«Ծունկի Չեն Կրնար Բերել Մեզ, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդին Հետ Հաւաքականութիւն Ենք, Հաւաքական Ուժ, Հաւաքական Շահ». Յակոբ Բագրատունի

չորեքշաբթի, 20 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ տարբեր եռուզեռ կը տիրէր Պուրճ Համուտի մէջ, յատկապէս` հրապարակին եւ «Արին» կեդրոնի մօտերը: Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին կեդրոնին դիմաց կայանալիք ժողովրդային հաւաքին ընդառաջ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը տողանցեց Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` հնչեցնելով ազգային երգեր:

Ժամը 8:00-ին ընթացք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպած` «Միասի՛ն, երէկ, այսօր, մի՛շտ» կարգախօսը կրող ժողովրդային ընտրական անդրանիկ հաւաքը, որուն նպատակն էր ժողովուրդին ծանօթացնել 15 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուները, ինչպէս նաեւ սրտբաց զրոյց ունենալ հայորդիներուն հետ` ընտրական տարբեր ծալքերու մասին:

Երեկոն ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով, ապա բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ հաւաքին նպատակին անդրադարձաւ Քրիստ Չոփուրեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը անցնող երկու տարիներուն «Քորոնա» համաճարակի եւ այլապէս մեզմէ առյաւէտ բաժնուած բոլոր հայորդիներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումին զոհ դարձած բոլոր քաղաքացիներուն, նաեւ խոնարհիլ յիշատակին դիմաց` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի բիւրաւոր նահատակներուն: Ան յայտնեց, որ հաւաքին նպատակն է հանդիպիլ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն հետ` միասնաբար գօտեպնդուելու, միասնաբար մեր կամքը վերանորոգելու ու միասնաբար լիբանանահայ համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մեր յանձնառութիւնը վերահաստատելու:

Անկէ ետք ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը արտասանեց Գէորգ Եագուպեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն, որոնք ընթացք առին 17 հոկտեմբեր 2019-ին, երբ լիբանանցի երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողքին ժողովրդային շարժումին նաեւ միացան դաշնակցական երիտասարդները եւ ուսանողները` հիմնականօրէն մղուած ՀՅԴ-ի ծրագիրին մէջ ամրագրուած ընկերային ու տնտեսական արդարութեան գաղափարներէն եւ երկրին մէջ տիրող անօրէնութեան անընդունելի մակարդակին դէմ պայքարելու սկզբունքէն: Ան նշեց, որ հայ երիտասարդները անդրադարձան, թէ հրապարակներուն վրայ այլ բան կը պատահի, թէ ժողովրդային շարժման ձեւականօրէն միացած «բարեկարգողները» հետաքրքրուած չէին երկրին քաղաքական քայքայուած կառոյցին մէջ իսկական փոփոխութիւններ յառաջացնելով եւ բարեկարգումներ առաջադրելով, պատրաստ չէին պետականութեան հզօրացման եւ փտածութեան դէմ սկզբունքային պայքարներուն մաս կազմելու:

Շեշտը դնելով գաղութին վրայ` Գ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ն պետականութեան հզօրացումը եւ անոր հիմերը խախտող երեւոյթներուն մերժումը դարձուցած է առանցք իր աշխատանքին, յաջողած է պետականութեան պահպանման եւ ամրապնդման իր կեցուածքը պահպանել պատմական ճգնաժամային պահերուն իսկ:

«Անցնող տարիներուն շատեր փորձեցին մեր կուսակցութիւնը հակադրել իր իսկ դաւանած բարոյական արժեչափերուն ու համոզումներուն եւ խեղաթիւրել անոր հարազատ դիմագիծը: Սակայն, այդ փորձերը չհասան իրենց նպատակին: Ահաւասիկ այսօր, մենք դարձեալ կու գանք վերահաստատելու ընկերային արդարութեան համար մեր պայքարը ծաւալելու վճռակամութիւնը: Մեր համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու Լիբանանի յառաջընթացին համար վճռորոշ այս փուլին, պարտաւոր ենք համախմբուիլ ազգային կառոյցներու եւ կուսակցութիւններու շուրջ ու այդ ճամբով լսելի դարձնել մեր ձայնը եւ շարունակել մեր ազգային գոյերթը: Մենք կը հաւատանք, որ այս երկրին վերաշինութիւնը, վերականգնումը եւ վերածաղկումը պայմանաւորուած են բոլորին մասնակցութեամբ եւ բոլորին իրաւունքներուն լիիրաւ ու համահաւասար պահպանումով:

«Հետեւաբար, իբրեւ քաղաքականացած երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն կու գանք ըսելու, որ մեր կուսակցութիւնը իր ծրագիրով եւ հայանպաստ առաջարկներով այսօր կը ներկայանայ իբրեւ հայ համայնքի գոյատեւումը, հզօրութիւնը եւ աշխուժ դերակատարութիւնը պահպանելու բաւարար փորձառութիւնը եւ կարելիութիւնը ունեցող քաղաքական ուժ», նշեց ան:

Իր խօսքի աւարտին Գէորգ Եագուպեան հաստատեց, որ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր, մի՛շտ» կարգախօսով Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին վստահութեան կ՛ապաւինի` համայնքի շահերուն ի նպաստ իր երթը շարունակելու, իսկ երիտասարդութիւնը իր կարգին կու գայ հաստատելու, որ միասին էինք երէկ, միասին ենք այսօր եւ միասին պիտի մնանք վաղը եւ մի՛շտ:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը եւ ներկայացնելով օրուան պահանջն ու իրավիճակը, շեշտեց. «Կը գտնուինք Լիբանանի պատմութեան անկիւնադարձային կարեւոր փուլի մը դիմաց: Երկրին ապրած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը անդամալուծած է պետական ամբողջ համակարգը, իսկ անոր հետեւանքները իրենց ճիրաններուն տակ առած են երկիրը ամբողջ եւ ամէն օր քիչ մը աւելի կը ճնշեն քաղաքացիի առօրեային վրայ, եւ փաստօրէն` ապրիլն ու գոյատեւելը դարձած են մղձաւանջ ու տառապանք: Այս կացութենէն անմասն չի մնար լիբանանահայութիւնը, որ վերջին երկու տարիներուն դէմ յանդիման կը գտնուի աննախընթաց դժուարութիւններու` հաւաքական ու անհատական մակարդակներու վրայ: Ահաւասիկ այս կացութեան մէջ Լիբանան կը պատրաստուի դիմաւորելու 15 մայիսը, երբ բոլորը կը փորձեն համոզել իրենք զիրենք եւ իրենց շրջապատը, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնան ստեղծել շրջադարձ մը եւ երկիրը ճգնաժամէն դուրս բերելու ճամբայ մը հարթել ու վերականգնման ուղիին վրայ թէկուզ աղօտ, բայց անպայման լոյս մը ու յոյսի նշոյլ մը բանալ»:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՅԴ-ն ամիսներէ ի վեր կազմած է իր ընտրական մեքենան, եւ կուսակցականներ ու համակիրներ հսկայ բանակ մը կազմած` համահունչ աշխատանք կը տանին ամէնօրեայ դրութեամբ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ իր կարգին լայնածաւալ քարոզչական-յարաբերական աշխատանք մը կը տանի, եւ այսօր ան արդէն բիւրեղացուցած է իր դաշնակիցները եւ առաջադրած իր հինգ թեկնածուները, որոնք մայրաքաղաք Պէյրութի առաջին, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ առաջադրուած են:

Նախընտրական մթնոլորտը եւ կողմերու քարոզչութեան մօտեցումները լուսարձակի տակ առնելով ան յայտնեց. «Բոլոր շրջաններուն մէջ առկայ է ընտրապայքարի սուր տրամադրութիւն: Ցանկերու եւ թեկնածուներու առատութիւնը նոր դիմագիծ մը տուած է այս ընտրութիւններուն: Անցնող երկու տարիներուն օգտագործուած բառապաշարը ներկայ է քարոզարշաւի բեմերուն վրայ: Կը մերժուի հինը, եւ իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ երկրին ապրած այս տժգոյն իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բարդել դիմացի կողմին վրայ եւ ինքզինք իբրեւ փրկարար ներկայացնել` առանց յստակ տեսլականի ու պատկերացումի»:

Ան շեշտեց ընտրութիւններուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը, որովհետեւ այս քաոսային իրավիճակին մէջ մեզի կը մնայ ամուր պահել համայնքը, եւ ատիկա պիտի ըլլայ մեր կեցուածքով, պահուածքով եւ իւրայատուկ ու օրինակելի մասնակցութեամբ: Ատիկա պէտք է տեղի ունենայ առանց այլամերժութիւն դրսեւորելու, որովհետեւ իրերայաջորդ փորձերը փաստած են, որ Լիբանան հայրենիքի դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը պայմանաւորուած է բոլոր կողմերուն մասնակցութեամբ:

Յ. Հաւաթեանի խօսքին մէջ տեղ գտան նաեւ այս շրջանին տարբեր անձերու կամ խմբակցութիւններու կողմէ սրուած ախորժակներու դրսեւորումներն ու միտումները. այս առիթով ան շեշտեց. «…Չենք արտօնած ու չենք արտօներ այսօր, որ մարդիկ շահագործելով ներկայ ճգնաժամը, փորձեն ժողովուրդը` մեր ժողովուրդը, մոլորեցնել, շուարեցնել, ժամանակաւոր եւ սակայն միաժամանակ վտանգաւոր ազդեցութեան գօտիներ ստեղծել եւ անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորել»:

Ապա, կոչ ուղղելով ժողովուրդին ան ըսաւ. «Յարգելի՛ ժողովուրդ, դուք ձեր քուէն տալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, ձեր անվերապահ վստահութիւնը յայտնելու կողքին Դաշնակցութիւնը կը դնէք պարտաւորութիւններու եւ պարտականութիւններու դէմ յանդիման: Ձեր քուէն պարտաւորեցնող է մեզի համար` մեր ժողովրդանուէր աշխատանքը ծաւալելու եւ համայնքի տեսլականները իրագործելու առումով: Դուք ձեր քուէն տալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, կու գաք պատգամելու բարեկամին թէ հակառակորդին, որ ինչքա՛ն ալ դառն ըլլան պայմանները, լիբանանահայութիւնը պիտի վերագտնէ իր կենսունակութիւնը եւ վառ պահէ իր ստանձնած ջահը: Այդ ջահը պիտի մնայ անմար, շնորհիւ ձեզի, շնորհիւ մեր բոլորին»:

Ապա` ներկաներուն ծափողջոյններուն կշռոյթով բեմ բարձրացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուները` Յակոբ Բագրատունի (Մեթն), Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան եւ Սերժ Մելքոնեան (Պէյրութ Ա.) եւ Ճորճ Պուչիքեան (Զահլէ):

Այս առիթով թեկնածուները արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը:

Ճորճ Պուչիքեան ըսաւ, որ ուրախ եւ շնորհակալ է Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուելուն համար` նշելով, որ շատ մեծ աշխատանք կայ կատարուելիք, ուստի պիտի պայքարի յաջողութիւն արձանագրելու եւ խորհրդարան մտնելու համար: Ան հաստատեց, որ իրեն համար հպարտութիւն էր կառավարութեան մաս կազմել իբրեւ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած նախարար:

Յակոբ Թերզեան յայտնեց, որ այս ընտրութիւններուն առաջադրուած պատահական հայ թեկնածուները նոր յիշեցին ու անդրադարձան, որ հայ են, սակայն խորքին մէջ հայ ըլլալ կը նշանակէ ծառան ըլլալ հայութեան, ժողովուրդին եւ անոր շահերուն: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնն է, որ ասիկա կը սորվեցնէ եւ կը կատարէ, որովհետեւ այս կուսակցութեան մէջ հաւաքական շահերը կը տիրապետեն եւ առաջնահերթ են: Թերզեան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան` 15 մայիսի ընտրութիւններուն փաստելու, որ միայն իրա՛ւ հայեր արժանի են խորհրդարան մուտք գործելու:

Սերժ Մելքոնեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող շատ դժուար վիճակին, կեանքի շատ դժուար պայմաններուն` հրաւիրելով բոլորը, որ չյուսահատին, այլ կառչին հաւատքին եւ յոյսին, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ ապագայ մը կերտել:

Ալեքսանտր Մաթոսեան դիտել տուաւ, որ 4 տարի առաջ երեսփոխան ընտրուեցաւ ժողովուրդին ձայներով եւ վստահութեամբ, գործեց 4 տարի, սակայն այդ տարիները եղան բազում դժուարութիւններով եւ մարտահրաւէրներով լեցուն: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ միասնաբար, կողք- կողքի ըլլալով կարելի պիտի ըլլայ պայքարիլ աւելի լաւ ապագայի մը համար:

Աւարտին իր խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իբրեւ մեկնակէտ առաջ քշեց ՀՅԴ-ի կողմէ այս փուլին որդեգրուած կարգախօսը` «Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ», եւ շեշտեց, որ ասիկա պարզ, անկեղծ, անմիջական կարգախօս մըն է, ուր չկայ կեղծիք, խտրականութիւն, պոռոտախօսութեան, այլ հոն ամփոփուած է հաւաքական մէկ ուժ ըլլալու իրականութիւնը` ժողովուրդ եւ կուսակցութիւն միասնութեամբ: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի հրաւէրին ընդառաջելով այս հաւաքին մասնակցելու եկած մեծաթիւ հայորդիները իրենց ներկայութեամբ կ՛ապացուցեն, որ հայութեան հաւաքական շահը հետապնդող կուսակցութեան կողքին են, կը փաստեն, որ սին են նախորդ տարիներուն լիբանանահայութեան ուղղուած խօսքերը` իրենք զիրենք համայնքին ներկայացուցիչը սեպող եւ օտարին ջաղացքին ջուր լեցնողներուն կողմէ:

Ան շեշտեց, որ այս բոլորին դիմաց լռեցինք բոլորս, որովհետեւ մեր ժամանակը տրամադրեցինք աշխատանքին եւ ոչ խօսքին, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել լիբանանահայուն ցաւերը, հասնիլ կարիքաւորին, հիւանդին, դպրոցին եւ եկեղեցիին, միութիւնները մեղուաջան աշխատանքի լծուած էին, ժամանակ չունէին վատնելու: «Լռեցինք` յանուն միասնականութեան, յանուն մեր ժողովուրդին գոյատեւման: Մեր սրբազան նահատակներուն համար լռեցինք: Լռեցինք, որովհետեւ ուժ ենք. ուժ ենք եւ տկար չենք: Կը լսենք ու կ՛անտեսենք: Քաջ Նազար չենք, այլ համեստ ծառաները մեր ժողովուրդին», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ գործուած յարձակումներուն պատճառն ալ այդ ուժն է, որ կու գայ ժողովուրդ-կուսակցութիւն մէկ դարու միասնականութենէն ու փոխադարձ վստահութենէն:

Ըստ անոր, ՀՅԴ-ին եւ լիբանանահայութեան հասցէին ժխտական արտայայտութիւններ ունեցողները անձնական շահեր հետապնդող անհատներ են, որոնք կը փորձեն շահագործել ժողովուրդին ցաւն ու դժուարութիւնները, «իսկ մենք բոլորս հաւատարիմ ենք մենք մեզի, մեր արժէքներուն, մեր կողքին կանգնողներուն, հաւատարիմ ենք մեր ժողովուրդին»: Ան հաստատեց, որ նման պատեհապաշտներ կը փորձեն ցեխարձակումներ կատարել` քաջ գիտակցելով, որ խորքին մէջ չեն կրնար ծունկի բերել հաւաքականութիւնը, լիբանանահայութեան հաւաքական ուժը, հաւաքական շահը, անոնց պաշտպանը: Բայց եւ այնպէս ան չբացառեց, որ փորձ կատարուի լիբանանահայը խաբելու, անոր խիղճն ու քուէն գնելու, կուսակցութիւնն ու ժողովուրդը իրարու դէմ լարելու` ստելով եւ սին խօսքերով:

Յակոբ Բագրատունի վստահեցուց, որ այս փորձերը ընողները նման քայլի դիմելու յանդգնութիւն ունին, որովհետեւ պատմութիւն չեն գիտեր, մեր միջավայրին մէջ չեն եղած, նաեւ անոնք պիտի զարմանան, որ ժողովուրդը պիտի չհաւատայ իրենց: Անոնք պիտի աշխատին հարուածել Լիբանանի հայկական միասնականութիւնը, հարուածել Լիբանանի այս կռուանը: «Պատասխանը դո՛ւք տուէք, ըսէք, թէ ինչպէ՛ս ապրած է Լիբանանի հայութիւնը, ո՞վ պաշտպանած է մեր ինքնուրոյն դիմագիծը, ո՞վ ո՛չ ըսած է մեզ ստրկացնելու ձգտող ուժերուն, ո՞վ պայքարած է մեզ ծունկի բերելու փորձերուն, ո՞վ հասած է հայ մարդուն, ոեւէ հայու` դաշնակցական, ռամկավար, հնչակեան, բարեգործական, առաքելական, կաթողիկէ թէ աւետարանական», շեշտեց Բագրատունի` աւելցնելով, որ ասոր զուգահեռ տակաւին պէտք է հարց տալ, թէ տարիներ շարունակ ո՞վ զօրակցած է Հայաստանին ու Արցախին:

Ան շեշտեց, որ նորելուկ նկատուող տարրերը հաւանաբար չունենան այս հարցումներուն պատասխանները, սակայն ժողովուրդը հաստատ ունի՛, գիտէ՛, թէ որո՛ւ պէտք է վստահի ու ապաւինի, պատմութենէն սորված է, որ միասին եղողը չի մոռցուիր եւ չ՛ընկրկիր:

«Ուստի մենք որոշած ենք միասին յաղթել` ընտրելով անոնք, որոնք իրաւամբ կը ներկայացնեն Լիբանանի հայութիւնը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Արամ Ա. վեհափառ ըսաւ. «Անընդունելի է հայու անունը կամ անձնագիրը շահագործել ընտրութիւններուն մասնակցելու համար: Այս մէկը տարօրինակ եւ մերժելի երեւոյթ է: Մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանին մէջ»:

«Մենք ձե՛զ կը ներկայացնենք եւ պատահական անձեր չենք վստահաբար: Դո՛ւք որոշեցէք: 25 օր ետք դո՛ւք պիտի ճշդէք մեր բոլորին ճակատագիրը: Դէպի աշխատանք:  25 օր եւ տեւաբար, ինչպէս երէկ, այսօր եւ վաղը: Մի՛շտ միասին: Լիբանանի եւ հայութեան համար: Պատի՛ւ ձեզի: Ձեր խիղճը գերադաս է անձնական շահերէն: Մայիս 15-ին դո՛ւք պիտի յաղթէք: Ճիշդն ու իրաւը պիտի յաղթեն: Հայուն հոգին պիտի յաղթէ», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

Աւարտին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նուագախումբը, ապա ելոյթ ունեցան Վիգէն Տիշչէքէնեան, Լոռի Կիւլիւմեան եւ Էտի Նալպանտեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.