Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 20 – Ձայն բարբառոյ յանապատի՞» հատորը
Առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը՝ «ՈՍՏԱՅՆ 20 – Ձայն բարբառոյ յանապատի՞»։
Այնտեղ ընտրովի ի մի բերուած են հեղինակին ընդհանրապէս (բայց ոչ միայն) հրապարակագրական էջերէն 285 գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 1960էն 2024 գլխաւորաբար «Յուսաբեր», «Հայաստան», «Հայրենիք, «Դրօշակ» ու մանաւանդ «Հորիզոն» թերթերուն մէջ։
Գիրքը կը բաղկանայ հինգ մասերէ, որոնք կոչուած են «պատուհան» եւ իրենց կարգին կազմուած են զանազան բաժիններէ՝ ըստ նշուած նիւթերուն.
– Պատուհան առաջին՝ «Ինքնութիւն, ինքնաքննութիւն», «Լեզու եւ գրականութիւն», «Մամուլ», «Մշակոյթ», «Կրթութիւն».
– Պատուհան երկրորդ՝ «Մայիս 28», «Հայաստան եւ Արցախ», «Հայրենիք-Սփիւռք», «Սփիւռք», «Միասնականութիւն».
– Պատուհան երրորդ՝ «ՀՅԴ – Կազմակերպական», «Երիտասարդութիւն», «ՀՕՄ, ՀՄԸՄ».
– Պատուհան չորրորդ՝ «Ապրիլ 24», «Հայ դատ, պայքար», «Անհատ – Հաւաքականութիւն».
– Պատուհան հինգերորդ՝ «Մարդկային իրաւունքներ եւ արժէքներ»։
«Պատուհանները բանալէ առաջ…» վերնագրուած իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, թէ «Յօդուածները գրեթէ կամայականօրէն բաժնուած են այդ պատուհաններուն միջեւ, քանի որ մտածումի նոյն կարմիր գիծը կ՚անցնի անոնց բոլորին ընդմէջէն՝ շեշտելու համար հայերէնի ու հայերէն սորվելու ճիգի կարեւորութիւնը եւ ազգային ինքնութեան ու մարդկային այլ իրաւանց պահպանման ի խնդիր մնայուն պայքարի անհրաժեշտութիւնը։ Ի հարկէ այդ կարմիր գիծը կարելի է տեսնել ցարդ լոյս տեսած բոլոր նախորդ 19 հատորներուս մէջ ալ»։
Գիրքը ձօնուած է Վրէժ-Արմէնի քննադատներուն, որոնց շնորհիւ, կ՚ըսէ ան, «ես արթուն եւ լարուած կը պահուիմ…»։
Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժ. Արմենակ Եղիայեանին, որուն սուր աչքէն անցած են յատկապէս վերջին տարիներու գրութիւնները, իր կեանքի ընկերոջ՝ Նազիկ Գուլաքեան-Արթինեանին, որ «միշտ առաջին ընթերցողս ու սրբագրիչս կը հանդիսանայ», Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ կը շարագրէ չթուայնացած յօդուածները, William Justen de Vasconcellosին, որուն լուսանկարը անվճար տրամադրուած է զարդարելու համար գիրքին կողքը, եւ Իշխան Չիֆթճեանին, որ իր Հայերէն Blog կայքէջին վրայ սիրայօժար տեղ կը տրամադրէ հեղինակի հատորներուն։
Հատորը կարդալ ամբողջութեամբ այցելելով ՀԱՅԵՐԷՆ BLOGի ԳԻՐՔԵՐ բաժինը․
Comments are closed.