Լոյս տեսաւ «Հայաստանի, Արցախի Եւ Սփիւռքի Լեզուական Կեանքի Ուրուագծային Պատկեր» Տեղեկագիրը

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Լեզուի կոմիտէն հրապարակեց «Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լեզուական կեանքի ուրուագծային պատկեր» (2019-2022) թուականներու տեղեկագիրը,  որուն մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուած է տուեալ ժամանակահատուածին հայոց լեզուի վիճակը:

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէն արձանագրած է, որ կը շարունակէ ապահովել մեր երկրի ամբողջ տարածքին պետական լեզուն գործառելու բացառիկ իրաւունքի իրացումը եւ ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներու օրէնսդրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Այս գործընթացը կ՛ենթադրէ տեղեկութեան մնայուն հաւաքում, մշակում, պահանջում եւ միաժամանակ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հասարակութեան տրամադրելու լեզուի առկայ վիճակին առնչուող ամփոփ տեղեկութիւն:

Տեղեկագիրի պատրաստութեան աշխատանքները ղեկավարած է Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանը: Հեղինակային խումբը կարեւոր կը նկատէ տեղեկութիւնները ընտրելու հարցը: Տեղեկագիրը կազմուած է` սահմանելով չափորոշիչներ, որոնցմէ առաջնայինը ժամանակատարածականն է:

Տարածական առումով, նիւթը ներառած է Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Աշխատանքին մէջ առաջնայնութիւնը վերապահուած է իրողութիւններու եւ գործընթացներու լեզուաքաղաքական կողմին, նկատի առնուած են նաեւ պետական քաղաքականութեան ուղղակիօրէն չառնչուող դէպքերը:

Տեղեկագիրին մէջ ընդգրկուած իւրաքանչիւր տեղեկութեան կից տրուած է Քիւ.Առ. ծածկագիր (QR code), որ կ՛ապահովէ տեղեկութեան հաւաստիութիւնը:

Աղաւաղումներէն խուսափելու նպատակով ներկայացուած են հրապարակային խօսքի եւ գրութիւններու շարք մը մէջբերումներ  (իրաւական փաստաթուղթեր, յօդուածներ, ելոյթներ եւ այլն): Այս նկատառումով չեն թարգմանուած, այլ տառադարձուած ու բացատրուած են այս պահուն հայերէն համարժէք չունեցող որոշ օտար բառեր:

Տեղեկագիրէն կրնանք իմանալ, որ Լեզուի կոմիտէն 2019-2021 թուականներուն եւ 2022-ի առաջին կիսամեակին մշտադիտարկած է զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումներու, հաղորդումներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու լեզուն: Մշտադիտարկման արդիւնքները վերլուծուած են գրական հայերէնի կանոններէն շեղումներ արձանագրող ամփոփ գրութիւններու մէջ, որմէ ետք 84 ամփոփագիր կազմուելով` հասցէատէրերուն ուղարկուած է:

Կոմիտէի կայքին, Դիմատետրի էջին, տարբեր թերթերու, ամսագիրներու եւ կայքերու վրայ հրապարակուած է լեզուական տարաբնոյթ հարցերու եւ տարածուած լեզուական սխալներու, հայկական եւ թարգմանուած գեղարուեստական ու մանկական ժապաւէններու լեզուին անդրադարձող շուրջ 300 յօդուած եւ թղթակցութիւն:

Հայերէն նոր բառերու ելեկտրոնային շտեմարան կազմելու նպատակով Լեզուի կոմիտէին մէջ մուտքագրուած է շուրջ 20 հազար բառայօդուած: Մուտքագրուած է նաեւ ելեկտրոնային եզրաբանական շտեմարանի 10 հազար բառային միաւոր:

Ամսական պարբերականութեամբ Լեզուի կոմիտէն հրապարակած է յորդորակներ, որոնք օտար բառերու հայերէն համարժէքներու ցանկեր եւ լեզուական սխալներու կամ շփոթութիւններու վերլուծութիւններ են: Յորդորակները կ`ուղարկուին պետական կառավարման մարմիններուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներուն եւս: Այս ցանկերը եւ վերլուծութիւնները կը զետեղուին կոմիտէի կայքին եւ ընկերային էջերուն վրայ: Օտար բառերու մօտաւորապէս հազար միաւոր հայերէն համարժէքներու ցանկերը կարելի է տեսնել կայքի «Օտար բառեր» բաժինին մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութեան հնգամեայ (2021-2026) թուականներու ծրագիրով կը դիտարկուին Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնին յատուկ կարգավիճակ տալու օրէնսդրական կարելիութիւնները: Նախատեսուած է կազմակերպել արեւմտահայերէնի պահպանութեան ուղղուած կրթական եւ գիտական միջոցառումներ, որոնց շնորհիւ պիտի ամրապնդուի արեւմտահայերէնի կարգավիճակը բարձրագոյն կրթութեան, հանրակրթական եւ լրացուցիչ ուսումնական ծրագիրներու մէջ:

Տեղեկագրին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սփիւռքի մէջ հայերէնի դասաւանդման նպատակով տարբեր համայնքներու մէջ ստեղծուած առցանց հարթակներուն եւ հաստատութիւններուն, արտերկրի մէջ գործող հայագիտական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ` հայերէնի պահպանութեան եւ զարգացման առնչուող շարք մը հարցերուն:

Յատուկ շեշտադրուած են լեզուաքաղաքական յարաբերութիւնները` զանոնք դիտարկելով ազգային եւ պետական փոխյարաբերութիւններու ծիրին մէջ: Ներկայացուած է նաեւ հայերէնի հրապարակման գործընթացը:

Յիշեցնենք, որ «Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի լեզուական կեանքի ուրուագծային պատկեր» (2019-2022) թուականներու տեղեկագիրը զետեղուած է Լեզուի կոմիտէի պաշտօնական կայքին վրայ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.