Խոստումի եւ երդման արարողութիւն՝ Պռոշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ

Փետրուար 24-ին Պռոշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի նախաձեռնած խոստումի եւ երդման արարողութիւնը։

Արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, ՀՅԴ ԳՄ-ի անդամներ, ՀՀ ԱԺ «Հայստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Հայաստանի մարզերէն ժամանած համակիրներ, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամներ:

«Լինել ազգասէր հայի օրինակ». այս խոստումով շուրջ 60 երիտասարդներ անդամակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան, եւ շուրջ 10 երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ շարքերը: Անոնք խոստում տուին. «․․․ հարկ եղած դէպքում կեանքի գնով ծառայել հայրենիքին ․․․»:

Խոստումի եւ երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմի հերոս Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) շիրիմին մօտ: Կնքահայրը ՀՅԴ անդամ Սիմոն Սիմոնեանն էր:

«Ապրում ենք դժուար ժամանակներ: Մեր տեսակը, ձեր տեսակը պարտուել է: Բայց պարտուել է ժամանակաւոր: Այն ժամանակ կը պարտուենք, երբ դադարենք պայքարել: Պայքարը պէտք է շարունակուի՝ մինչեւ վերջնական փուլ», իր խօսքին մէջ ըսաւ ան:

Comments are closed.