Խանասորը` Պայքարի Եւ Յաղթանակի Խորհրդանիշ

127-Ամեակ Խանասորի Արշաւանքին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ ֆետայական շարժման եւ ռազմական արուեստի լաւագոյն դրուագներէն է Խանասորի արշաւանքը:

Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայերու դէմ սաստկացող հալածանքները, Համիտեան 1895-1896-ի կոտորածները եւ քրտական ցեղերու տեւական ու սանձարձակ յարձակումները յուսալքութեան ալիք բարձրացուցած էին ժողովուրդին մէջ:

Վանի 1896-ի ինքնապաշտպանութենէն ետք հայ մարտիկները` բրիտանական հիւպատոսի երաշխաւորութեամբ, անզէն ճամբայ ելան դէպի Պարսկաստան, բայց քրտական աւազակախումբերու կողմէ պաշարուեցան ու կոտորուեցան: Վճռական եղաւ յատկապէս Մազրիկ ցեղին դերակատարութիւնը: Դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի գլխաւորած հարիւրաւոր երիտասարդները զոհ գացին:

Թիֆլիսի մէջ կայացած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շրջանային ժողովին որոշուեցաւ` ժողովուրդի ոգին բարձրացնելու նպատակով, հակահարուած տալ թուրքերուն ձեռքը լծակ դարձած քիւրտ հրոսակներուն:

Նիկոլ Դուման Բիւրոյին առաջարկեց արշաւանք կազմակերպել Մազրիկ ցեղին դէմ:

Արշաւանքի նպատակայարմարութեան, արդիւնաւէտութեան եւ նաեւ յաջողելու հաւանականութեան հանդէպ կային տարակարծութիւններ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ Յարութիւն Շարիկեան Թաւրիզ առաքուեցաւ: Արշաւախումբի կազմութիւնը վճռահատուեցաւ 1897 յունիսին:

Ատրպատական հաւաքուեցաւ ֆետայական շարժման սերուցքը: Կազմուեցաւ արշաւախումբ, բաղկացած` 253 անձերէ, որոնցմէ 40 հոգին` հեծեալ: Ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Վարդան, օգնական` իշխան Յովսէփ Արղութեան: Հարիւրապետներ` Փոխիկ եւ Ախպէր, յիսնապետ` Նիկոլ Դուման, հեծելախումբի հրամանատար` Սեւքարեցի Սաքօ:

Մազրիկցիները վրանաբնակ քոչուոր ցեղախումբ էին եւ շուրջ 250 վրան կը հաշուէին: Անոնք ամարանոց բարձրացած էին Խանասորի դաշտը:

Հայ ֆետայիները` Սալմաստէն ճամբայ ելլելով, Դերիկի վանքին մօտէն հատեցին թուրք-պարսկական սահմանը:

Արաուլ լերան արեւելեան լանջերը հասնելէն ետք հրամանատարը եւ անոր օգնականը հեռուէն ուսումնասիրեցին Մազրիկ աշիրէթին բանակատեղին:

Խանասորի դաշտին մէջ սփռուած էին շուրջ 250 այծի մազէ սեւ վրաններ: Երեք սպիտակ մեծ վրաններ ալ կը պատկանէին ցեղապետ Շարաֆ բէկին:

Մազրիկցիները համիտէի կռուողներ էին: Տարիներու ընթացքին անոնք աւերած էին Աղբակ գաւառի հայկական գիւղերը եւ ջարդած անոնց բնակիչները: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ սուլթան Համիտէն Օսմանիէ Բ. կարգի շքանշան ստացած եւ հազարապետութեան աստիճանին բարձրացած էր: Սահմանագլուխը ֆետայիներէն պաշտպանելու համար Համիտ անոր 50-60 զինուոր տուած էր իբրեւ օգնական:

Ֆետայիները յուլիս 25-ի արեւածագէն առաջ շրջապատեցին Խանասորի դաշտը:

Մազրիկցիներու վրայ յարձակումը սկսաւ առաւօտ կանուխ: Ֆետայիներու կանոնաւոր համազարկերէն վրանները քանդուեցան եւ շատ մազրիկցիներ թաւալգլոր ինկան:

Համազարկերէն ետք  սկսաւ վրաններուն վրայ գրոհը: Ֆետայիներ անխնայ սուրի քաշեցին տղամարդիկը, բայց խնայեցին կիներն ու երեխաները: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ կանացի հագուստով ծպտուած յաջողեցաւ դուրս գալ շրջափակումէ եւ փախուստ տուաւ:

Վրայ հասան շրջակայ քիւրտերը. ֆետայիները սկսան նահանջել: Կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ:

Խանասորի արշաւանքը աւարտեցաւ կատարեալ յաղթանակով: Մազրիկցիները դադրեցան իբրեւ աշիրէթական ուժ գոյութիւն ունենալէ: Հայկական կողմը տուաւ 19 զոհ:

Ռազմական յաղթանակի կողքին, Խանասորը բարոյական նշանակութիւն ունեցաւ եւ մեծապէս ոգեւորեց հայութիւնը:

Ինքզինք միշտ զոհի կարգավիճակի մէջ զգացող հայ շինականը, որ հաւատք եւ յոյս չունէր որ կրնայ ազատագրուիլ թրքական եւ քրտական կեղեքումներէն, հայրենի հողին, սեփական ինչքին ու պատիւին տէր կանգնելու յանդգնութեամբ լեցուեցաւ: Ազգային ազատագրական պայքարին առջեւ կռիւը նոր թափով շարունակելու եւ ծաւալելու հորիզոններ բացուեցան:

Մազրիկ ցեղի նուաճումով հնարաւոր դարձան զէնքի ու զինամթերքի յաջող առաքումները Սալմաստէն դէպի Երկիր:

Խանասորի արշաւանքը զգաստացուց քիւրտն ու թուրքը: Քիւրտեր սկսան զգուշանալ հայ ֆետայիներուն հետ բախումներէ եւ նոյնիսկ եղան գործակցութեան դէպքեր: Քիւրտ ցեղեր եւ ցեղապետներ հասկցան, որ իրենց կը սպասէ Մազրիկ ցեղին եւ Շարաֆ բէկին ճակատագիրը` փախուստ կամ մահ` վրիժառու հայ ֆետայիի արձակած գնդակէն:

 

Comments are closed.