Կռփամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Անի Յովսէփեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անի Յովսէփեան 70 քկ դասակարգի մրցումներու աւարտականին մրցեցաւ իրլանտացի Քրիսթինա Տեսմոնտի դէմ, արձանագրելով 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Այսպիսով, ան հայկական կռփամարտի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ առաջին կին մարզիկը, որ կը հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.