Կառավարե՞լ Սփիւռքը
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Սփիւռքի տարուան վերջաւորութեան կ՛արժէ անգամ մը եւս հարցը դնել սեղանի վրայ: Սփիւռքը կրնա՞նք կառավարել, կամ աւելի լաւ բանաձեւուած` կրնա՞յ սփիւռքը կառավարուիլ:
Անմիջապէս եւ միանշանակ «այո՛» ըսելը դժուար է:
Եւ երբ հարցը կը դնենք «կրնա՛նք»-ով, ո՞վ նկատի ունինք` որպէս առաջին դէմք յոգնակի ենթակայ: Ո՞վ է այդ լռելեայն «մենք»-ը: Կամ երբ հարցը կը դնենք «կրնա՞յ»-ով, այն ատեն կը հետեւի երկրորդ հարցում մը` «որո՞ւ կողմէ»:
Գոնէ ի՛մ մտքիս մէջ երկու պարագաներուն ալ պատասխանս յստակ է. «մենք»-ը մե՛նք ենք` սփիւռքահայութիւնը, ո՛չ անոր այս կամ այն հատուածը, իսկ կառավարումն ալ մե՛ր կողմէ պիտի ըլլայ, բացառաբար մեր կողմէ` սփիւռքահայերուս կողմէ, այսինքն խօսքը ինքնա՛կառավարման մասին է:
Կամայ-ակամայ հոս ալ պիտի վերյիշեմ ողբացեալ Վահէ Օշականը, որ կողմնակից էր սփիւռքի «անկախութեան հռչակման»: Բայց ի տարբերութիւն իրեն` ես սփիւռքը չեմ համարեր «երկիր», «Երկի՛ր», որ մէկ է ու միակ:
Միւս կողմէ` անկախութիւնը, ի հարկէ, յարաբերական յղացք մըն է, եւ հոս ալ հարց կրնայ դրուիլ` անկախութիւն որմէ՞: Այլեւ` այդ ինքնակառավարման անկախութիւնը կրնա՞յ անջատուիլ ընդհանուր հայութեան ինքնակառավարման գաղափարէն, հայաշխարհի կառավարման հասկացողութենէն:
Այժմ ուրիշ հարցումներ կը դրուին մեր առջեւ. ո՞վ է արգիլողը, որ մենք զմեզ կառավարենք: Ի՞նչ խանգարիչ ազդակներ կրնան ըլլալ: Կամ` որո՞նց համար ձեռնտու չէ, որ մենք այդպիսի ինքնակառավարում մը կարենանք ի գործ դնել: Փորձենք քանի մը հատը բնորոշել:
Սկսինք մեր թշնամիներէն, որոնք ամէն գնով պիտի ուզեն հակառակիլ ուժեղ սփիւռքի մը գոյառումին: Բայց կան նաեւ մեր բարեկամները, այն «բարեկամները», որոնց համար տկար ու անմիաբան, պառակտուած սփիւռք մը նախընտրելի է, որպէսզի աւելի դիւրաւ անոնք կարենան իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել մեր վրայ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը` ըստ իր շահերուն:
Կան նաեւ մեր բնակած բոլոր երկիրներու պետութիւնները, որոնց համար աւելի կենսական է, որ իրենց հայ բնակիչները առաջին հերթին իրենց հաւատարիմ քաղաքացիները ըլլան եւ ոչ թէ ուրիշ ազգի մը… Եւ դժուար չէ երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս իրարու թշնամի երկու հայաբնակ երկիրներու միջեւ հակամարտութեան մը պարագային, երկու հայ զինուորներ իրենց հրացանները իրարու դէմ ուղղելու ստիպուին: Ասիկա` ոչ միայն ռազմի դաշտին վրայ…
Կան նաեւ, դժբախտաբար, հայրենի իշխանութիւններ, որոնք անդրադառնալով սփիւռքի մեծ ներուժին, սփիւռքի կառավարումը պիտի ուզեն իրե՛նց հակակշռին տակ պահել: Այդ փորձառութիւնը ապրեր ենք խորհրդային ամբողջ եօթը տասնամեակներուն եւ կը շարունակենք ապրիլ այսօր ալ:
Բայց կան նաեւ ներքին ազդակներ, որոնցմէ գլխաւորը ազգային մէկ ու միակ նպատակի մը շուրջ տակաւին համահայկական առումով համախոհութիւն չըլլալն է, բան մը, առանց որուն` ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ կառավարել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:
Անշուշտ կան բազմաթիւ ներքին այլ արգելակներ եւս, որոնք սակայն երկրորդական հանգամանք ունին, ինչպէս` այն իրողութիւնը, որ ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ` տարբեր լեզուներու, մշակոյթներու, ընկերային իրավիճակներու ալ կրողները կը հանդիսանանք: Կ՛ըսեմ երկրորդական, որովհետեւ անոնք յաղթահարելի կրնան ըլլալ, եթէ համաձայնութիւն գոյանայ ընդհանուր նպատակի մը շուրջ:
Իսկ եթէ ի վերջոյ այդ համաձայնութիւնը իրականութեան վերածուի, այսինքն եթէ «ինչո՞ւ»-ին շուրջ համաձայնինք, այն ատեն ի հարկէ կը ծագի «ինչպէ՞ս»-ը: Ինչպէ՞ս մենք զմեզ պիտի կառավարենք:
Պարբերաբար արծարծուած է սփիւռքը ներկայացնող մարմին մը կամ կառոյց մը յառաջացնելու հարցը, արծարծուած է հապճեպ ու նոյնքան հապճեպ ալ տրուած` մոռացութեան, քանի որ բարդ ու բազմաշերտ խնդիր է ան: Ինչպէ՞ս մէջտեղ բերել զայն:
Որոնցմէ՞ կրնայ բաղկանալ: Իւրաքանչիւր հայ պիտի կարենա՞յ իր քուէն ունենալ անոր կազմութեան մէջ: Ահա խնդիրներ, որոնց պատասխանները չունինք տակաւին: «Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում…»:
Օժտուած ենք ազգային սահմանադրութեամբ մը, որ աւելի քան մէկուկէս դարու հեռաւորութենէ հասած է մեզի ու որոշ փոփոխութիւններով կը կիրարկուի գէթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ: Եւ ճիշդ այդ կաթողիկոսութեան ալ գերագոյն գլուխն է Արամ Ա. վեհափառը, որ 2022-ը հռչակեց սփիւռքի տարի: Թերեւս իրե՛ն ալ կը պատշաճի առնել առաջին քայլը նաեւ մեր ինքնակառավարման հարցի քննութիւնը դնելու հայութեան այժմու օրակարգին վրայ: Հրատա՛պ օրակարգին: Թերեւս կը պատշաճի երկու կաթողիկոսութիւններուն միասնաբար` ընկերակցութեամբ յարանուանութիւններուն, այլեւ` երեք ազգային կուսակցութիւններուն: Կամ թերեւս ալ նախաձեռնողները այս վերջինները պէտք է ըլլան:
Դժբախտաբար ներկայ սահմանադրութեամբ կ՛առաջնորդուին միայն Կիլիկեան աթոռի թեմերը:
Կրնա՞յ մշակուիլ նո՛ր սահմանադրութիւն մը, որ պատկանի բոլոր սփիւռքահայերուն, անոնք պատկանին կիլիկեան կամ էջմիածնական թեմերուն, թէ` յարանուանութիւններուն, կամ ըլլան այլադաւան կամ անկրօն: Իսկ առկայ կազմակերպութիւննե՞րը` կուսակցութիւնները, միութիւնները, հաստատութիւնները եւ մասամբ նորին. այս բոլորը կրնա՞ն ներառուիլ նման սահմանադրութեան մը մէջ: Ի՞նչ դեր պիտի վերապահուի ամէն մէկուն: Պիտի կարենա՞ն բոլորն ալ պահել իրենց ինքնուրոյնութիւնը, բայց նաեւ` գործել միասին: Ի՞նչ համեմատութիւններով մաս պիտի կազմեն ստեղծուելիք մարմիններուն, կամ մաս պիտի կազմե՞ն, թէ՞ միայն իրենց անհատ անդամներով պիտի մասնակցին. քանի՞ ձայնի իրաւունքով: Ի՞նչ յատկութիւններ պէտք է ունենան անհատ հայերը` ընտրուելու համար: Մէկէ աւելի կազմակերպութիւններու պատկանելիութիւն ունեցող հայեր մէկէ աւելի՞ ձայն պիտի ունենան: Եւ այլն:
Հարցումներու շարքը կարելի է երկարել: Բայց պահ մը ենթադրենք, թէ բոլոր այդ խնդիրներն ալ լուծուեցան, ու կարելի եղաւ յառաջացնել սփիւռքի խորհրդարանը, այն ատեն անոր կապը ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ազգային ժողովներուն հետ: Փոխադարձաբար ներկայացուցիչներ պիտի ունենա՞ն: Այո՛, սփիւռքը անոնցմէ անկախ պիտի ըլլայ վարչականօրէն: Սակայն` համահայկական առումո՞վ: Անոնց համագործակցութեամբ ալ պիտի յառաջանա՞յ հայաշխարհի խորհրդարանը:
Ահա հարցեր, որոնց մասին պարտաւոր ենք ոչ միայն… երազել, այլեւ` մտածել: Այսօ՛ր:
Եւ վերադառնալով վերնագրի հարցումին` այլեւս յստակ չէ՞ պատասխանը.
– Այո՛, եթէ…