ այդ թուականներուն ի՛նչ տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ: Պատկերագիրքը համարեա լուսանկարչական վաւերագրութիւնն է արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ այնուհետեւ` շրջափակման պայմաններուն:

Այս ձեռնարկներու շարքն էր, որ արձագանգ ձգեց Հայաստանի մէջ: Համազգայինը սփիւռքահայ կառոյց մըն է եւ նպատակ չունի անպայմանօրէն ծանուցուելու Հայաստանի մէջ, սակայն հայրենի ժողովուրդը եւ ընդհանրապէս մշակութային շրջանակները անգամ մը եւս Համազգայինի 95-ամեակին առիթով առնչուեցան անոր հետ եւ աւելի մօտէն ծանօթացան Համազգայինին` իր աշխարհատարած գոյութեամբ եւ գործունէութեամբ:

«ԱԶԴԱԿ».- Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. վերջերս կայացաւ ուշագրաւ նորութիւն մը, եւ Համազգայինը ունեցաւ իր դրօշը: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յառաջացաւ դրօշ ունենալու անհրաժեշտութեան գաղափարը: Անդրադառնանք նաեւ ընթացիկ տարուան ընթացքին Համազգայինի նորաստեղծ գրասենեակներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանէն ներս Համազգայինի գործունէութեան մասին:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ.- 2022-ի մայիսին Երեւանի մէջ գումարուած Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշեց Համազգայինը իր տարբերանշանին կողքին օժտել դրօշով, քայլերգով եւ նշանաբանով: Որոշումին առաջին մասը արդէն իրագործուած է, եւ Համազգայինը այսուհետեւ ունի իր դրօշը, որ կը գործէ պաշտօնապէս, եւ որպէսզի լաթը դրօշակի վերածուի մեր ազգային աւանդութեամբ օրհնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ձեռամբ եւ տարածուեցաւ Համազգայինի 19 շրջաններուն մէջ, որպէսզի իրենք ալ իրենց ձեռնարկներու ընթացքին կարենան ներկայանալ դրօշով` ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի նման:

Շուտով արդէն մենք կ՛օժտուինք մեր քայլերգով եւ արդէն առաջարկներ ունինք նշանաբանի գծով, որպէսզի քոյր միութիւններու օրինակով մենք եւս ունենանք մեր նշանաբանը: Սակայն այս բոլորը պիտի իրականանան ժողովրդավարական հիմունքներով: Կայ ընտրանի նախագիծ մը նշանաբաններու, որպէսզի շրջանները եւս տեղեակ ըլլան, ցանկ մը պատրաստուած է, եւ իւրաքանչիւր շրջան պիտի քուէարկէ: Այն նշանաբանը, որ յաղթէ, այդ մէկը ժողովրդավարօրէն պիտի ըլլայ Համազգայինի նշանաբանը:

Աւելի ուշ արդէն պիտի օժտուինք քայլերգով եւս:

Համազգայինը աշխարհատարած կառոյց է: Ո՛ւր որ հայութիւն համախմբուի, ո՛ւր որ կարիքը զգացուի այդտեղ նոր կառոյցներ կը հիմնուին: Վերջերս օժտուեցանք Գիւմրիի մեր նոր գրասենեակով` Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներու կողքին: Համազգայինը իր տունը ունեցաւ Գիւմրիի մէջ: Նաեւ քանի մը տարիներ առաջ Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ունեցաւ կառոյցներ: Հայաշատ Ռուսիոյ այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Քրասնոտար եւ այլուր, կրնանք շուտով օժտուիլ Համազգայինի կառոյցներով:

«Ա.».- Խնդրանքս է` խօսիք ընդհանրապէս Համազգայինի այն ծրագիրներուն` ուսանողական մայր հաւաքին, «Youthlinks Europe»-ին,  «ArtLinks»-ին, «Փեթակ»-ին եւ «h-pem.com»-ին մասին, որոնց թիրախը հայ երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնն են, ինչո՞ւ կարեւոր են անոնք:

Զ. Ք.- Համազգայինը ունի նաեւ իր երիտասարդական ծրագիրները, որոնք տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր ցամաքամասի վրայ անջատաբար: Համազգայինի երիտասարդական մայր ֆորումը, որ 26 տարիներէ աւելի է, որ կ՛իրականանայ Հայաստանի մէջ, երիտասարդական հաւաք կամ ֆորում կը կոչուի: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ հայ երիտասարդ ուսանողներ կը հաւաքուին Հայաստանի մէջ, նախապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը կայացնէինք, սակայն Արցախի այս վերջին պատահարներէն ետք փոխարինեցինք զայն Գիւմրիով: Ֆորումը մօտաւորապէս կը տեւէ 15 օր, որոնցմէ 12-ը Երեւանի, իսկ 3-ը` Գիւմրիի մէջ կ՛անցընեն մասնակիցները: Երիտասարդական հաւաքը պարզ շրջագայութենէ մը կը տարբերի անով, որ երիտասարդները նախ կը ծանօթանան իրարու, ապա առիթը կ՛ունենան, որպէսզի տարբեր վայրերէ, տարբեր մշակոյթներէ, տարբեր հասկացողութիւններով եկած ֆորումականները իրարու հետ հաղորդակցին, կապեր ստեղծեն, եւ այդ կապերը կը շարունակուին մինչեւ կեանքի վերջ: Պարզ շրջագայութենէ մը անդին կ՛ըլլայ նաեւ այն պատճառով, որ ֆորումի մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի մէջ այնպիսի վայրեր, որոնք սովորական շրջագայողի մը համար դժուար է այցելելը: Օրինակ` Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին հետ հանդիպում կ՛ունենան, բանակին այցելութիւն կը կատարեն եւ ուղղակիօրէն զինուորներու հետ շփում կ՛ունենան, թէ` անոնք ինչպէ՞ս կ՛ապրին, ո՞ւր կ՛ապրին, ի՞նչ կ՛ուտեն, նոյնիսկ մարզական դասընթացքներէն մէկ-երկու ձեւ միասին կը կատարեն, միասին կը ճաշեն, Ամերիկեան համալսարան եւ մանկատուն կ՛այցելեն: Մեր նպատակը այն է, որ ուսանողները ծանօթանան Հայաստանին` իր բոլոր երեսներով, որպէսզի ապագային, երբ իրենք մասնագէտներ դառնան, գիտակցին, որ իրենք տալիք ունին իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս: Անոնք շատ մը մարզերու մէջ կրնան օգտակար ըլլալ իրենց հայրենիքին: Փաստօրէն այս 26 տարիներու ընթացքին ունեցած ենք ուսանողներ, որոնք ֆորումի միջոցով ծանօթանալով այդ կառոյցներուն, ապագային վերադարձած են, եւ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան ծիրէն ներս օգնած ու ծառայած է եւ նոյնիսկ ինքն ալ գիտելիքներ սորված է այդ ծրագիրներէն:

Ֆորումի գլխաւոր նպատակը ղեկավարներ պատրաստելն է, այսինքն անոնք, որոնք նախապէս ֆորումական եղած են, հիմա պատասխանատուներ են: Մասնակիցները կը սորվին ծրագրաւորում, կազմակերպչական աշխատանք, ինչպէ՛ս պէտք է ղեկավարել եւ այլ հմտութիւններ: Այսպիսով, հետագային իրենք կը դառնան մեր ապագայ պատասխանատուները:

Ֆորումի ծրագիրի յաջողութենէն մեկնելով` 2015-ին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ե՛ւ արեւմտեան, ե՛ւ արեւելեան թեւերն ու Քանատան նոյն նպատակով կազմակերպեցին նոյն ծրագիրը` «ArtLinks» անունով, բայց` եռօրեայ տեւողութեամբ:

«ArtLinks»-ը ամէն տարի ցամաքամասի մը վրայ, երկրի մը մէջ կ՛իրականացուի: Նոյնպէս, ուսանողները հաւաքելէ բացի, կը հրաւիրուին աշխարհահռչակ սփիւռքահայ արուեստագէտներ. այսպիսով, մասնակիցները առիթը կ՛ունենան մօտէն ճանչնալու եւ հաղորդակցելու այդ արուեստագէտներուն հետ, նաեւ տեղեկանալու եւ օգտուելու անոնց գիտելիքներէն ու մօտեցումներէն:

2017-էն ի վեր նոյնանման ծրագիր մը արդէն իսկ սկսած է Եւրոպայի մէջ: Ինչպէս որ գիտէք, Համազգայինը Եւրոպայի մէջ ալ բաւական լայնատարած վարչութիւններ ունի, բայց տակաւին անոնք սաղմնային վիճակի մէջ են: Այսինքն, ինչպէս որ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն, Եւրոպայի մեր կառոյցները տակաւին այդքան զարգացած չեն: Ակնարկս Եւրոպայի կառոյցի իմաստով այն է, որ մարդուժի տագնապ կայ, հեռաւորութիւն եւ այլ դժուարութիւններ: Ուրեմն Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպել Եւրոպայի տարածքին, որ նորէն կը կայացուի եռօրեայ դրութեամբ եւ կը հետապնդէ երկու նպատակ: Առաջինը` Եւրոպայի հայ երիտասարդութիւնը քով քովի բերել եւ իրարու հետ ծանօթացնել, իսկ երկրորդը` ամէն տարի երկրի մը մէջ կայացնելով` լուսարձակը արձակել այդ գաղութին, այդ երկրին հայկական կեդրոններուն վրայ, որովհետեւ երիտասարդները անտեղեակ են:

Առաջին տարին` 2017-ին, «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպեցինք Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ նշեալ երկրին մէջ Համազգայինը կազմակերպական կառոյց չունի, բայց Վենետիկը մշակոյթի կեդրոն է ու նաեւ հայկական առումով մենք հոն ունինք Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը, Ս. Ղազար կղզին եւ այլն. ուստի երկու տարի շարունակաբար «Youthlinks Europe»-ը կազմակերպեցինք հոն: Հարկ է նշել, որ շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց: Առաջին տարին 9 մասնակից ունեցանք, իսկ երկրորդ տարին` 15, երրորդին համար 30 հոգի արձանագրուած էր, բայց դժբախտաբար «Քորոնա» համավարակին պատճառով չեղեալ նկատուեցաւ հաւաքը:

Այս տարի, «Քորոնա» համավարակէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, բայց հիմնականին մէջ երրորդ տարին է, որ կը կազմակերպուի «Youthlinks Europe»-ը, որ նոյեմբեր 2023-ին կայացաւ Մարսէյի մէջ: Իբրեւ վայր` ընտրեցինք Մարսէյը, որովհետեւ Համազգայինը հոն ունի Ճեմարանը, որ Եւրոպայի միակ ամբողջութեամբ հայկական վարժարանն է` մանկապարտէզէն մինչեւ տասներկրորդ դասարան, ունի ամբողջական աշակերտութիւն: Նաեւ փափաքեցանք, որ կեդրոնացումը Մարսէյի Ճեմարանին վրայ ըլլայ եւ այդպէս ալ եղաւ: Դժբախտաբար, թիւի առումով, սկսանք այն թիւով, որ Վենետիկի մէջ առաջին տարին հաւաքուած էր: Շատեր արձանագրուած էին, բայց երկիր մուտքի այցագրի ուշ ստանալնուն կամ համալսարանական քննութիւններու զուգադիպութեան պատճառով չկրցան մասնակցիլ, բայց եւ այնպէս հաւաքը իրականացաւ 10 հոգիով:

Եւրոպայի երիտասարդական այս տարուան հաւաքին նախկին եութլինքսականներու նիւթական օժանդակութեամբ յաջողեցանք հրաւիրել եւ մասնակից դարձնել ծրագրին երկու արցախցի ուսանողներ, որոնք ներկայիս Հայաստան կ՛ուսանին:

«Youthlinks Europe»-ի թեման ընդհանրապէս Արցախի նուիրուած էր եւ կը նպատակադրէր երիտասարդներուն մէջ այդ յուսահատութիւնը, թէ Արցախը կորսնցուցինք, պատերազմ տեղի ունեցաւ եւ այլ ժխտական մտքեր վերացնել եւ վերածել ապրելու եւ նոր պայքարի ու նպատակի: Ասկէ մեկնելով էր, որ ուզեցինք անպայման Արցախէն մասնակից ունենալ:

Հաւաքին ունեցանք Պոլիսէն, Փարիզէն եւ Մարսէյէն մասնակիցներ, որոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու եւ շրջագայելու Մարսէյի մէջ գործող հայ կեդրոններ` «Արամ արխիւային կեդրոն», «Էտիսիոն փարանթեզ», Մարսէյի Ճեմարան, Պոմոնի հայկական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ այլ վայրեր:

Վերջապէս, Համազգայինը ունի պատանիներու համար «Փեթակ» ծրագիրը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին իւրայատուկ է իր տեսակով: «Փեթակ»-ը տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Ամերիկայի մէջ տասնհինգ օրերու տեւողութեամբ եւ կը ներգրաւէ 12-18 տարեկան պատանիները: Ծրագրին ընթացքին մասնագէտ մանկավարժներու հսկողութեան տակ պատանիները միա՛յն հայերէնով կ՛ունենան տարբեր աշխատանքներ եւ աշխատանոցներ` ըլլան անոնք մշակութային, ձեռային աշխատանք, խաղեր, թէ այլ ծրագիրներ, եւ որովհետեւ այդ շրջանի պատանիները ընդհանրապէս հայախօս չեն, ուրեմն 15 օրերու ընթացքին ամէն ինչ հայերէնով կայանալուն շնորհիւ իրենց մէջ այսպէս ոգեշնչում տեղի կ՛ունենայ:

«Փեթակ»-ը, երիտասարդական միւս հաւաքներու նման, նոյն նպատակները կը հետապնդէ. պատանիները առիթը կ՛ունենան իրարու հետ ծանօթանալու, նորէն «ղեկավարներ» կը պատրաստուին, որովհետեւ երիտասարդներ կը զբաղին այս պատանիներով: Նշեմ, որ «Փեթակ»-ը սկսաւ կազմակերպուելու 2020-ին, եւ որոշած ենք ամէնամեայ դրութեամբ շարունակել զայն` օգոստոսի առաջին տասնհինգ օրերու ընթացքին:

Վերոնշեալ աշխատանքներու կողքին,  երիտասարդութեան լայն շրջանակի մը հասնելու հեռանկարով, 2019-ին հաստատուեցաւ եւ մեկնարկեց «h-pem.com» հայկական մշակութային առցանց բեմը, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէն է: Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ բոլորին, մասնաւորաբար ծնունդով հայ, բայց  ոչ հայախօս երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական ու ստեղծագործական միջոցներով հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին: Լիբանանի տնտեսական տագնապին պատճառով, որուն հետեւանքով յառաջացած նաեւ մարդուժի տագնապին պատճառով, Համազգայինի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը որոշած էր Հ-բեմի աշխատանքները նուազագոյնի իջեցնել: Այժմ նոյն բնոյթի աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն` դանդաղօրէն:

«Ա.».- Այսօր, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, կ՛իրականանայ Հայկազեան համալսարանի եւ Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցաբար հայերէնի ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիր: Նախ ընդարձակ կերպով խօսինք այս ծրագիրին մասին, ապա` Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն շրջանաւարտ թէ այս ծրագիրը ամբողջացուցած մարդուժի տարած աշխատանքին:

Զ. Ք.- Համազգայինի այս ծրագիրը մեր սփիւռքի կրթական իրականութեան մէջ հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ պատրաստելու ամէնէն բեղմնաւոր եւ արդիւնաւէտ ծրագիրն է: Նախ բացատրենք, թէ ի՛նչ է ծրագիրը. այն ուսանողները, որոնք կ՛ուզեն հայոց պատմութեան ուսուցիչ ըլլալ իրենց երկրին մէջ, օրինակի համար` Լիբանանի պարագային, Հայկազեան համալսարանի մէջ կրնան մանկավարժութեան եւ teaching diplom-ի տիրանալ, նաեւ կրնան հայագիտութիւն ուսանիլ եւ BA ունենալ, որուն զուգահեռ անհրաժեշտ է teaching diplom ունենալը, որպէսզի այնուհետեւ այս համաձայնագիրի ծիրէն ներս մեկնին Հայաստան եւ հոն մագիստրոսական ծրագրի հետեւելով` անոր համարժէք մագիստրոսական աստիճան ստանան: Աւարտելէ ետք, առնուազն` եօթնամեայ յանձնառութեամբ մը, կը վերադառնան սփիւռքի տարբեր դպրոցներու մէջ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ ըլլալու նպատակով: Ուսանողութեան տարիներուն Համազգայինը կը հոգայ իրենց կրթական ծախսերը: Հայկազեան համալսարանը յատուկ զեղչ կու տայ այս իմաստով, որուն համար շնորհակալութեան խօսք ունինք իրենց, այնուհետեւ մենք կը հոգանք ուսանողներուն երթեւեկը Հայաստան, կեցութիւնը` բնակարանով եւ առօրեայ ծախսերով, նաեւ կը հոգանք իրենց Երեւանի կրթաթոշակը: Այս իմաստով մենք վճարումներ կը կատարենք Երեւանի համալսարանին` մեր կողմէ ուղարկուած ուսանողներուն համար:

Ուրախ եմ յայտնելու, որ արդէն աւելի քան տասնեակ մը ուսանողներ վերադարձած են սփիւռքի իրենց երկիրները` Լիբանան, Կիպրոս, Եւրոպա թէ այլուր: Անոնք երիտասարդ, նուիրեալ եւ լաւ պատրաստուած ուսուցիչներ են: Այս ծրագիրը կը շարունակուի, հակառակ անոր որ ուսուցչական ասպարէզը վերջերս, յատկապէս` Լիբանանի մէջ, հրապուրիչ չէ, սակայն ուրախ ենք ըսելու, որ միշտ ալ կը գտնենք երիտասարդներ, որոնք նուիրեալ են:

Վերստին կոչ կ՛ուղղենք մեր երիտասարդութեան, որպէսզի մտածեն այս ուղղութեամբ, եւ սփիւռքը օժտուի որակաւոր ուսուցիչներով: Այս ծրագիրը ինքզինք հաստատած, ինքզինք ապացուցած ծրագիր է, մենք շատ լաւ արձագանգներ կը ստանանք ե՛ւ աշակերտներէ, ե՛ւ ծնողներէ, որոնց հետ կապի մէջ ենք: Այս երիտասարդ ուսուցիչները իսկապէս թարմ արիւն կը հաղորդեն հայկական դպրոցներու համապատասխան դասապահերու ծրագիրներու իրագործման:

Նաեւ զուգահեռաբար ունինք տնօրէն պատրաստելու` դպրոցական վարչագիտութեան մէջ մասնագիտացման ծրագիրը, եւ անոնք, որոնք այս ուղղութեամբ կը մտածեն կրնան դիմել մեզի: Տարբերութիւնը այն է, որ պէտք է ենթական BA ունենայ, որովհետեւ երկու տարի Հայկազեան համալսարանի մէջ մագիստրոսական ծրագրին պիտի հետեւի եւ ստանայ մագիստրոսի աստիճան: Այս ծրագիրը կը հովանաւորէ Կեդրոնական վարչութիւնը: Վերջերս մենք նաեւ մեր շրջաններուն ուշադրութեան յանձնեցինք, որ պատրաստ ենք օժանդակելու գեղարուեստի` թատրերգութեան, պարարուեստի, երաժշտական ղեկավարներ պատրաստելու աշխատանքին: Եթէ այս իմաստով թեկնածուներ գտնուին շրջաններէն ներս, Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստ է ուսուցչական եւ տնօրինական ծրագրին զուգահեռ,  հովանաւորելու անոնց ուսումնառութիւնը հայրենիքի մէջ, որպէսզի մենք նաեւ սփիւռքահայ պարուսոյցներ, դերասաններ, բեմադրիչներ եւ այլ մարզերու մասնագէտներ ունենանք: Այս մէկը իբրեւ յաւելում` նախապէս սկսած այս ծրագրին:

«Ա.».- Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, ողջունելի է տեսնել, հայերէն գիրքերու կողքին, Արցախի նուիրուած ալպոմի մը: Գիրքերէ հեռացող այսօրուան աշխարհին մէջ ինչո՞ւ նման քայլեր կարեւոր են:

Զ. Ք.- Համացանցը եւ համացանցային ընթերցանութիւնը իր տեղը ունի, իսկ շօշափելի գիրքով կարդալու հաճոյքը անփոխարինելի է: Այս իմաստով, մենք կը գտնուինք հրատարակչական նոր շարքի մը նախաշեմին, արդէն իսկ ահաւասիկ Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ հայ թատրոնի մեծագոյն դէմքերէն Սօս Սարգսեանի նուիրուած Սերգէյ Առաքելեանի «Նահապետ» խորագրով հատորը, որուն  շնորհահանդէսը վերջերս տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ:

Զուգահեռաբար կը շարունակուին մեր հրատարակութիւնները, շատ շուտով տխուր, բայց կարեւոր գիրք մը լոյս կը տեսնէ, որուն վերնագիրն է «Արցախ` վտանգուած ժառանգութիւն», որ կ՛ընդգրկէ այս վերջին պատերազմէն ետք մեր կորսնցուցած Շուշիի, Հադրութի եւ այդ տարածքին մէջ գտնուող մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը, որ պատրաստուած է Սամուէլ Կարապետեանի Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին կողմէ: Այժմ այս ուղղութեամբ կը համագործակցինք նոյն հաստատութեան մէջ մասնագէտ Րաֆֆի Գորթոշեանի հետ: Գիրքը եռալեզու պիտի ըլլայ. յայտնեմ, որ նոյնիսկ պատրաստ էր ան, սակայն երբ կորսնցուցինք ամբողջ Արցախը, Արցախի կորուստով կորսնցուցինք նաեւ, օրինակի համար, Ամարասի եւ Գանձասարի նման արժէքաւոր կոթողներ, որոնք մնացին թշնամիի վերահսկողութեան տակ: Հետեւաբար անմիջապէս որոշեցինք, որ այս հատորը դարձնենք երկհատորեակի եւ արդէն իսկ երկրորդ հատորի պատրաստութեան աշխատանքը սկսած է, եւ տարի մը ետք պիտի ունենանք երկհատորը:

Այնուհետեւ Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին հետ միասին այլ հրատարակութեամբ մը լոյս պիտի տեսնէ մշակոյթի եւ կրթութեան յատուկ փաստաթուղթեր: Արխիւագէտ Գոհար Աւագեանի աշխատասիրութեամբ, պիտի հրատարակուին Մատենադարանի շարք մը կարեւոր արցախեան փաստաթուղթեր, որոնք առհաւատչեայ են, թէ այդ բոլորը հայկական են: Մատենադարանի արխիւներէն առնուած այդ փաստաթուղթերը եւս լոյս պիտի տեսնեն եռահատորով, պիտի ըլլան պատմակշիռ ու մասնայատուկ կերպով ուղղուած գիտական ու քաղաքական շրջանակներու, լի` փաստացի տուեալներով, հարուստ` յատկապէս մշակութային եւ կրթական նիւթերով:

Անշուշտ կը շարունակուին «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրատարակութիւնները: Պէտք է ըսել, որ  Համազգայինը ցարդ լոյս ընծայած է բազմահազար գիրքեր եւ այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ, հակառակ անոր որ ընթերցանութեան պահանջարկը կը նուազի, սակայն կը կրկնեմ, որ հակառակ այդ բոլորին` մենք պիտի շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր, որովհետեւ կը հաւատանք, որ թուայնացուած ընթերցանութիւնը   երբեւէ չի փոխարիներ շօշափելի գիրքը:

Բայց եւ այնպէս կը փորձենք քայլ պահել ժամանակին հետ եւ այս պատճառով ունինք Համազգայինի «Ե-գրադարան»-ը, որուն ընդմէջէն գիրքերը թուայնացած տարբերակով հասանելի կ՛ըլլան երիտասարդութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան: Հոս եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութեամբ յիշել, որ շնորհիւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան բարեշնորհութեան` կը թուայնացուին բազմաթիւ գիրքեր ու այսպիսով հարուստ եւ բովանդակալից կը դառնայ Համազգայինի «Ե-գրադարան»-ը:

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Comments are closed.