Կիրանց Տանող Ճամբան Ոստիկանութեան Կողմէ Փակուեցաւ՝ Ականազերծման Պատրուակով
1 Մայիսին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց, որ Կիրանցի հատուածին մէջ կան սահմանազատման ենթակայ 11 կէտեր: «Առաջիկայ օրերին կը սկսեն այն հատուածի սահմանազատումը, որը չի վիճարկւում, իսկ միւս 3 կէտերի շուրջ լուծումներ կը փնտռեն», ըսաւ ան:
2 Մայիսի կանուխ առաւօտեան ժամը 6ի շուրջ, ոստիկանութեան մեծաթիւ ուժեր յայտնուեցան Կիրանց գիւղին մէջ, ուր բիրտ ուժ կիրարկելով՝ ձերբակալեցին արդէն երկու շաբաթներէ ի վեր ճամբան փակած բնակիչները, որոնց կարգին՝ անչափահասներ: Ականատեսները պատմեցին, որ ծեծելով ձերբակալեցին զանոնք: Աւելի ուշ տարածուեցաւ տարածքը տեսանկարահանող տեսագրութիւն մը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Կիրանցի մէջ սեւ «բերետաւոր»ները (գլխարկաւորները) բիրտ ուժով կը ձերբակալեն գիւղացիները եւ վայրկեաններ ետք բարձր տրամադրութեամբ զիրար կ՛ողջագուրեն:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը այս գծով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ նշելով, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ականազերծման աշխատանքներ կը կատարէ Կիրանց-Խէյրիմլի հատուածին մէջ, այդ նպատակով է որ ճամբաները փակեցին:
Կիրանցի վարչական ղեկավար Կամօ Շահինեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ոստիկանները ձերբակալեցին հերթապահութիւն կատարող տղաքը, որպէսզի սահմանազատման նախորդող ականազերծման սկսին:
Որոշ ժամանակ ետք կիրանցի ազատ արձակուած բնակիչներուն արգիլուեցաւ գիւղը մտնել: Իջեւանէն գիւղ տանող ճամբան փակ էր. քանի մը տասնեակ ոստիկաններ՝ պատ կազմած, միայն գիւղին մէջ արձանագրուած բնակիչներուն առիթ տուին մտնել գիւղը, միւս անձերուն, նոյնիսկ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստեանին եւ պատգամաւորներուն մուտքը արգիլուեցաւ:
«Ոստիկանները այս պահին ուղեկցում են մեզ, որ չկարողանանք գնալ գիւղ, չգիտեմ ինչու: Հիմա անտառով ոտքով բարձրանում ենք, բայց փոխոստիկանապետը, մարզային վարչութեան պետն ու 25-30 ոստիկան շրջապատել են մեզ անտառում ու չեն թողնում գնանք», ըսաւ Բագրատ սրբազանը, որ՝ խօսելով կանուխ առաւօտէն բնակիչներուն նկատմամբ գործադրուած բռնութեան մասին՝ յայտնեց. «Չակերտաւոր ականազերծման հիմնաւորմամբ են բռնի ուժ կիրառել բնակիչների նկատմամբ, ես ժամը 4-4:30-ի հատուածում դուրս եմ եկել գիւղից ու դրանից յետոյ գործողութիւններ են սկսուել գիւղի վերին հատուածում: Տղաներին տեսել եմ, իրենք ոչինչ չեն ասում, չեն ուզում բժշկի գնալ, ոստիկաններն էլ հերքում են, մերժում են, բայց յստակ կերպով սեւ բերետաւորները վերադարձել են վրէժի զգացումով, չգիտեմ՝ ինչ ենք արել իրենց անցած օրը: Այս պահին փորձում ենք գիւղ այցելել, բայց խոչընդոտում են մեզ»:
Աւելի ուշ՝ Բագրատ սրբազան նստաւ դէպի Կիրանց գիւղ տանող ճամբուն կեդրոնը՝ նշելով, որ առանձինը փակած է միջպետական ճամբան եւ աւելցնելով, թէ կ՛ամչնայ հայ ոստիկաններուն համար:
Գիւղի մուտքին կը գտնուին նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները: Գառնիկ Դանիէլեան, որ ծնունդով Տաւուշէն է, բերաւ քանի մը տասնեակ սեփականութեան վկայականներ՝ պնդելով, որ սահմանազատման պատճառով գիւղացիները իրենց ունեցուածքը պիտի կորսնցնեն, սահմանը այդ տուներուն, մասնաւոր ունեցուածքի մէջէն կ՛անցնի:
Փաշինեան 1 Մայիսի իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ գիւղացիներուն բոլոր մտահոգութիւնները նկատի պիտի առնուին, թէ խնդրայարոյց, վիճայարոյց երեք կէտերու սահմանագծումը չէ սկսած տակաւին: Մինչդեռ պատգամաւորները եւ Բագրատ սրբազանը վստահ են, որ Փաշինեան կը ստէ. անոնք նախկին օրինակներ տուին:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, հակադարձելով Փաշինեանի հարցազրոյցին՝ դիտել տուաւ, որ այս իրավիճակը ոչ թէ կայունութիւն կը բերէ տարածաշրջանին, այլ՝ ճիշդ հակառակը: Մասնաւորաբար, ըստ անոր, այս վայրին մէջ սահմանագծում, սահմանազատում իրականացնելով՝ այս շրջանը պիտի վերածուի սադրանքներու նոր աղբիւրի մը, որովհետեւ Ատրպէյճանի զօրքերը պիտի մօտենան հայկական բնակավայրերուն:
«Արդէն յոգնեցուցիչ է դարձել էդ խաղաղութեան ձեւակերպումը, նորից է բերում, նոր ագրեսիայի (յարձակման) հիմք է ստեղծում: Ինքը լեգիտիմացրեց (օրինականացուց) Ադրբեջանի վաղուայ հաւանական ագրեսիայի ցանկացած դրսեւորում: Մարդը, ինքը, Ալեն Սիմոնեանը եւ այլն, այս դիրքերում կանգնած տղերքին ագրեսոր (յարձակող) են յայտարարել՝ ցանկացած պահի վտանգելով էս տղերքին, որովհետեւ յայտարարելով, որ այս, այս, այս հատուածները Ադրբեջանի ենթակայութեան տակ է, ուրեմն՝ մեր դիրքը ի՞նչ գործ ունի էնտեղ, նշանակում է՝ տուեցին լեգիտիմ հնարաւորութիւն՝ ամէն րոպէ, Աստուած մի արասցէ, վտանգի տակ դնել էդ տղաներին», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Մանուկեան:
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» նախաձեռնութիւնը երեկոյեան յայտարարութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, որ շուրջ մէկ ժամ ընդհատուեցաւ Կիրանց գիւղի ելեկտրականութիւնը: Այս մասին յայտնեց Տաւուշի մարզի բնակիչ Կարէն Ղազարեան: «Գիւղի բնակիչները կարծում են, որ դա արւում է միտումնաւոր՝ մարդկանց վրայ հոգեբանական ճնշում գործադրելու նպատակով», կը նշուի վերոյիշեալ յայտարարութեան մէջ:
Comments are closed.