Հալէպի Մէջ Անօթեւան Մնացած 60 Հայ Կայ
Աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած տասը հայերէն ութը արդէն դուրս ելած են հիւանդանոցներէն, երկուքը՝ կը շարունակեն բուժուիլ։ Այս մասին, ըստ NEWS.am–ի, ըսած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
«Ծանր վիրաւորները չորս հոգի էին, անոնք վիրահատուած են։ Երկուքը՝ զոհուած մայր ու որդի Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեաններուն հարազատներն են՝ ամուսինն ու դուստրը, որոնք կը շարունակեն բուժումը հիւանդանոցի մէջ»,- յայտնած է Զարմիկ Պօղիկեան։
Անոր տեղեկութիւններով՝ Հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը անօթեւան մնացած մարդոց տրամադրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահը, որ օժտուած է ամէն տեսակի յարմարութիւններով։ «Ներկայ պահուն Հալէպի մէջ ունինք անօթեւան մնացած 60 հայ, որոնք չեն կրնար վերադառնալ իրենց բնակարանները։ Համապատասխան մասնագէտներու ստուգէն ետք՝ պարզուած է, որ շէնքերը կրնան փլիլ, բնակելու համար վտանգաւոր է։ Թէ՛ Հալէպի մէջ, թէ՛ Լաթաքիոյ ունինք մեծաթիւ բնակարաններ, որոնք վնասուած են եւ վերանորոգման կարիք ունին։ Մասնագէտները կը շրջին բնակարան առ բնակարան, Հալէպի մէջ ստուգած են 500 բնակարան, այն մարդիկ, որոնց բնակարաններուն փլուզման վտանգ չ՝սպառնար, կը վերադառնան իրենց տուները։ Արդէն 180-ը վերադարձած են, բայց տուները նորոգման կարիք ունին։ Իսկ այն մարդիկ, որոնց բնակարանները ենթակայ են փլուզման, կը մնան մեր ապաստարաններուն մէջ, մինչեւ իրենց տուն տրամադրուի»,- ըսած է Զարմիկ Պօղիկեան։
Եկրաշարժին հետեւանքով Սուրիոյ մէջ զոհուած է երկու հայ՝ մայր ու որդի Միրնա եւ Ալպէր Թէնէքէճեանները, որոնք քանի մը օր առաջ յուղարկաւորուած են։ Ըստ Պօղիկեանի՝ տուեալ չկայ անհետ կորածներու մասին։ Փետրուար 8-էն Սուրիա մեկնած հայ փրկարարները փլատակներէն դուրս հանած են 8 անշնչացած մարմին։
«Հայ փրկարարները արաբաբնակ Շահար շրջանին մէջ կը մասնակցէին որոնողափրկարարական աշխատանանքերուն։ 3 օրուան ընթացքին դուրս հանեցին 8 մարդու աճիւն։ Անոնք արդէն վերադարձած են Հայաստան։ Ի դէպ, երեկ արդէն Սուրիոյ Կառավարութիւնը դադրեցուցած է որոնողափրկարարական աշխատանանքերը։ Վերջին երկու օրերուն արդէն ողջ մարդիկ չէին հանուած, դժբախտաբար բոլորը արդէն անշնչացած մարմիններ էին»,- պատմած է Զարմիկ Պօղիկեան։
Ըստ անոր՝ աւերիչ երկրաշարժին յաջորդած երկու օրերուն արձանագրուած յետցնցումներուն հետեւանքով աւերածութիւնները շարունակուած են։
«Որովհետեւ խարխլուած շէնքեր կային, փլատակներ կային, որ կիսաքանդ էին եւ կը շարունակուէին քանդուիլ։ Առաջին օրերուն բնակարաններ վերադառնալը վտանգաւոր էր, բոլորը, նաեւ՝ մենք, երկրաշարժին յաջորդող երեք օրերուն կը գիշերէինք հայկական կազմակերպութիւններու մէջ։ Մարդիկ սարսափի մէջ էին, չէին ուզեր բնակարաններու մէջ գիշերել։ Ներկայիս յետցնցումները կը շարունակուին, բայց վտանգ չկայ, յոյսով ենք ուժեղ ցնցումներ այլեւս չեն ըլլար»,- ըսած է Զարմիկ Պօղիկեան։