Կեանքէն հեռացաւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Արցախեան ազատամարտի մասնակից Գագիկ Գինոսեանը

Փետրուար 6-ին, 57 տարեկանին, կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Արցախեան ազատամարտի մասնակից Գագիկ Գինոսեան։

Գագիկ Գինոսեանի մահուան պատճառը՝ սրտի կաթուածն է:

Գինոսեան ծնած է 1966 Օգոստոս 3-ին, Վրաստանի Ախալցխա քաղաքին մէջ։

Երկար տարիներ մասնակցած է «Վան» եւ «Ակունք» ազգագրական պարի համոյթներուն։ Զբաղած է ազգագրական պարերու բանահաւաքութեամբ եւ հիմնադրած է «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը։

Մասնակցած է Արցախեան պատերազմին։ Եղած է Լէոնիդ Ազգալդեանի հրամանատարութեամբ գործող «Ազատագրական բանակ» ջոկատի ռազմիկ, ապա 1992 Օգոստոսին մաս կազմած է «Արծիւ մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան գումարտակին։ Ազատագրական մարտերուն ընթացքին ոչնչացուցած է թշնամիի երկու հրասայլ:

Մասնակցած է Մարտակերտի, Ասկերանի, Մարտունիի, Լաչինի, Քելբաջարի ազատագրական մարտերուն:

Զինադադարէն ետք՝ 1994 թուականէն սկսեալ ծառայած է ՀՀ Զինուած ուժերուն որպէս սպայ։

1995-1996 թուականներուն ընթացքին աւարտած է Մարշալ Շապոշնիկովի անուան «Վիստրէլ» բարձրագոյն սպայական դասընթացքը՝ ստանալով «Գունդի աւագ գնդապետի եւ հրամանատարի» որակաւորում։

2023 թուականի Դեկտեմբին կայացած Գագիկ Գինոսեանի հետ «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը կարդալ այս յղումով։

Comments are closed.