Համազգայինի Գեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղի դասախօսական ձեռնարկ
Կազմակերպուջեամբ Համազգայինի Գեմպրիճի «Տաթեւ» մասնաճիւղին, Կիրակ, 28 Ապրիլ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։30-ին, Գեմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւդասախօսական ձեռնարկ, որուն բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգով, ապա օրուան հանդիսավար Ազիկ Գէորգեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Արցախեան պատերազմի նահատակներուն եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած համազգայնական ննջեցեալներուն։
Հանդիսավարը Համազգայինի վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց սուղ ժամերը տրամադրելով եկած են ձեռնարկը քաջալերելու։ Ան իր խօսքը աւարտեց Խաչատուր Աբովեանի բանաստեղծութեամբ.
«Ախ լեզուն, լեզուն որ չըլլի մարդ ինչի նման կ’ըլլի,
Ազգը պահողը, իրար միացնողը լեզուն է ու հաւատքը.
Լեզուդ փոխիր, հաւատքդ ուրացիր, ալ ինչո՞վ
կարես ասել դուն որ ազգից ես․․․»:
Գեղարուեստական յայտագրով Սեւան Ճուլհայեան ասմունքեց «Հայ Լեզու»ն, որմէ ետք Պօղոս Քեսապլեան մեկնաբանեց «Ով Մեծասքանչ դու Լեզու» երգը։
Գէորգեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս, գաղութիս հովիւ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Ծ․ Վ․ Քիւսպէքեան, ներկայացնելու օրուան թեման՝ «Լեզու, լեզուամտածողութիւն եւ ազգային ինքնութիւն»։
Հայր Սուրբը, նախ նշեց, որ Համազգայինը շատ կարեւոր դեր կը կատարէ այսպիսի նիւթեր արծարծելով, որպէսզի հարստանայ մեր մտային կարողութիւնը, ապա համապարփակ ձեւով անդրադարձաւ ազգի մը գոյատեւման եւ զարգացման գործընթացին մէջ լեզուին ունեցած հիմնական դերակատարութեան, մէջբերումներ ըրաւ հայ լիզուի մասնագէտներու, բանաստեղծներու, ընկերաբաններու կողմէ կատարուած հաստատումներու, որոնք բացատրած են լեզուի առանցքային կարեւորութիւնը ազգի մը գոյատեւման, եւ կատարած՝ ախտաճանաչումներ, նաեւ օտար լեզուաբաններէ՝ ինչպէս Ճաշուա Ֆիշըրէն։
Ան անդրադարձաւ Սիլվա Կապուտիկեանի «խօսք իմ որդուս» քերթուածին, որ կ’ըսէ. «թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս». հոս կը շեշտէ լեզուի կարեւորութեան գերազանցումին նոյնիսկ հարազատ մօր։
Բանախօսը հետեւեալ կէտերուն անդրադարձաւ.
Լեզու եւ ազգային ինքնութիւն. կարելի չէ բաժել լեզուն եւ ազգը իրարմէ, Յովհաննէս Քաջազնունի կ’ըսէ. «Կարելի է ասել, որ հայ ազգը ծնունդ առաւ այն ժամանակ, երբ Սահակ ու Մեսրոպ Մաշտոց կազմեցին այբուբենը, եւ երբ առաջին թարգմանիչները թարգմանեցին Սուրբ գիրքը։ Ազգը կենդանի է իր լեզուով, իսկ լեզուն կենդանի է ազգին կենդանի ըլլալու չափանիշով, լեզուի մահը ազգին մահն է»։
Լեզուն. ժողովուրդի մը մշակոյթին հիմքն է, ազգի մը ինքզինք արտայայտելու միջոցը, ան իր մէջ կը կրէ ժողովուրդի մը լեզուամտածողութիւնը, ապրումները կենցաղավարութիւնը, ասոյթները, երգերն ու աղօթքները, իւրաքանչիւր բառ իր ետին ունի պատմութիւն մը։ Հոս մէջբերեց, Ճաշուա ֆիշըրի հետեւեալ ախտաճանաչումը. «Լեզուն պահելը պէտք չէ վստահիլ միայն դպրոցներուն, այլ ծնողներուն պարտականութիւնն է խօսիլ իրենց մայր լեզուն, եւ իրենց զաւակներուն վարժեցնել առօրեայ մայրենի լեզուի գործածութիւնը», ապա յայտնեց, որ կարելի չէ պարտադրել լեզուն խօսիլ, այլ ձեւեր գտնել, որ մանուկներ եւ երիտասարդներ սիրելով խօսին հայերէնը։ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, կը թելադրէ ծնողներուն «Կենդանի պահել հայ լեզուն տան մէջ եւ ոչ թէ գիրքերուն, լեզուին կեանք տալ ամէն առիթով եւ զանազան տեսակի գործածութեամբ մեր ընկերային կեանքին մէջ»։
Հայր Գեղարդ անդրադարձաւ նաեւ Գանատայի համայնքներու «բարդոյթներէն» մէկուն՝ որն է անգլերէն խօսիլ՝ մոռնալով հայերէնը. այս կարծեցեալ «խելացութիւնը» պատճառ կը դառնայ հայերէն լեզուի նահանջին։
Բազմալեզուութեան առաւելութիւններուն անդրադառնալով ըսաւ, որ բազմալեզու ըլլալը մեծ առաւելութիւն ունի ընկերային կեանքին մէջ, բայց պայման է պահել մայրենի լեզուն։ Հոգեբաններ կը հաստատեն, թէ բազմալեզու անձիք օժտուած կ’ըլլան բարդ հարցեր լուծելու ունակութեամբ։
Լեզուամտածողութիւն. լեզուն իր մէջ ունի հսկայ մշակութային պաշար, պատմութիւն, լեզուն կեանքը հասկնալու եւ արտայայտելու միջոցն է։ Որեւէ թարգմանութիւն կատարելու ժամանակ պէտք է հայացնել զայն՝ հասկնալի ըլլալու համար։ Նելսոն Մանտելլա կ’ըսէ. «Երբ մէկուն հետ կը խօսիս իր սորված լեզուն, անոր մտքին կը խօսիս, իսկ երբ կը խօսիս իր մայրենի լեզուով, անոր սրտին կը խօսիս»։
Ի վերջոյ, Հայր Գեղարդ մաղթեց, որ հայերէնը ըլլայ մեր սրտի լեզուն եւ կատարեց հետեւեալ հարցադրումները.
– Ո՞րն է բարկութեան լեզուդ:
– Ո՞րն է սիրոյ լեզուդ:
– Ո՞րն է զուարթախօսութեան լեզուդ:
– Ո՞րն է աղօթքի լեզուդ:
Ան կատարեց հետեւեալ գործնական առաջարկները, կանգուն պահելու մայրենի հայերէնը.
– Տան մէջ հայերէնը դարձնել առօրեայ լեզու։
– Մեր զաւակներուն գիրք կարդալ, սորվեցնել աղօթք, երգ, ասմունք։
– Օգտագործել ելեկտրոնային աղբիւրներ, որոնք դիւրամատչելի են։
Ապա դասախօսութիւնը աւարտեց այս տողերով. «Ձեզ եմ ասում, ձե՛զ, հայոց նորահաս երիտասարդներ, ձեր արեւին մեռնեմ ձեր անունին ղուրպան, տասը լեզու սորվեցէք, բայց ձեր լեզուն կանգուն պահեցէք»։
Ձեռնարկի աւարտին Հայր Սուրբին փոխանցուեցաւ Համազգայինի վարչութեան կողմէ երախտագիտական յուշանուէր մը, ձեռամբ Սալբի Քէլէշեանի, որմէ ետք Հայր Սուրբը «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը։
Սալբի Քէլէշեան
Comments are closed.