Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԲ.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

Ժ․- Ինքնապատկերացում

1.- Թէօլէօլեան ինծի ղրկած էր ինքնութեան մասին զանազան յօդուածներ։ Անոնցմէ մէկը՝ Մարթըն Զէօքէֆէլդէ էր։ Յօդուածով ան պաշտպանած էր ինքնութեան յղացքին օգտագործելիութիւնը։ Գրած էր, թէ գիտութիւնը եւ ակադեմական աշխարհը չունին մենաշնորհը սահմանելու յղացքները, նաեւ չունին հեղինակութիւնը իրենց հակակշռին տակ պահելու անոնց գործածութիւնը։ Ուստի՝ չունին նաեւ մենաշնորհ ինքնութեան յղացքի սահմանման վրայ։ Մարդիկ ամէնուր կը հաստատեն, թէ ինքնութիւն մը ունին։ Իր կարծիքով, ինքնութեան յղացքը սերտօրէն կապուած է «արեւմտեան ծագում»ով ազգի յղացքին, որ «յաջողապէս համաշխարհայնացած» է։ Ինչպէս նախապէս բացատրեցի, ազգի արեւմտեան յղացքը՝ ազգ-պետութեան հասկացողութեան մէջ է։ Բայց ինքնութեան յղացքին անոր սերտօրէն կապուած ըլլալը՝ չի կրնար պատճառ ըլլալ ինքնութեան բնոյթը իբրեւ քաղաքական որոշելու։ Այսուհանդերձ, կարելի չէ անտեսել, որ Զէօքէֆէլդի կարծիքը հետաքրքրական բան մը նկատած է, թէ ինքնութեան յղացքը երեւցած է առնչաբար ազգային գիտակցութիւններու զարթնումին։

Ասիկա ըսելէ յետոյ՝ անցնիմ Թէօլէօլեանին։

Ան գրած է հայութեան ինքնապատկերացման, ուստի՝ նաեւ ինքնըմբռնման մասին։

Թէօլէօլեան 1982-ի 10 Փետրուար-7 Ապրիլ ունկնդրած է Գէորգ Պարտագճեանէ անգլերէնով կարդացուած հինգ դասախօսութիւններ, որոնք տրուած էին Նիւ Եորքի Գոլոմպիա Համալսարանին մէջ: Դասախօսութիւններուն ընդհանուր անունն էր՝ «Հայութեան Ինքնապատկերացման Զարգացումը 19-րդ եւ 20-րդ Դարերուն»: Ասոր մասին համակրական զեկուցում մը գրի առած է Թէօլէօլեան, եւ «յօգուտ Սփիւռքահայութեան» յանձնած Յառաջի: Զեկուցումը լոյս տեսած է պարբերականին Յուլիսեան «Միտք Եւ Արուեստ»ի թիւին մէջ:

Համաձայն դասախօսին՝ գրականութիւնը եւ մշակոյթը «շատ կարեւոր աղբիւրներ» են հայութեան ինքնապատկերացման զարգացումը քննողի մը համար: Պարտագճեան մեկնակէտին «ընդհանուր մօտեցում»ի իր սկզբունքը պարզած է, ըսելով թէ «ազգ մը միշտ նոյն ինքնապատկերացումը չունի: Ինքն իր մասին կը մտածէ տարբեր ձեւերով, տարբեր պատկերներով, տարբեր հոգեբանութեամբ եւ ինքնարժեւորումով, միշտ փոխուող կաղապարներու ընդմէջ: Ազգի մը ինքնապատկերացումը կախում ունի զանազան ազդակներէ. Պետութեան զօրութիւն, մշակութային մակարդակ, այս կամ այն ընտրանիի տիրապետում մշակութային արտադրութեան վրայ (կղեր, կամ քաղքենի ընտրանի եւայլն)»: Ըստ իրեն, հայութեան ինքնապատկերացումը «արագօրէն» փոխուած է 1830-էն ետք, «մի քանի ընտրանիներու դերին ու հակակշռին շնորհիւ»:

Դասախօսը ըսած է, թէ այնքա՜ն ծանր էին հայութեան կորուստները, ամէն մակարդակի վրայ, որ դժուար էր հայ անձի մը կամ հայ համայնքի մը համար՝ հպարտ զգալ իր քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային անցեալով ու ներկայով: Աւելի՛ն. անցեալ-ներկայ շարունակութիւնը խզուած էր, ու հայ մշակոյթը կորսնցուցած էր գրաբարի հետ իր կապը՝ առանց ստեղծելու աշխարհաբար լուրջ մշակոյթ: Այս էր վիճակը՝ երբ 18-րդ դարուն կը ստեղծուէր Մխիթարեան Միաբանութիւնը: Մխիթարեան հայրեր պայքարեցան «հայու ինքնանուաստացուցիչ ինքնապատկերացման դէմ»: Անոնք «Հէրքիւլեան աշխատանք» կատարեցին 1730-1830, եւ «մշակութային սխրագործումներ» իրականացուցին: Իսկ 1830-էն մինչեւ 1850-ականներ՝ անոնց դաստիարակչական եւ գրական գործունէութիւնը պատճառ եղաւ հայութեան «ինքնապատկերացման փոփոխութեան առաջին մեծ քայլ»ին:

Պարտագճեանի կարծիքով, Մխիթարեաններու վաստակին հանգանակն էր՝ Հաւատք եւ Հայրենիք: Անոնք նպատակ ունեցան հայուն անցեալը, նոյնիսկ հեթանոս անցեալը կապել քրիստոնէութեան: Անոնց համոզմամբ՝ «հայը՝ մի՛շտ հայ էր, մի՛շտ քրիստոնեայ եւ մի՛շտ նուիրուած ազատութեան պաշտամունքին»:

19-րդ դարու կէսէն ետք, հայութեան ինքնապատկերացման մէջ «քաղաքական երեսակ»ին պահանջքը մեծցած էր: Օսմանեան եւ Ցարական կայսրութիւններուն մէջ, հայ քաղքենի դասակարգ մը յառաջացած էր, որ կ’ապրէր «քաղաքական ինքնուրոյն հասկացողութեան հասունացում»: Եւ հայ մշակութային գործիչներ սկսած էին Հայոց պատմութիւնը «նոր ձեւերով գործածել»: Անոնք կրօնական ընկալումներէն անջատեցին քաղաքականը, եւ ոմանք ալ նոյնիսկ «ի խնդիր քաղաքական հեղինակութեան»՝ զայն հակադրեցին կրօնականին: Ասիկա պիտի շարունակուէր Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան մէջ:

Թէօլէօլեան իր զեկուցումը աւարտած է, ըսելով՝ թէ հայութեան «ժամանակակից պայմանները եւ ճգնաժամերը կը պահանջեն նոր ինքնապատկերացումներ, եւ վերամշակում անցեալի»: Պարտագճեանի դասախօսութիւններուն իր զեկուցումը՝ իր մտահոգութեան խորքին էր, նախօրօք։

2.- Համակրական զեկուցումէն առաջ, ինք արդէն «Յառաջ/Միտք Եւ Արուեստ»ին տուած էր յօդուած մը, որ լոյս տեսած էր 2 Մարտի 1980-ի թիւին մէջ․ տիտղոսն է՝ «Անցեալի Առասպելներու Քննարկման Փորձ Մը»:

Անիկա երկու բաժնով յօդուած մըն է: Առաջին բաժինը՝ հայութեան ինքնապատկերացման կեցուածք մը կը բանաձեւէ: Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի «առասպել»ի մը, որ Նոյեան Տապանի Արարատ լերան վրայ հանգչելուն մասին է: Այստեղ պիտի չներկայացնեմ հեղինակին ապառասպելայնացումը Նոյեան Տապանի եւ Արարատ Լերան վրայ ատոր հանգչելու դրուագին: Հայութեան ժամանակակից ինքնապատկերացման նուիրուած հեղինակի անդրադարձներու խորքին կը գտնուի առաջին բաժինը, ուստի՝ այդ առնչութեամբ այնտեղ ամփոփուած միտքերը պիտի ներայացնեմ:

Գրած է. «ժողովուրդ մըն ենք (՛՛ազգ՛՛ մը, եթէ լաւատես էք), որ կը նախընտրէ առասպելներով օրօրուիլ, կամ ՛՛միթ՛՛երով եւ կարգախօսներով սփոփուիլ: Մեր յաճախ այրած սրտի մխիթարանքը ստիպուած ենք փնտռել ամէն տեղ՝ բացի ճշմարտութենէն, որ գուցէ դառն է ու անտանելի, անհանդուրժելի»: Կը կարծեմ, որ մեծ շեղում մը պիտի ըլլայ «ժողովուրդ» եւ «ազգ» եզրերու տարբերութեան խնդրին մէջ մտնելը: Հեղինակին տարբեր ժամանակներու գրութիւններուն մէջ կարելի է հանդիպիլ հայութեան, նոյնիսկ անոր մէկ մասին՝ սփիւռքահայութեան որպէս «ազգ» բնորոշումին: Սա կը նշանակէ, թէ ան «ժողովուրդ» եւ «ազգ» եզրերը նաեւ որպէս հոմանիշ գործածած է, սովորութեան հետեւելով: Այսուհանդերձ, աւելորդ է ըսել, թէ իրեն համար անոնք երկու տարբեր նշանակութեամբ եզրեր են: Մէջբերուածէն կարելի է հասկնալ, թէ ժողովուրդ մըն ենք, որ «ազգ» ըլլալու պէտք է ձգտի, որովհետեւ «ազգ»ը աւելի դրական արժէք մըն է:

Արդ, առայժմ «ժողովուրդ մըն ենք»՝ մենք հայերս, եւ կ’օրօրուինք «առասպել»ներով: Ուշագրաւ է, որ հեղինակը անմիջապէս «կամ»ով աւելցուցած է որպէս համանիշ «առասպել»ներուն՝ «՛՛միթ՛՛եր» բառը: Արդարեւ, ժամանակակից տեսաբանական մտքին մէջ «միթ» բառը միայն դիցաբանական առասպելներուն չ’առնչնուիր, այլեւ ժամանակակից կենցաղական եւ այլ երեւոյթներու երեւակայութեան, սակայն երբ յօդուածին բովանդակութիւնը նկատի ունենանք՝ դժուար չէ հասկնալ, որ «՛՛միթ՛՛եր»ով ան կրօնական առասպելաբանութիւնը նկատի ունեցած է: Առասպելներուն մեր նախընտրութիւնը՝ մեր ներկայի ինքնապատկերացման տալ է կրօնական արժէք, այլ խօսքով՝ սրբացնել է մեր ինքնապատկերացումը, կամ, ըստ «սուրբ» բառի ստուգաբանական իմաստին՝ մեր ինքնապատկերացումը անջատել է իրականութեան բոլոր միւս մասերէն: Եւ այս անջատումը այլ ինչ չէ քան օրօրուիլ՝ քունի կամ անգիտակից վիճակի մէջ մտնելու համար: Առասպելը կամ «միթ»ը նման է «Քուն եղիր բալաս»ին, անոր պաշտօնը ունի: Սրբացնելը՝ նաեւ ինքնապատկերացումը կը դարձնէ թապուներու, գերբնական զօրութեան մը՝ որուն խախտումը լի է վտանգներով:

Յօդուածագիրը «կամ»ով միացնելէ ետք «առասպելներ»ը եւ «միթեր»ը, նոյն գիծին վրայ այլ բառ մըն ալ աւելցուցած է. բառն է՝ «կարգախօսներ»: Մինչ «առասպելներ»ը եւ «՛՛միթ՛՛եր»ը համարժէք ընկալուած են, «կարգախօսներ»ը անոնցմէ բխած երեւոյթ մըն է: Անիկա մեր հաւաքական հոգիի եւ մտքի գլխաւոր նպատակը կ’արտայայտէ, եւ որպէս բխում «առասպելներ»ու եւ «միթեր»ու՝ նոյնպէս կրօնական արժէք ունի, սրբագործուած է, ուստի՝ է թապույական երեւոյթ մը: «Կարգախօսներ»ու պաշտօնին տարբերութիւնը նախորդներուն պաշտօնէն՝ քիչ մը աւելի գիտակցական եզր մը ունի: Մինչ միւս երկուքին պատշօնը օրօրել է՝ քունի կը տանի, «կարգախօսներ»ը սփոփելու պաշտօնը ունին, այսինքն՝ մխիթարելու: Այլ բացատրութեամբ մը՝ «կարգախօսներ»ը կրօնականացեալ ինքնապատկերացումին կու տան բանական թուացող ամփոփ հեռանկար մը, բանական թուացող եւ իրագործելի յոյս մը, որ սակայն անիրագործելի է, որովհետեւ երբեք չի դադրիր բխում մը ըլլալէ անճշմարտութեան: Անոնց մխիթարանքը կը փնտռուի «ամէն տեղ՝ բացի ճշմարտութենէն»: «Կարգախօսներ»ուն «ամէն տեղ» մխիթարանք փնտռելն իսկ կը յայտնէ՝ թէ անոնք իրականութենէն խուսափելու վրայ են, անոնք ի վիճակի չեն կեանքին դառնութիւններուն, անտանելի եւ անհանդուրժելի կացութիւններուն դէմը կենալու, զանոնք յաղթահարելու: Կեանքին դառնութիւնները, անտանելի եւ անհանդուրժելի կացութիւնները զանոնք անկարելի կը դարձնեն: Բայց անոնք որպէսզի կարենան շարունակել մնալ, տեւել՝ կը խստանան իրենց թուացեալ բանականութեան մէջ, կը սնանին ինքնասփոփմամբ, աւելի եւ աւելի կը փակուին, աւելի եւ աւելի կ’ըլլան ժամանակավրէպ:

Յօդուածագրի մտքին մէջ, ինքնապատկերացման առաջին նկատառելի տարածքը գրականութիւնն է: Եւ մեր գրականութիւնը յամի Տեառն 1980-ի՝ «քիչ մը ամէն տեղ…ամէն փախուստի ճամբայ ու անել կը հետախուզէ(ր): Կարելի է ըսել՝ որ յետ Եղեռնեան կամ Սփիւռքեան գրականութիւնը իր իրականութենէն փախուստի ճամբու եւ անելի հետախուզման մէջ էր: Այն հետախուզումը դադրա՞ծ է: Կարելի է ըսել՝ ընդհանրապէս կը շարունակուի: Մեր գրականութիւնը կը շարունակէ խուսափիլ «մեր իրականութենէն, որպէսզի կարենայ մերժել մեր կեանքը»: Արդ, ինքնապատկերացման առաջնահերթ տարածքը՝ «մեր կեանք»ը մերժելու կը ծառայէ, ուստի կը ծառայէ ինքնապատկերացումը զրկելու վերաստեղծուելու կարելիութենէն: Կենսական է «մեր կեանքը լրջօրէն ընդունիլ» այն տարածքին մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ «լրջօրէն ընդունիլ»ը: Թէօլէօլեանի պատասխանն է. «(կեանքը) վերստեղծել գրականութեան յատուկ միջոցներով…ընդգծել մեր լեզուի կամ լեզուներու տագնապը, հաւատարմօրէն ներկայացնել մեր մտքերուն մէջ պայքարող հակասական գաղափարներու դրոյթը, եւ կամ՝ նոյնքան հաւատարմօրէն ներկայացնել նեխող քլիշէներու աղբակոյտն ու մտածումի չգոյութեան թողած պարապը՝ որոշ շրջանակներու մէջ: Մեր կեանքը ընդունիլ…պիտի պահանջէր օտարի ՛՛մերժում՛՛ի եւ համադրումի փորձ»: Ուրեմն, ընդունիլը՝ կրաւորական վիճակ մը չէ, այլ՝ ներգործական: Ընդունելու արարքը՝ միաժամանակ վերստեղծելու արարք է:

Ընդունելուն առաջնահերթ խնդիրը լեզուական է: Հայոց լեզուն, կամ հայոց լեզուի երկու տարբերակին՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին տագնապը: Արեւմտահայերէնի պարագային՝ անոր մահուան տագնապն է, իսկ արեւելահայերէնի պարագային՝ անոր չափազանց աղաւաղումին: Ի՞նչ կը նշանակէ «ընդգծել մեր լեզուի կամ լեզուներու տագնապը»: «Ընդգծել»ը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել կը նշանակէ: Իսկ քանի անիկա տեսնուած է որպէս ստորոգութիւն «ընդունիլ»ին, որ հասկցած է որպէս կեանքը վերստեղծելու արարք, ապա «ընդգծել մեր լեզուի կամ լեզուներու տագնապը»՝ կը նշանակէ «ընդունիլ» կամ «վերստեղծել» մեր լեզուի կամ լեզուներու տագնապը: Առանց տագնապին վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու, առանց զայն ընդունելու, վեր-ստեղծելու, կամ զայն նոր(էն) մտածմամբ ստեղծելու, անիկա պիտի դադրի տագնապ ըլլալէ, պիտի ըլլայ կեանքի եւ իրականութեան մէջ «պարապ»ութիւն պատճառող ախտ մը:

Ընդունելուն երկրորդ խնդիրը՝ «ներկայացնել (է) մեր մտքերուն մէջ պայքարող հակասական գաղափարներու դրոյթը»: Անկասկած, հեղինակը «դրոյթ» բառով նկատի ունեցած է «վիճակ» հասկացողութիւնը, եւ ոչ՝ «սիստեմ»ը: Կեանքը եւ իրականութիւնը այնքան բարդ են, որ գաղափարներու հակասականութիւնը բնական է: Անգիտակից փորձութիւնը գաղափարներուն հակասականութիւնը կը ջնջէ, եւ կեանքին ու իրականութեան ընկալումը կը նուազեցնէ միագաղափարութեան, եւ միագաղափարութիւնը «քլիշէ»ներ կը ծնի, որոնք ի սկզբանէ նեխումի բանաձեւեր են: Ընդունելով «հաւատարմօրէն» «ներկայացնել»ը զանոնք եւ առասպելները՝ անոնց «աղբակոյտ»ը, պիտի ըսէի՝ «ախտակոյտ»ը, «ներկայ ընել» է, ներկայի գիտակցութեան եւ մտածումին մէջ բերել է, փոխանակ անոնց «պարապ»ութեան մէջ բնակելու, «պարապ»ութեան ՝ որ նեխումի վայրն է:

Ընդունելուն երրորդ խնդիրը կը վերաբերի «օտար»ին, որուն ընդունումը՝ անհրաժեշտ արարք մըն է ընդունելու իրականութիւնը: Օտարը մեզմէ դուրս չէ միայն, այլեւ՝ մեր մէջ է․ զայն մերժելը՝ նաեւ մերժել է այն, որ մեր ինքնութիւնն է որպէս համարկում սեփական տարբերութեան եւ արտաքին տարբերութեան։

Հայ ինքնապատկերացումը կը կարօտի սուտերէ դուրս գալու, որովհետեւ սուտերը կ’առաջնորդեն ուրիշ սուտերու, եւ պատմութիւնը սխալ կը հասկցուի: (Առասպելներուն առնչութեամբ, ըստ իս, բարի պիտի ըլլար, որ Թէօլէօլեան բոլոր առասպելները սուտ չբնորոշէր, որովհետեւ՝ չեն: Ինք իսկ գրած է, թէ առասպելները «խորհրդանշական եւ ենթագիտակցական հսկայ կարեւորութիւն ունին ժողովուրդին համար»: Եթէ այդպէս է, այսինքն՝ եթէ «խորհրդանշական եւ ենթագիտակցական հսկայ կարեւորութիւն ունին», ապա անոնք ճշմարտութեան մակարդակ մըն են: Գիտակցութեան եւ մտածումի մակարդակը կոչուած է զանոնք բարձրացնելու ներկայի լոյսին մէջ, զանոնք տարրալուծելու վասն ներկայի ճշմարտութեան յօրինումին, որ իր կարգին տարրալուծելի է, որովհետեւ իր կարգին առասպել մըն է, նոր առասպել մը):

Յօդուածի նախորդ մասերը կարդալ նշուած յղումներով։

Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԱ.)

 

 

Comments are closed.