Ծաղկազարդի տօնին առիթով սուրբ եւ անմահ պատարագ, մանուկներու թափօր եւ դռնբացէքի արարողութիւն

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 2 Ապրիլ 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Լաւալի Bon Pasteur եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր սպասարկեցին, Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քահանայ Գեադայեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։
Պատարագին մասնակցեցան եւ օրուան հոգեպարար խորհուրդը ապրեցան հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը։
Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը։
«Քրիստոս յաղթական մուտք գործեց Երուսաղէմ, ոչ թագաւորական գահերու վրայ, ոչ ձիերով եւ սուրերով, այլ պարզ, հեզ եւ խոնարհ աւանակի վրայ նստած։ Մէկ եւ յստակ ճշմարտութեան մը համար, ըսելու, որ ես եմ սպասուած Մեսիան։ Բացէ՛ք ձեր աչքերը, տեսէ՛ք ճշմարտութիւնը։ Ես եմ փրկիչը, որ կրնամ ձեզ փրկութեան առաջնորդել» շեշտեց Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Պատարագի աւարտին կատրուեցաւ Մանուկներու օրհնութիւն ու թափօր։
Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահեց Դռնբացէքի արարողութեան եւ օրուան խորհուրդը ուղղեց ներկաներուն:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին աղօթակից էին, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեանը։

Comments are closed.