Կաթողիկոսները Վերաշեշտեցին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ամուր Պահելու Հրամայականը

30 Ապրիլին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը յուզող ներկայ հարցերուն ու տագնապներուն շուրջ:

Հայրապետները վերաշեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ապահովութիւնը ամուր պահելու հրամայականը ու այս ուղղութեամբ հայ եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը: Նոյն ատեն, անոնք ընդգծեցին մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` ներկայ տագնապալից օրերուն:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ ընդհանրապէս Սուրբ Էջմիածինի Մայր Աթոռին՝ հայրենանուէր կեցուածքներուն եւ կատարած գործունէութեան մէջ:

Comments are closed.