Կեանքէն հեռացաւ Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն Աղաւնի Էլոյեանը

Վաստակաւոր կրթական մշակ, Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն եւ նուիրեալ ՀՕՄական Աղաւնի Մալոյեան-Էլոյեան իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին:

Աղաւնի Մալոյեան-Էլոյեան ծնած էր Հալէպ (Սուրիա), 1933-ին, Հայոց ցեղասպանութենէն ազատած Տարօնցի ընտանիքի մէջ: Հայրենասիրութիւնը տան ոգին էր:

Աղաւնի յաճախած էր Հալէպի Ազգային Զաւարեան Նախակրթարանը, ապա Երկրորդական ուսումը ստացած էր Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: Ճեմարանի կրթական ծրագիրը, որ պետականն էր, կþառաջարկէր նաեւ ֆրանսական Baccalaureat: Ուսումնատենչ աշակերտուհին թէ՛ աւարտած էր պետական ծրագիրը եւ թէ՛ լրացուցած ֆրանսականը, եւ զոյգ վկայական ունեցած: Յաջորդ տարին հետեւած էր ֆրանսական Լիսէի փիլիսոփայութեան ճիւղին, եւ ձեռք ձգած Պսակաւորի երկրորդ վկայականը: Անմիջապէս հրաւիրուած էր Քարէն Եփփէի մէջ դասաւանդելու: Եօթ տարիներ ուսուցանած էր: 1956-ին ամուսնացած էր Ճեմարանի իրեն պաշտօնակից Եդուարդ Էլոյեանի հետ: Ծնանած էր միակ դուստրը՝ Նուշիկը: 1963-ին, ընտանեօք փոխադրուած էր Լիբանան: Երկու տարի պաշտօնավարած էր Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց Վարժարանին մէջ, ապա տասներկու տարիներ՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: 1968-ին, Սեւրի մէջ (Ֆրանսա) հետեւած էր մանկավարժական վերաորակաւորման դասընթացքի, եւ վկայագիր ստացած: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պայթումի օրերուն՝ 1977-ին ամուսնին եւ դուստրին հետ Գանատա գաղթած էր եւ Մոնթրէալ հաստատուած: 1978-1979 տարեշրջանին, որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած էր Ս. Յակոբ Ազգային Նախակրթարանին մէջ: Յաջորդ տարին ստանձնած էր վարժարանին տնօրէնութիւնը, որ վարած էր մինչեւ 1989: Իր տնօրէնութեան ժամանակ, Ս. Յակոբ Վարժարանը կարգ առ կարգ կը բարձրանար եւ կ՚ըլլար ամբողջական Երկրորդական մը: 1989-ին, Երկրորդականի առաջին հունձքին հետ, ինք եւս հրաժեշտ կու տար իր պաշտօնին:

Աղաւնի Մալոյեան-Էլոյեան 1966-ին անդամակցած էր ՀՕՄի, եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած անոր ծառայութեան, թէ՛ Լիբանանի մէջ, եւ թէ՝ Մոնթրէալի: Մարտ 2005-ին, ՀՕՄի Մոնթրէալի »Սօսէ« եւ Լաւալի »Շուշի« մասնաճիւղերուն կազմակերպած Կանանց Միջազգային Օրուան եւ Հայ Գիրերու Գիւտի 1600-ամեակի հանդիսութեան զոյգ եւ նոյն առիթով ստացած էր մասնաճիւղերու գ գնահատագիրը: Իսկ Սեպտեմբերին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ արժանացած էր »Ս. Մեսրոպ Մաշտոց« շքանշանին:

Աղաւնի Մալոյեան-Էլոյեան իր մահկանացուն կնքեց Երեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2019-ին: Տան Կարգը պիտի կատարուի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8.00-ին: Եկեղեցւոյ Կարգը՝ Երկուշաբթի, 2 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.00-ին: Ապա մարմինը պիտի ամփոփուի Սէն Լօրանի գերեզմանատան մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.