Կը Շարունակուին Հայ Օգնութեան Միութեան Աշխատանքները՝ Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

Լիբանանի մէջ, Հոկտեմբեր 2019ին սկիզբ առած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին օր ըստ օրէ վատթարացող անկայուն առողջապահական եւ ընկերային կացութեան ու լիբանանեան թղթոսկիին արձանագրած նահանջին հետեւանքով, Լիբանանցի քաղաքացին այսօր կը գտնուի մութ անորոշութեան մէջ։ Առաւելաբար, 4 Օգոստոս 2020ի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր պայթումէն ամիսներ ետք, հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին կը դիմագրաւեն կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), Լիբանանի տագնապին սկզբնական օրէն ի վեր, իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ ի նպաստ լիբանանահայութեան օժանդակութեան։ 2020 տարուան ընթացքին սկիզբ առած մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրները Լիբանանի մէջ տակաւին կը շարունակուին մեծ թափով՝ ի պատիւ ՀՕՄի համակիրներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն եւ ՀՕՄի միաւորներուն ճիգերուն։ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը (ԼՕԽ) ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան հետ աշխատանքները համադրելով՝ ճիգ չի խնայեր ձեռք երկարելու տասնամեակներ շարունակ հայութեան բաբախող սիրտը եղած լիբանանահայ գաղութին։

PR014_ IMG 3

Առաջին հերթին, 8000 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ 100 կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէնի տուփեր բաժնուեցան ԼՕԽին կողմԷ։ Իսկ, յաջորդող ամիսներուն, «Քորոնա» ժահրին եւ 4 Օգոստոսի պայթումին հետեւանքով, շաբաթական 200 բաժինի փոխարէն 1600 բաժին տաք ճաշ սկսաւ տրամադրուիլ կարիքաւոր պարագաներու։ Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, ընդհանուր 224,426 ամերիկեան տոլար յատկացուած է սոյն ծրագիրին։

Սղաճին հետեւանքով, առօրեայ այլ կարիքներու պէտքը բնականաբար աւելի զգալի եղած է։ Պայթումէն ետք, երկրին մէջ ժահրին տարածումը անխուսափելի էր, իսկ մաքրութեան պիտոյքներու եւ հականեխիչ հեղուկներու կարիքը՝ մեծ։ Հետեւաբար, 3000 ընտանիքներ ստացան մաքրութեան իրեր ընդհանուր 28,522 ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ։ Իսկ ձմրան ամիսներուն, 11,000 արժողութեամբ ծածկոյթներ բաժնուեցան ընտանիքներու։

 

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքով, երեք հանգրուանով առաքուեցան անմիջական օժանդակութեան իրեր եւ դեղորայք, որոնք օգտակար եղան ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի այցելուները խնամելու համար։ 300 մանուկներ ստացան կաթ եւ շոր, իսկ 310 տարեցներ օգտուեցան կենցաղային իրերէ։ Մարտ 2020-Փետրուար 2021, ՀՕՄի Լիբանանահայութեան Շտապ Օժանդակութեան ֆոնտէն 126,985 տրամադրուած է ընդհանուր 3151 պարագաներու դեղորայքի, շտապ օգնութեան, բժշկական, ընկերային եւ հիւանդանոցային ու տարրալուծարանի քննութիւններու կարիքներուն հասնելու համար։

Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն վնասներ կրած հայորդիներուն աջակցելու նպատակով, Լիբանանի մէջ կազմուած է ԿԱՄՔը (Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին), որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ԼՕԽը։ ԼՕԽի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ 2978 պարագաներու մատուցուած են «Քորոնա» ժահրի քննութիւններ, որոնց ընդհանուր գումարը կը հաշուէ 27,917 տոլար։ Նոր տարուան շրջանին, ԿԱՄՔի ճամբով եւ ԼՕԽի 90,000 տոլարի մասնակցութեամբ, 5200 ուտեստեղէնի տուփեր պատրաստուեցան եւ բաշխուեցան հայ ընտանիքներու։ Առաւելաբար, ՀՕՄուհիներու մասնակցութեամբ, բնակարանային այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան Պէյրութի պայթումէն վնասներ կրած ընտանիքներուն։ Անոնց բնակարանային պէտքերը քննելէ ետք, ցարդ 33,000ով ՀՕՄը իր մասնակցութիւնը բերած է 180 ընտանիքներու նիւթական յատկացումներ կատարելու եւ/կամ տնային գործիքներ գնելու համար։

PR014_ IMG 8

Նկատի ունենալով Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, որուն պատճառով բազմաթիւ հայ ընտանիքներու եկամուտը նուազած կամ դժբախտաբար բոլորովին չքացած է, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելով Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի դերը հայեցի դաստիարակութեան գործունէութեան մէջ, Կեդրոնական վարչութիւնը 25,000 ամերիկեան տոլար տրամադրեց Մ․ եւ Հ․ Արսլանեան Ճեմարանի ՀՕՄի Նորսիկեան մանկապարտէզին։

Լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան կարիքը, այսօր աւելի քան երբեք զգալի է Լիբանանահայ գաղութին մէջ, որ գոյատեւման խիստ խոչընդոտներ կը դիմագրաւէ։ Երախտապարտ ենք ՀՕՄի բոլոր համակիրներուն, նուիրատուներուն եւ միաւորներուն, որոնց ներդրումը այս դժուար պայմաններուն մէջ առիթը կ՛ընծայէ գործադրելու բարեսիրական ծրագիրներ, թիկունք կանգնելով Սփիւռքի անդրանիկ եւ հայահոծ գաղութի մեր հայրենակիցներուն։

Նուիրատուութիւններու համար կարելի է այցելել https://ars1910.org/4lebanon կայքէջը:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է 1910ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Անիկա ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հոգայ հայ ժողովուրդի մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգի մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.