Խաղաղութեան Օրակարգին Կեղծիքը

Կ՛ըսուի յաճախ, որ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է, սակայն` ոչ անկարելիին:

Խաղաղութեան օրակարգին մասին աւելի քան երկու տարիէ կը խօսուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, սակայն Ազրպէյճան հակառակ ուղղութեամբ կը գործէ ոչ միայն Արցախի, այլ Հայաստանի տարածք ներխուժելու իր նկրտումներով:

«Տարածքային ամբողջականութիւն» եզրոյթը շահագործելով` Ազրպէյճան խլեց Արցախը, հիմա նոյն այդ օրէնքը ի՛նք խախտելով կը յարձակի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու վրայ` անգամ մըն ալ պարզելով, որ խաղաղութիւնը բնաւ տեղ չունի ու չէ ունեցած Ազրպէյճանի ու անոր զօրավիգ կանգնող Թուրքիոյ օրակարգերուն վրայ:

Խաղաղութիւնը լոզունգ եղած է անոնց համար պարզապէս` Հայաստանի պաշտպանողականութիւնն ու անվտանգութիւնը թուլցնելու, փոխարէնը` զինուորական յարձակման նախապատրաստուելու:

Ճամբաներու ապաշրջափակման օրակարգը, հակառակ Հայաստանի իշխանութիւններուն հաւանութեան արժանանալուն, չբաւարարեց Ազրպէյճանն ու Թուրքիան: Ազրպէյճան փաստեց, որ ոչ թէ կը ձգտի ճամբաներու ապաշրջափակումը ապահովել` գործակցելով դրացի երկիրներու հետ, այլ այդ ճամբաները իր եւ Թուրքիոյ բացարձակ վերահսկողութեան ենթարկել, որպէսզի կարենայ իր օրէնքները պարտադրել:

Տապալած է 9 նոյեմբերի համաձայնութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճան խախտած է զինադադարն ու միջազգային օրէնքը:

Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները լուռ կը մնան Ազրպէյճանի ոտնձգութիւններուն դիմաց` հաւանաբար Ռուսիոյ համար ազրպէյճանաթրքական յարձակումին դէմ նոր ճակատ մը բանալու եւ անոր ուժերը տարտղնելով Ուքրանիոյ պատերազմին արդիւնքը շրջելու, միեւնոյն ատեն Իրանի սահմանին ազրպէյճանաիսրայէլեան ներկայութիւնը ամրագրելու, թէկուզ` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան հաշուոյն:

Կը թուի, թէ Արեւմուտքն ու Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն գերին մնալ բռնապետ Ազրպէյճանի կազին ու ապօրինի գործողութիւններուն` յանուն իրենց շահերուն, իսկ Ռուսիան անհամարձակ միջամտութիւններով դիտորդի դերին մէջ պիտի մնայ` առանց խանգարել ջանալու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ իր տնտեսական շահերն ու Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հետ իր սակարկութիւնները: Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք ռուսական միջամտութեամբ Սուրիոյ թղթածրարին առնչուող թրքական խոստումները:

Հայաստանի ապահովութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը միակ պաշտպանողը պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդը` իր բազուկով, իր վճռակամութեամբ վերջ տալով խաղաղութեան կեղծ օրակարգով շարունակուող նահանջի դրսեւորումներուն:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.