Խաչը, Լեռը, Հաւատքը

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Երբ այսօր կ՛ոգեկոչենք Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանը, բնականաբար պիտի յիշատակենք նաեւ Մուսա Լերան դիւցազնամարտը, երբ բուռ մը հայեր պատմական իրենց բնօրրանը պաշտպանելու համար, Վարդանանց հաւատքով կոփուած, լերան հետ միաձոյլ` բարձրացա՛ն, խոյացա՛ն ու ծառացա՛ն:

Թշնամին դիմագրաւելու եւ «Որ ոչ գիտէ զմահ, երկնչի ի նմանէ, իսկ որ գիտէ զմահ, ոչ երկնչի ի նմանէ» նշանաբանով աներկիւղ ու աննահանջ` մահուան հետ գոյամարտ էր Մուսա Լերան հերոսամարտը, որուն ընթացքին Մուսա Լերան գիւղերու հայութիւնը համակուած էր այն խոր ինքնագիտակցութեամբ, որ իր հաւատքն ու իրաւունքները մինչ ի մահ պիտի պաշտպանէ:

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակահատուածին, տարասփիւռ հայկական գաղթօճախներու հիմնադրման փուլին, Մուսա Լերան վտարանդի ժողովուրդը, բազում դժուարութիւններու ու տառապանքներու բովէն անցնելով, Լիբանանի մէջ հիմը դրաւ սփիւռքեան իր կանգառին: 1939-ի Այնճարի առաջին սերունդին վիճակուած էր` կազմակերպել նորաստեղծ գիւղին կեանքը, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթել սերունդները ու կերտել գաղափարապաշտ եւ ազգային իր պատկանելիութեան գիտակից Այնճարի երիտասարդութիւնը:

Ժողովուրդի մը ազատ, անվտանգ ու բնականոն զարգացումն ու յառաջխաղացքը կը կերտուին մշակոյթի, պատմական յիշողութեան, հայրենասիրութեան եւ ընտանիքի արժեհամակարգերուն վրայ: Վերոնշեալ արժեհամակարգերը առողջ հիմքերու վրայ կառուցելու համար անհրաժեշտ է համայն հաւաքականութեան կողմէ ազգին ծառայելու սկզբունքի ընկալումը: Ազգային գաղափարախօսութեան յենասիւներն են հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութինը: Այնճարի պարագային, 85 տարիներու ընթացքին պահպանուեցան ազգային արժէքները, եւ Այնճարը արգասաւորուեցաւ հայրենատէր սերունդով: Այնճարի 85 տարիներու մաքառումն ու կենսագործունէութիւնը մուսալերեան մեր մարտունակութիւնը վերանորոգելու եւ վերընձիւղելու ուղեցոյցն է:

Մուսա Լերան լանջերու դիւցազնական մեր խոյանքէն ետք, հերոսական գոյապայքարէ ետք, կորուսեալ ծննդավայրէն ետք, կամքը ունեցած ենք յառնելու եւ կենսագործելու Այնճարի լանջերուն: Գիտակից ենք նաեւ, որ բազում մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է Մուսա Լեռ-Այնճարի բոլոր զաւակներու միասնութիւնն ու ամբողջական ներուժի համախումբ մէկտեղումը` ամրակուռ պահելու համար հայկական միջնաբերդ Այնճարը:

Ստեղծագործ հայեր ենք, հերոսաբար հող պաշտպանած հայեր ենք, «Դաշոյն»-ներու ռազմապարի ծնունդ հայեր ենք, եւ եթէ մահն ու համաճարակները յաղթահարած ենք, հաւատացէ՛ք, որ մենք կը յաղթահարենք գալիք դժուարին փուլերը, որովհետեւ Խաչը` մեր հետն է,

Լեռը` մեր հետն է, Հաւատքը` մեր հետն է:

 

Comments are closed.