Լոյս տեսաւ «Հորիզոն»ի ամանորի բացառիկը

«Հորիզոն»ի ամանորի 22-րդ բացառիկի կողքի լուսանկարը կը ներկայացնէ ԺԷ. Դարուն կառուցուած Արցախի Մարտակերտի շրջանի Երից Մանկանց վանքն ու արցախցի երեխաները։ Պատերազմէն ետք կեանքը կը շարունակուի Արցախի մէջ։

Բացառիկի առաջնորդող յօդուածը քննարկման կ՚ենթարկէ Արցախեան պատերազմէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական զարգացումները եւ Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան դէմ ծառացած աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները։

Յատուկ հարցազրոյցով անդրադարձ կը կատարուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցի, Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագանատական գործունէութեան մասին։

Հայաստան հաստատուած լիբանանահայ հայրենադարձներու մասին յօդուածը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական տագնապներէն ետք հայրենիք տեղափոխուած լիբանանահայերու փորձառութիւնը։

Թրքագէտ եւ քաղաքական փորձագէտ Վարուժան Գեղամեանի եւ պատմաբան Ռուբէն Սաֆրաստեանի հետ հարցազրոյցներով վերլուծման կ՚ենթարկուին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի անձնատուողական համաձայնագիրը եւ Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ։

«Մեր օրակարգը» յօդուածը յստակ գիծերով բանաձեւումը կը կատարէ Սփիւռքի յառաջիկայ օրակարգին, Սփիւռքի ներուժի համախմբման ու կենսաւէտ օգտագործման։

Ցեղասպանութենէն ետք Աքսորի ենթարկուած ու Արեւմտահայաստանէն տարագրուած ընտանիքի յուշագրութեան մասին գրախօսականը լոյս կը սփռէ Եղեռնէն ետք Արեւմտահայաստանի մնացորդացի ոդիսականին մասին։

Անգլերէն բաժնով կը ներկայացուի հայրենի բեմադրիչին կողմէ պատրաստուած «Հորիզոն» շաբաթաթերթի փաստավաւերագրական ժապաւէնի մասին յօդուածն ու յոյն բժիշկին ճանապարհորդագրութիւնը Արեւմտահայաստան։

Շահեկան հարցազրոյցով մը ֆրանսերէնով կը ներկայացուի Ֆրանսահայ գաղութի Արֆորվիլի հայ համայնքի կազմակերպական կեանքը։

Կողքի Լուսանկարը՝ Սեւակ Ասրեանի

Յաւելուածը կարդալ այս յղումով

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.