Կոչ. Ջաւախքի հետ Ջաւախքի համար

Սիրելի Հայրենակիցներ.

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» Հիմնադրամի յանձնախումբը, լաւատեղեակ ըլլալով Ջաւախքի լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցերուն եւ լաւապէս ըմբռնելով ջաւախքահայութեան կարեւորութիւնը, Մայիս ամիսը հռչակած է «Ջաւախքի ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին մեր թերթերու, ընկերային ցանցերու եւ հեռատեսիլի ճամբով ձեզի պիտի ներկայացուին ՀՕՄ-ի հովանաւորած երեք երիտասարդական կեդրոններուն եւ Ախալքալաքի TUMO-ի ծրագիրներուն սատար հանդիսանալու կարեւորութիւնը:

ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած պէտք է մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:

ՀՕՄ-ը կը հաւատայ նաեւ, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, ազգային դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: Սակայն, այս բոլորը կը կարօտին նիւթական մեծ նպաստի:

Ուստի, ձեզի կը դիմենք, որպէսզի նշանակալից հանգանակութեամբ սատարէք այս կեդրոններուն պահպանման եւ զարգացման:

Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցիլը ազգային անյետաձգելի պարտականութիւն մըն է:

Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ www.ars-canada.ca

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Javakhk fund-ը

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Ջաւախքի Օժանդակութեան (Aid to Javakhk), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:

ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

 

Comments are closed.