Կը մերժե՛նք բանակցութիւններ վարել` վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը. Արամ Ա. Վեհափառ
Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը «Միասնական Ո՛չ Հողային Զիջումներու» կարգախօսով Պէյրութի մէջ կայացած ժողովրդային հաւաքի ընթացքին։
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Հաւաքուած էք ձեր հաւաքական մտահոգութիւնները, սպասումները եւ տեսակէտները արտայայտելու` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Հայաստանը յուզող խնդիրներուն, մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ: Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք ձեզ: Բարձր կը գնահատենք Լիբանանի հայութեան մարտունակ ու հայրենանուէր կեցուածքը:
Ծանօթ է բոլորին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին` ոչ սոսկ խօսքով, այլ` գործով, ամբողջական նուիրումով ու գիտակից յանձնառութեամբ: Մեր Սուրբ Աթոռը մեր ազգին ու հայրենիքին արժէքները ու իտէալները ամէն բանէ վեր նկատելու նախանձախնդրութենէն մղուած, ինչպէս գիտէք, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը դիմագրաւող խնդիրներուն ու տագնապներուն նկատմամբ իր տեսակէտները ու առաջարկութիւնները համապարփակ, յստակ ու հետեւողական կերպով պարզած է: Եւ, աւելի՛ն, բազմիցս առիթներով, պետական, միջեկեղեցական ու միջկրօնական հանդիպումներու ընթացքին Մենք փոխանցած ենք մեր մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, իրենց աջակցութեան դիմած:
Փաստացի իրողութիւն է, որ Հայաստանը կ՛ապրի ճակատագրական օրեր: Հայաստանը շրջապատուած է ահաւոր տագնապներով: Հայրենիքէն ներս ներքին բեւեռացումներ սկսած են աւելի սրիլ, եւ ճեղքերը` աւելի խորանալ: Այս կացութեան դիմաց, Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը, դժբախտաբար, կը շարունակէ քալել յառաջ` ճշդուած օրակարգի մը համաձայն, առանց ականջալուր ու ականատես ըլլալու իր նկատմամբ կազմաւորուած զօրեղ ընդդիմութեան` թէ՛ հայրենիքէն եւ թէ՛ սփիւռքէն ներս:
Հայրենիքը դիմագրաւող տագնապներուն նկատմամբ մեր եկեղեցին պատմութեան ընթացքին լուռ չէ մնացած: Այսօր եւս պէտք չէ լուռ մնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր վեհափառ հայրապետով, միաբանութեամբ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեամբ, իր թեմերով ու ժողովուրդով հաւաքական ու հետեւողական նոյն կեցուածքը որդեգրած է ու պիտի շարունակէ նոյն ոգիով:
Արդարեւ, մենք չենք կրնար լուռ մնալ, երբ մէկ կողմէն Թուրքիան իր նախագահին ճամբով կը յայտարարէ, թէ ինք Հայաստանի հետ հարց չունի, խնդիրը սփիւռքին հետ է. եւ միւս կողմէ` Ազրպէյճանի նախագահը իր կարգին կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան գծով բանակցութիւնները կ՛ընթանան Ազրպէյճանի կողմէ ճշդուած ծրագրին համաձայն: Սա ի՞նչ կը նշանակէ… Կը խորհինք, թէ այս երեւոյթը մեկնաբանութեան չի կարօտիր. փաստօրէն Հայաստանը զիջողի ընթացքի մէջ է: Սակայն, մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր…
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ իշխանութիւնները գնայուն են, մնայունը հայրենիքն է: Հայ եկեղեցին հայրենիքին հետ է, անոր գերագոյն ու ընդհանրական շահերուն հետ է: Հետեւաբար, երբ հայրենիքը վտանգի մէջ է, եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ պէտք է ըլլայ: Ա՛յս կը յուշէ մեզի մեր դարաւոր պատմութիւնը: Այ՛ս կը թելադրէ Հայ եկեղեցւոյ կոչումը:
Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` բոլոր պայմաններուն մէջ Մենք եղած ենք ժողովուրդի կողքին, միշտ նախանձախնդիր ու խստապահանջ` հայրենիքին առնչուած խնդիրներուն նկատմամբ: Անցնող տարիներուն Երեւանի մէջ Մենք դատապարտած ենք արտագաղթը եւ փտածութիւնն ու բարոյական արժէքներու անկումը: Անհրաժեշտութեան պարագային, նո՛յնը պիտի ընենք, երբ ականատես ըլլանք յոռի երեւոյթներո՛ւ:
Այսօր Հայաստանը անդունդի եզրին է: Այս վտանգալից կացութենէն մեկնած, ապրիլ 24-ին առիթով կոչ ուղղեցինք մեր ժողովուրդին` ըսելով. «Արթո՛ւն եղիր, ժողովո՛ւրդ հայոց: Կովկասէն ներս համաթուրանական նոր դաշնակցութեան մը կազմաւորումով Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը փորձեն իրենց օղակին մէջ խեղդել Հայաստանը: Հայաստանի ցեղասպան դրացիները խաղաղութեան հաստատման համար նախապայմաններ դնելով` փաստօրէն կը սպառնան Հայաստանի ամբողջականութեան ու անվտանգութեան, նո՛յնիսկ` գոյութեան»…
Հայաստանի իշխանութեան ուղղելով Մեր խօսքը` ըսինք. «Մենք կը մերժե՛նք տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համար բանակցութիւններ վարել` վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
«Մենք կը մերժե՛նք ուրիշներուն ենթակայ դառնալ` միակողմանի զիջումներ կատարելով եւ անոնց դիմաց ոչինչ ստանալով:
«Մենք կը մերժե՛նք պարտադրուած կացութիւններ ընդունելու վտանգալից մօտեցումը ու կը շեշտենք աշխարհաքաղաքական նոր իրականութիւններու դիմաց նոր ռազմավարութիւն ճշդելու հրամայականը:
«Մենք կը մերժենք համակերպիլ այնպիսի կացութիւններու, երբ դատելին կը դառնայ դատաւոր, ամբաստանեալը` պահանջատէր, ու ցեղասպանը` իրաւատէր»:
Եւ ապա միջազգային համայնքին ուղղելով Մեր խօսքը` ըսինք. «Կը պահանջե՛նք Արցախի ժողովուրդին վերադարձը Արցախ, եւ անոր իրաւունքներուն վերականգնումը` միջազգային երաշխաւորութեամբ:
«Կը պահանջե՛նք Ազրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած բոլոր գերիներուն առանց պայմանի շուտափոյթ ազատ արձակումը»:
Աննախատեսելի վտանգներով յղի, մեր հայրենիքին համար աշխարհաքաղաքական ոչ նպաստաւոր ներկայ պայմաններուն մէջ հարկ է ըլլալ զգօն եւ իրապաշտ: Զգացական պոռթկումները, անիրատես քայլերը, միակողմանի որոշումները եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան դիմաց միայն զիջում կատարելու քաղաքականութիւնը կրնան հարցականի տակ դնել Հայաստանի գոյութիւնն իսկ:
Դժբախտաբար բարեկամ չունինք, վստահելի միջնորդ ալ չունինք: Այս ծանր պայմաններուն մէջ մեր ներքին ուժերու համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի: Այո՛, համախմբում` ընդդէմ զիջումի քաղաքականութեան: Հետեւաբար կը խորհինք, թէ ներկայ հանգրուանին Հայաստանը անել ու ճակատագրական կացութենէն դուրս բերելու ամէնէն ապահով միջոցը անցումի համազգային կառավարութեան մը կազմութիւնն է:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ ամուր պահէ մեր հայրենիքը եւ անսասան` մեր արի ժողովուրդը:
Comments are closed.