Կեանքէն հեռացաւ սփիւռքահայ ազգային ու պետական գործիչ Մեթր Վարդգէս Շամլեանը
Ապրիլ 25-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ՝ Մեթր Վարդգէս Շամլեանը։
Ան Ծնած է 1928 թուականին,Կիլիկիոյ Ալեքսանտրիա քաղաքին մօտակայ՝ Պէլան բնակավայրին մէջ:
Տասնըմէկ տարեկանին, ընտանիքին հետ հարկադրաբար կը փոխադրուի, եւ կը հաստատուի Լիբանան:
Կ’աւարտէ Պէյրութի Համազգայինին Նշան Փալանճեան Ճեմարանը: Կը յաճախէ՝ Lycée Laïc Français de Beyrouth, ուր կը ստանայ իր երկու աստիճաններու ֆրանսական պաքալօրէյաները, վերջինը՝ Sciences Expérimentales ճիւղին մէջ: Կը յաճախէ Պէյրութի մէջ École Supérieure des Lettres de l’Institut français:
Կ’աւարտէ Faculté de Droit Saint Joseph de Beyrouthը: Այս ուսումնական հաստատութիւնը հանդիսանալով Ֆրանսայի պետական l’Académie de Lyonի մասնաճիւղը, ան կը ստանայ Ֆրանսական պետութեան կողմէ՝ Իրաւաբանութեան diplôme d’État Français:
Ապա կը ստանայ՝ Licence en Droit Français, եւ Licence en Droit Libanais:
Իսկ այդ բոլորէն քառասուն-երկու տարիներ ետք, Գանատայի մէջ, ինքզինք երեք տարիներու համալսարանական ուսումի ենթարկելով, կ՚աւարտէ Faculté de Droit de l’Université de Montréalը, ու այդտեղ կը ստանայ Իրաւաբանութեան վկայական մը եւս:
1952-էն մինչեւ 2018 թուականը, կը գործէ որպէս Իրաւաբան, նախ Պէյրութի ապագայ Գանատայի մէջ:
1960-էն 1964՝ կ՚ընտրուի եւ կը պաշտօնավարէ որպէս Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ: Թէ այդ պաշտօնին ընդմէջէն, եւ թէ որպէս իրաւաբան, ան տեւաբար ծառայած է հայոց համայքներուն, այլազան նիւթերու մէջ, սիրայօժար նուիրումով:
Եղած է դասատու եւ դասախօս՝ Հայոց Հին Օրէնքի, Պէյրութի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայագիտական Բարձր Ուսման Հիմնարկին մէջ:
Եղած է անդամ՝ Լիբանանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, Սիմոն Վրացեանի ատենապետութեամբ: (Ի դէպ, Լիբանանի մէջ մօտիկ եղած նաեւ, ի միջի այլ, բազմաթիւ, նոյն տիպի անձնաւորութիւններու՝ Դրոյին… Դրաստամատ Կանայեանին…)
Եղած է անդամ եւ ատենապետ՝ Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան:
Քսան տարիներ շարունակ, եղած է փաստաբանը եւ իրաւաբանական խորհրդատուն՝ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին, եւ անոր կապուած Լիբանանի հայոց համայնքի բազմաթիւ հիմնարկներու եւ վարչական մարմիններու՝ թաղական խորհուրդ, հոգաբարձութիւն, հայրենակցական միութիւն, դպրոցներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հայկական Կարմիր Խաչին:
Եղած է անդամը եւ խօսնակը՝ Լիբանանի Հոգեւորական համայնքներու վարչական համալիբանանեան խորհուրդին:
1973-ին, ընդառաջելով Սուրիոյ նախագահի պաշտօնական հրաւէրին, որպէս Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետի հանգամանքով, Խորէն Ա. Կաթիղոկիս ընկերակցած է այդ սոյն երկրի մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը կատարելու համար:
Նոյնպէս՝ Խորէն Ա. Կաթիղոկիսի կողքին, կատարած էր պաշտօնական ուղեւորութիւն մը՝ Քուէյթ:
Լիբանանի Հայոց համայքի անունով, պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններու հետ, որոնց կարգին կարելի է նշել՝ Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտըլ-Նասըրը, Լիբանանի նախագահներ՝ Քամիլ Շամուն, Պէշիր Ժըմայել, Էմին Ժըմայել, Էմիլ Լահուտ… Նոյնպէս պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է՝ Փիեռ Ժըմայելի եւ Եասէր Արաֆաթին հետ:
1984ին, Լիբանանի պետութիւնը զինք կը նշանակէ անդամ՝ Սահմանադրական Յանձնախումբին, որու վստահուած էր Լիբանանի նոր Սահմանադրութեան մը խմբագրումը:
Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ, 1994-էն 2007, եղած է անդամ Ազգային Երեսփոխանական ժողովներու։ Եղած է անդան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան։
2001-2002 թուականերուն, եղած է առաջին ատենապետը Գանատայի Առաջնորդարանի Ազգային վարչութեան Գործադիր մարմնին:
Տարբեր երկիրներու մէջ, այլազան թերթերու մէջ հրատարակուած են իր բազմաթիւ յօդուածները:
Մասնակցած է Հայոց Հին Օրէնքի մասին դասագիրքի մը պատրաստութեան, Համազգային Հայագիտական Բարձր Ուսման Հիմնարկին համար:
Հեղինակն է հրատարակուած հինգ գիրքերու՝ իրաւաբանական, քաղաքական, ազգային, իմաստասիրական եւ ինքնակենսագրական բովանդակութիւններով՝
. «Իրաւաբանին խղճմտանքը»
. «Ծեր կաղնիներու շուքին»
. «Ուխտագնացութիւն դէպի Պերլին»
. Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ
Յուշագրական Ալպոմ (իր այս վերջին գիրքի խմբագրական աշխատանքներուն, ժրաջան կերպով մասնակցած էր իր դուստրը, Ցոլինէն)
Քաղաքական եւ ազգային նիւթերու առնչութեամբ, Մեթր Վարդգէս Շամլեանին հրատարակած է իր լայնածաւալ յուշերուն եւ վկայութիւններուն մէկ փոքրիկ մասը միայն: Եւ այդքանը արդէն մաս կը կազմէ՝ Հայ Ազգի Յիշողութեան պատմական արխիւներուն:
Որպէս կուսակցական անդամ, ան տեւաբար եւ մշտապէս ծառայած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: