Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ սփիւռքագիտութիւնը (ԺԶ․)
Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
ԺԲ․- Հայ Եկեղեցին Եւ Դերերը
Սփիւռքի մէջ Հայ եկեղեցւոյ դերին վրայ գրելով՝ Թէօլէօլեան ըսած է, թէ անիկա միայն մէկ դեր չունի, այլ նաեւ ունի զանազան եւ կիսայանձնառու ու հակադիր դերեր, զորս ստացած է անցեալին՝ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Եւ անկէ ետք՝ շարունակած զանոնք պահել։ Դէպքերն ու եղելութիւնները զայն դուրս բերած են իր հոգեւոր եւ կրթական ու մշակութային իւրայատուկ առաքելութենէն, եւ` փոխած աշխարհիկ, քաղաքական, ու հայ կեանքի ներքին վէճերուն եւ պայքարներուն ասպարէզի։
Թէ Հայ եկեղեցին զանազան դերեր ունեցած է եւ ունի՝ պարզ է։ Իսկ ի՞նչ հասկնալ՝ կիսայանձնառու ու հակադիր դերերով։
Նկատողութիւնը արտայայտութիւն է մտահոգութեան մը, որ լսող ականջներ փափաքած է, եւ կը փափաքի։ Ունկնդրութեան՝ հաւատացող կամ յուսացող Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Թէօլէօլեան, որ թէեւ ինքզինք կը ճանչնայ որպէս ապագնոսական (agnostique) մը, ակնկալած է, որ Հայ եկեղեցին այժմէական հաստատութեան մը վերածուի, եւ այսօրուան մարտահրաւէրները դիմագրաւէ իր ուրոյն ճանապարհին նորոգ գիտակցութեամբ, նորոգ մտածումով, նորոգ դիրքորոշումներով, եւ յարատեւէ՝ նորոգուելով ու նորոգելով։
Որո՞նք են Հայ եկեղեցւոյ կիսայանձնառու, եւ իր առաքելութեան հակադիր դերերը։
Թէօլէօլեան իր նկատողութեան կցած է Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ուրուագիծ մը, զոր կու տամ այստեղ, ոչ՝ մանրամասնօրէն, լոկ՝ գլխաւոր կէտերով։ Նշեմ, որ ուրուագիծին մէջ տեսանելի է մոռացումը անդադրում աղէտներուն եւ գերութիւններուն, որոնք հիւանդացուցին հայ հոգին (Կ. Զարեան), եւ Հայ եկեղեցին տարին հոն՝ ուր գնաց։
Կէտերը իրարու յօդաւորելով։
Ինչպէս այլ եկեղեցիներ, Հայ եկեղեցին ալ 301-էն ետք ստանձնեց պատասխանատուութիւններ։ Եղաւ «պահապանը մարմիններուն եւ հոգիներուն»․ հաստատեց հիւանդանոցներ, բորոտանոցներ եւ այլքն, հիմնեց վանքեր ու մենաստաններ։ Դարձաւ տէր հարստութեան եւ կալուածներու։ Եկեղեցական առաջնորդներ մասնակցեցան պետական (կարելի է աւելցնել նաեւ՝ աւատապետական) ժողովներուն։ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ծնաւ ծրագիրը, որ հայոց այբուբենը ստեղծեց, եւ իրականացուց հայ հոգե-իմացական գործունէութիւնը։ Անոր հիմնարար մատենագիրներէն ոմանք՝ նոյնացուցին եկեղեցին եւ ազգը (անձնապէս՝ այս տարածուած տեսակէտը թիւրիմացութիւն կը համարեմ)։ Դարերու ընթացքին, Գարեգին Կթղ․ Յոսէփեանցի լեզուով՝ «հայ ստեղծագործ ոգու» արտայայտութիւնները՝ կատարուեցան Հակ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ։ Բայց որքան ալ որ անոր դերերը զանազան դարձան՝ մնացին ղեկավարելի, եւ յարաբերաբար՝ ոչ-խնդրայարոյց, այնքան ժամանակ՝ որ ազգին քաղաքական ընտրանին ազատօրէն գործեց։
Յետ Կիլիկիոյ անկման (1375 թ․), այս «դժուար պահպանելի հաւասարակշռութիւն»ը սկսաւ խախտիլ։ Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութեան հիմնադրումով (1461 թ․), Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայ եկեղեցին վերածուեցաւ հայ կեանքի «կարեւորագոյն» հաստատութեան։ Պատրիարքը Սուլթանին հրամանով դրուեցաւ եւ ճանչցուեցաւ որպէս առաջնորդը եւ ներկայացուցիչը հայ «միլլէթ»ին (ժամանակ մը՝ նաեւ այլ փոքրամասնութիւններու)։ Սա սկիզբը պիտի ըլլար Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան շեղումին դէպի քաղաքականութիւն։ Այս նոր կարգին մէջ, առաւել հեղինակութիւն ձեռք ձգելու համար՝ աշխարհական երեւելիներ մրցակցեցան Պատրիարքութեան իրենց թեկնածուներու ընտրութիւններուն համար: Այստեղ յիշեմ, որ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն յետոյ՝ Սիսի Կաթողիկոսութիւնը նսեմացաւ, մինչեւ աքսորական տեղաւորուիլը եւ հաստատուիլը Անթիլիաս, Լիբանան։ Թէ՛ Կաթողիկոսութիւնը եւ թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը ենթարկուեցան Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութեան։ Մինչ Էջմիածինը Պարսկական տիրապետութեան տակ էր։
Հայ եկեղեցւոյ քաղաքականացման յաջորդ քայլը կապուած է Էջմիածնի անուան։ Երբ անոր հովանիի ներքեւ ապրող ժողովուրդին դժբախտութիւնները խիստ ծանրացան՝ կրօնական եւ կալուածատիրական իշխանաւորներ (Ղարաբաղի մելիքները) ու վաճառական մտաւորականներ (Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի) որոշեցին նախ Եւրոպայէն, ապա Ռուսաստանէն օգնութիւն խնդրել։ Այն ատեն, Էջմիածնի Կաթողիկոսը իր հոգեւոր առաջնորդի հանգամանքին կողքին՝ նաեւ ընդունուեցաւ որպէս քաղաքական վերին ներկայացուցիչը։
Եւ, այսպէս, Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Էջմիածնի քաղաքական պատասխանատուութիւններուն բարդումով՝ Հայ եկեղեցին դարձաւ «մագնիսը» թէ՛ հայ եւ թէ օտար յաւակնութիւններուն կամ փառասիրութիւններուն։
19-րդ դարու կէսէն ետք, Հայ եկեղեցին ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ հակա-կղերական տրամադրութիւններու, զորս կրող շրջանակները եւ խմբաւորումները (մտաւորական եւ կուսակցական) գլուխը անցան ղեկավարութեան։ Այս հանգրուանին, Հայ եկեղեցին աւելի ներքաշուեցաւ աշխարհիկ մտահոգութիւններու եւ քաղաքական ձգտումներու մէջ։
Անոր հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային դերերը արդէն նուաղած էին նախքան Ցեղասպանութիւնը։ Ապա՝ մեծ թափով տկարացան։ Յետ Ցեղասպանութեան, Հայ եկեղեցին համագործակցեցաւ աշխարհական մրցակից այս կամ այն կողմին հետ։ Արդիւնքը՝ անոր առաքելութեան ձախողութիւնը եղաւ։ Թէեւ պէտք է աճապարեմ գրելու, որ Թէօլէօլեան ձախողութիւնը հիմնականօրէն վերագրած է պատմութեան եւ կառուցուածքային դրութեան։ Պատմութիւն եւ կառուցուածքային դրութիւն՝ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային դերերը անտեսումի մատնեցին, եւ անիկա ինքզինք գտաւ վարչարարական քաղաքականութիւններու, ազգային ինքնութեան պահպանութեան քաղաքականութիւններու, եւ առհասարակ՝ քաղաքականութեան մէջ մխրճուած։ Հետեւանքը․ այսօր Հայ եկեղեցին ի վիճակի չէ ստանձնելու բազմատեսակ մարտահրաւէրներն ու փորձութիւնները, որոնք իր առջեւ բազմակուտակ կը բարձրանան․․․
Եզրակացութի՞ւնը։ Կը մէջբերեմ․ «․․․Հայ եկեղեցին հետզհետէ աւելի տարուած է գործելու իբրեւ աշխարհիկ հաստատութիւն մը, որուն կը պակսի ժամանակակից աստուածաբանութիւն մը կամ աշխարհին հասցէագրեալ իրեն իւրայատուկ յօդաւորեալ վարդապետական կեցուածք մը․ այս հաստատութեան մէջ, հաւատքի եւ գրական ժառանգութեան, եւ աստուածաբանական աւանդութեան խնդիրները դարձած են նուազ կարեւոր քան հանգամանքի, աշխարհիկ միջավայրին մէջ հեղինակութեան, նոյնիսկ՝ իշխանութեան խնդիրները։ Այսպիսի հաստատութիւն մը (…) իրաւունքը չունի դժգոհելու, երբ իրեն հետ կը վարուին այնպէս՝ որպիսին (դարձած) է. քաղաքական մրցակցութեանց ասպարէզ մը։ Կրօնական վերազարթօնքի ժամանակի մը մէջ, (…) Հայ եկեղեցին ստանձնելու է իր կրօնական աւանդութիւնները, զանոնք նորոգելու է ամէն մակարդակներու վրայ, ծիսականէն մինչեւ Ս․ Գրային մեկնաբանութիւններ, եւ աստուածաբանութիւն»։ Այժմու տագնապալի կացութեան մէջ, խորհած է Թէօլէօլեան, եթէ Հայ եկեղեցին չստանձնէ իր հոգեւոր, կրթական, (մշակութային) եւ աստուածաբանական տարածքները, ապա՝ ո՛չ ինք եւ ո՛չ ալ Սփիւռքը կարող պիտի ըլլան պատշաճօրէն գլուխ ելլելու բանակ մը խնդիրներուն հետ։
Եւ կը կրկնեմ հարցումը․ «Որո՞նք են Հայ եկեղեցւոյ կիսայանձնառութեան, եւ իր առաքելութեան հակադիր դերերը»։
Ըստ ուրուագծին, եւ անոր համագիրին, Հայ եկեղեցւոյ ուրոյն առաքելութիւնն անգամ դարձած է կիսայանձնառութիւն։ Կիսայանձնառութեան միւս դերը՝ քաղաքական պատասխանատուութիւնն է, որ միաժամանակ հակադիր դերն է։
Հիմա, երբ այս յօդուածը կը գրեմ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ քաղաքական լարուածութիւններու եւ պառակտումներու վտանգաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէ։ Հայաստանի ներկայ պատկերին մէջ եկեղեցական երկու ուշագրաւ դէմք կայ․ մէկը Կիւմրիի Առաջնորդ՝ Միքայէլ Արք․ Աջապահեանն է, միւսը՝ տագնապահար Տաւուշի Առաջնորդ՝ Բագրատ Արք․ Գալստանեանը։ Երկուքը կ’ամբաստանուին քաղաքականութեան խառնուելու մէջ։ Քանի Աջապահեան սրբազանի ելոյթները ցարդ գրքի մէջ չեն ամփոփուած (գոնէ ինքս տեղեակ չեմ), եւ Գալստանեան սրբազանի ելոյթները հրատարակուած ունինք իր «Աւետեաց Երկրի Տեսիլքով» (Երեւան, 2023) գիրքին մէջ, անկէ կը մէջբերեմ երկու հատուած։ 1) «Մեզ (…) մեղադրում են քաղաքականութեան խառնուելու մէջ։ Ես յստակ ասում եմ․ նախ՝ մեր երկրում քաղաքականութիւն գոյութիւն չունի․ (…) երկրորդը՝ ամէն ինչն է քաղաքականացուած․ հաց գնելուց մինչեւ տարբեր խնդիրների մասին խօսելը․ եւ երրորդը՝ սա մեր Տունն է, մեր Հայրենիքը, մեր Պետութիւնը․ ի՛մ Պետութիւնն է, ի՛մ Հայրենիքն է։ Անկախ իմ ունեցած ծառայական աստիճանից եւ կոչումից՝ ես սեփականութեան զգացում ունեմ իմ Պետութեան, իմ Հայրենիքի եւ իմ ժողովրդի նկատմամբ, եւ երբեք ինձ օտար չէ իմ ժողովուրդը։ Ես ո՛չ պաշտօնեայի հոգեբանութիւն ունեմ, ո՛չ հասարակական կազմակերպութիւն ներկայացնողի, այլ դարերով մեր երկիրը, ժողովուրդն ու ազգը փայփայած՝ իր սխալներով, թերութիւններով, վայրէջքներով, վերելքներով 21-րդ դար հասցնողի հոգեբանութեամբ։ Այս եկեղեցին այդ մեծ գործն է արել՝ հասցրել է 21-րդ դար։ Եւ եթէ սրանից աւելին իրենք կարող են անել, թող անեն, դա իրենց կոչումն է»։ 2) «Մեզ՝ հոգեւորականներս, մեղադրում են քաղաքականութեանը խառնուելու մէջ։ Ինչպէ՞ս կարելի է հասկացնել մարդկանց, որ սա այլեւս քաղաքական հարց չէ, այլ՝ բարոյական եւ հոգեւոր (…)։ (…) բացարձակ յաւակնութիւն չկայ որեւէ կերպով մխրճուելու այն տիրոյթը, որը զուտ գործառոյթով ինձ չի պատկանում, որովհետեւ ես կը նուազեցնեմ ինքս ինձ՝ որպէս Աստծոյ ծառայութեանը եւ այդ բացարձակ արժէքի ճանապարհով իմ ժողովրդի հետ խօսակցութիւն ունենալու կոչուած անձ։ Ես ինձ կը նուազեցնեմ, հաւասարելով մի այնպիսի աստիճանի, որտեղ ես գործառոյթ չունեմ»։
Հաստատաբար, որեւէ եկեղեցւոյ քաղաքական պատասխանատուութիւնը էապէս հոգեւոր եւ բարոյական ըլլալու է, եւ ո՛չ գործառութային։
Դառնալով Թէօլէօլեանին, ինչո՞ւ ան անհրաժեշտ տեսած է, որ Հայ եկեղեցին վերստանձնէ իր առաքելութիւնը։ Կը խորհիմ՝ 1․- Որպէսզի անիկա ժամանակակից եկեղեցի մը ըլլայ, եւ կարենայ հոգեւոր ի՛ր միտքը, ի՛ր խօսքը, ի՛ր դիրքորոշումը արտայայտել, եւ ըստ անոնց՝ գործել։ 2.- Որպէսզի ժամանակակից այլընտանքային ինքնաճանաչում եւ ինքնապատկերացում մատուցէ իր ժողովուրդին։
Յօդուածի նախորդ մասերը կարդալ նշուած յղումներով։
Comments are closed.