Լոյս Տեսաւ «Աննա Հարսը» վէպի իտալերէն հատորը
Սփիւռքահայ գրագէտ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը լոյս տեսաւ իտալերէն լեզուով։ Գիրքը կը նկարագրէ Մեծ Եղեռնի օրերուն Քեսապի տեղահանութիւնն ու տարագրեալներու ոդիսականը։ Գրքին թարգմանութիւնը կատարած է փրոֆ. Գեղամ Պոլոյեանը՝ թարգմանիչ Տանիելա Մուսարտոյի օժանդակութեամբ։ Տպագրուած է Radici հրատարակչատան կողմէ։ Շնորհանդէսը պիտի կատարուի Պարի քաղաքին մէջ, յառաջիկայ Ապրիլ 20-ին։
Հրապարակագրական-երգիծական յօդուածներով եւ «Ձիւնական» գրչանունով ծանօթ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան ծնած է Քեսապի Քէօրքիւնա գիւղը` 1941-ին: 25 տարի ծառայած է կրթական ասպարէզին մէջ: Որպէս գրագէտ աշխատակցած է «Բագին» գրական ամսագիրին եւ «Ազդակ» օրաթերթին: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու, օտարացած, ապա իրենց ինքնութիւնը վերագտածներու, իսլամացած հայերու մասին պատմութիւններ ու վկայութիւններ հաւաքելու հետեւողական աշխատանք տարած է: Իր գործերէն են. «Հելէ, Հելէ, Հելէ Քեսապ», «Աննա հարսը» (վէպ), «Ցկեանս նահատակութիւն», որ նաեւ լոյս տեսած է արաբերէնով եւ սպաներէնով «Պէյրութ», «Նետենք-բռնենք…» (մանկապատանեկան), «Աղբարի՜կ, ափիկ մը ջուր…» («Ցկեանս նահատակութիւն» շարքին երկրորդ հատորը), «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» պատանեկան հատորը («Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքին շարքէն): Գ. Աբէլեան մահացաւ 3 Դեկտեմբեր, 2011ին:
Իր գիրքերուն մէջ կը հանդիպինք Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու, որոնք կը նկարագրեն իրենց ոդիսականը։ Աբէլեանի հետազօտութիւններուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն շրջանի 25 հազար անդամ հաշուող «Աշիրաթ արման ալ շաթա» իսլամացած հայ ցեղախումբի պատմութիւնը։