Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԱ.)
Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.
Թ.- Ինքնութիւն
Բանավիճուած եւ բանավիճուող յղացք մըն է ա՛յս եւս։ Օգտակա՞ր յղացք է, թէ՝ ոչ։ Երեւոյթը, որուն կը յղուի, կա՞յ թէ չկայ։ Ինքնութիւնը իրականութեան մէջ անինքնութի՞ւն մըն է։ Եւ եթէ կայ երեւոյթը, ապա անոր համար ճշգրի՞տ յղացք է, թէ անորոշ։ Եթէ անորոշ է, ապա պէտք չէ՞ որ աւելի մեկին յղացքներ օգտագործել քան այս մէկը…։ Անշուշտ այս եւ այլ խնդիրներու տեղը չէ իմ առաջադրութիւնը։ Ակնարկեցի՝ լոկ նշելու համար, թէ նիւթը նոր իմն Քորթեան հանգոյց մըն է խուզարկողին առջեւ…
Իսկ հոս՝ տեսնենք, թէ ի՞նչ խորհած է Թէօլէօլեան, որ դասախօսութիւն մը տուած է Երեւանի մէջ, 2013-ի Մարտին։ (Դասախօսութիւններուն վայրկեաններով ճշդուած տեւողութիւնները՝ յաճախ պատճառ մը կ’ըլլան այնքան մը սահմանափակելու եւ ամփոփելու միտքերը, որ միայն կարելի կ’ըլլայ քանի մը հայեացքներ նետել։ Այնպիսին է վիճակը Թէօլէօլեանէ պարզուածին)։
Թէեւ «ինքնութիւն» բառը շատ կը գործածուի, եւ սովորաբար կը թուի պարզ ըլլալ, բայց «առեղծուածային» բառ մըն է, ըսած է Թէօլէօլեան: Կը մէջբերեմ բացատրութիւնը. «Առօրեայ կեանքին մէջ, ինքնութիւնը առեղծուածային չի թուիր (…: Բառը) ամէնուրեք (…) կը գործածուի իր պարզ, կոպիտ, բեւեռացնող տարազներով. սա հայ է, ան՝ թուրք, սա կին է, ան այր մարդ, սա ճերմակ է, ան՝ սեւամորթ, սա քրիստոնեայ է, ան՝ իսլամ, եւայլն»։ Անկասկած, բառին «պարզ» իմաստով գործածութիւնը միշտ չէ, որ «կոպիտ, բեւեռացնող» նշանակութեամբ է։ Բայց քանի կը գործածուի նաեւ ինքնութեան կորուստի տագնապէ բռնուածներու կողմէ, ապա «կոպիտ, բեւեռացնող» ոգին՝ մտատանջութեան կու տայ թանձրութիւն մը, որուն այնքան պէտքը կը զգայ։ «Պարզ, կոպիտ, բեւեռացնող տարազներ»ը՝ դեռ «առեղծուածային» չեն, կամ՝ կը թուին չըլլալ։
Ինքնութիւնը, ըսած է Թէօլէօլեան, «առեղծուածային» է՝ որովհետեւ տարբեր գիտակարգեր զայն փորձած են եւ կը փորձեն սահմանել իրենց բառամթերքով, ենթադրեալներով եւ մեթոտներով: Ըստ իրեն, անիկա առաջնահերթաբար համաստեղութիւն մըն է, զոր այլազան գործօններ կը կերպաւորեն: Այն գործօններուն սուրբ երրորդութիւնը՝ տարբերութիւնը, նոյնութիւնը եւ յիշողութիւնն են: Նկատի ունենալով՝ որ «ինքնութիւն»ը անձին կամ հաւաքականութեան նոյնութեան իմաստը ունի, փորձութիւն մը պիտի ըլլար կարգը դասաւորել այսպէս՝ նոյնութիւն, տարբերութիւն եւ յիշողութիւն: Սակայն հարկ է հետեւիլ մտաւորականին տրամաբանութեան:
Տարբերութեան գործօնը: Տարբերութիւնը ինքնութեան «հիմնաքար»ն է: Ինչո՞ւ: Իր լուսաբանութիւնը. «Իւրաքանչիւր մանուկ եւ պատանի, կամայ թէ ակամայ, որոշ չափով կ’ընդունի, կը հնազանդի, եւ ուրեմն՝ անոր ինքնութիւնը կը կառուցուի հաւաքականութեան ու պետութեան նախընտրած կաղապարներու հետեւողութեամբ»: Այսինքն՝ իւրաքանչիւր անհատի ինքնութիւնը կը կառուցուի իրմէ դուրս ձեւաւորուած տարբերութեան, կարելի է աւելցնել նաեւ՝ տարբերութիւններու կաղապարներով: Արտաքին տարբերութեան կամ տարբերութիւններուն ձեւաւորիչ կաղապարները կը մասնակցին «անհատական ինքնութիւն» կոչուած երեւոյթին կառուցման: Այլեւս արտաքին տարբերութիւնը կամ տարբերութիւնները անհատի «սահմանին (…) դուրսը» չեն գտնուիր միայն, այլեւ՝ ներսը: Այս մտքին համար ինքզինքը առաջարկած է որպէս օրինակ, եւ այսպէս՝ «Ես հայ ե՞մ, ունի՞մ հայու ինքնութիւն: Կը կարծեմ՝ այո՛: Սակայն ամերիկացի՞ եմ: Նորէն՝ այո՛. այսինքն՝ առօրեայիս ընթացքին իբր համալսարանի անգլիախօս փրոֆէսէօր, միայն մակերեսայնօրէն ամերիկացի չեմ խաղար: Ամերիկեան ինքնութիւնը զգեստ մը կամ դիմակ մը չէ միայն, որ առտուն կը հագուիմ եւ երեկոյեան կը հանեմ: Ամերիկեան որոշ արժէքներ՝ ի՛մ ալ արժէքներս են, վարուելակերպեր՝ նոյնպէս: Այլ խօսքով՝ օտարը, տարբերը միայն դուրսը չեն, այլեւ՝ ներսը, մասնիկ ու բաղադրիչ ինքնութեան մը, որ թէ՛ հայկական է, թէ՛ ամերիկեան»: Նկատողութիւն մը, եթէ կ’արտօնուի, իր պարագային, ինչպէս՝ ուրիշներու, օտարին ներսութիւնը համարկուած է, կը համարկուի շնորհիւ զօրութեան տարբերին, որ էին եւ են, մինչդեռ հասարակութիւններու պարագային՝ փակ շրջանակներէ հեռու օտարին ներսութիւնը կրնայ լուծիչ ըլլալ տարբերին, որ էին։ Սփիւռքի տարտղնուած վայրերուն մէջ, հայ հաւաքականութիւնները ենթակայ են իրենց միջավայրերու եւ պետութիւններու հոգեբանական, կրթական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական զօրաւոր ազդեցութիւններուն: Այն ազդեցութիւնները երկուութիւն կը ստեղծեն. անձ մը՝ թէ՛ հայ կ’ըլլայ, եւ թէ՝ օտար, միաժամանակ: Եթէ անձ մը կրնայ այս երկուքը նոյն ատեն ըլլալ, ապա յաջողած կ’ըլլայ համարկումին մէջ, եւ եթէ՝ ոչ… պարզապէս կ’օտարանայ։
Իսկ ինչպէ՞ս է, որ անձերը հաւաքականութիւն մը կը դառնան։ Պատասխանը՝ հաւաքական նոյնութեան եւ յիշողութեան գործօններով տուած է։
Նոյնութեան գործօնը: Անիկա այլոց հետ, հասարակութեան մը հետ յատկանիշներու, արժէքներու եւ փորձառութիւններու բաժնեկցութեան կը վերաբերի: Անհատներ «կը հաւատան», որ իրենք ուրիշներու հետ «կը կիսեն հասարակաց որոշ յատկանիշներ», արժէքներ եւ փորձառութիւններ: Անոնց բաժնեկցածները «կրնան ըլլալ ֆիզիքական, կրթական, յաճախ պատմական՝ օրինակ ցեղասպանութիւն մը, բնաջնջման վտանգը, վերապրելու փորձառութիւնը, խոցը»:
Ըստ այս մտքին՝ կարելի է ըսել, թէ Սփիւռքի տարբեր վայրերու հայ հաւաքականութիւններուն նոյնութիւնը կը հիմնուի հաւատքին վրայ, թէ այլ վայրերու հաւաքականութիւններուն հետ հասարակաց յատկանիշներ, արժէքներ եւ փորձառութիւններ «կը կիսեն»: Եւ քանի յատկանիշներ, արժէքներ եւ փորձառութիւններ յաւիտենական եւ անփոփոխ իսկութիւններ չեն, ուրեմն՝ տարբերութիւններ են, ապա՝ նոյնութեան գործօնը եւս էապէս տարբերութեան գործօն մըն է:
Յիշողութեան գործօնը: «Հաւաքական փորձառութիւններ, ըլլան անոնք ահաւոր, ինչպէս ցեղասպանութիւնը, կամ փառաւոր նուաճումներ, միայն զանոնք ապրող սերունդի փորձառութիւններ չեն», ըսած է: Պատումներու եւ պատմագրութեան «զօդուած ճիգերու շնորհիւ»՝ փորձառութիւններու յիշողութիւնը կը հիմնաւորէ այլ սերունդներու յիշողութիւնը, զոր ամերիկեան մասնագիտական լեզուն՝ «պոստմեմորյ» կ’անուանէ: Ինք եզրը թարգմանած է՝ յետյիշողութիւն: Այս յիշողութիւնը է «անձի մը չապրած փորձառութեան յարատեւումը»: Յիշողութեան գործօնը «արուեստական» է, ըսած է: Կը հասկնամ՝ կը ստեղծուի: Քանի կը ստեղծուի՝ ապա տարբերութիւն ծնանող է։
Ինքնութիւնը ասոնցմէ զատ՝ այլ գործօններու ալ ազդեցութեան տակն է. ինչպէս՝ ազգականական կապեր, կրօնք, լեզու եւայլք: Անիկա ի մի խօսք՝ «համաստեղութիւն» մըն է, ուժական գործօններու կերպարանաւորութիւն մը, եւ ոչ՝ անշարժ, անփոփոխ թանձրութիւն մը:
Յօդուածի նախորդ մասերը կարդալ նշուած յղումներով։
Comments are closed.