Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Դիմաց Նստացոյց՝ «Ո՛չ Յանձնուողական Քաղաքականութեան» Խորագիրով
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, շաբաթ, 4 մայիս 2024-ին՝ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ նստացոյց՝ «Ո՛չ յանձնուողական քաղաքականութեան» խորագիրով։
Ասոր զուգահեռ, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Հայաստանի դեսպան՝ Վահագն Աթաբեկեանին հետ, յանձնելու նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի երիտասարդութեան կտրուկ մերժումը Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութեան ու հողերու միակողմանի զիջումներուն:
Հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցաւ սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան ու երիտասարդութեան մերժողական կեցուածքը Հայաստանի իշխանութիւններուն տուած վերջին որոշումներուն ու յայտարարութիւններուն նկատմամբ, իսկ դեսպանին յանձնուած նամակին մէջ ալ խստիւ կը դատապարտուին՝
ա. Ուժի սպառնալիքի տակ իրականցնուող որեւէ գործընթաց, որ կը խախտէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը:
բ. Առանց օրինական ընդհանուր սահմանային համաձայնութեան մը որոշ շրջաններու զիջումը, յատկապէս միակողմանի ձեւով, որ օրինական չէ:
գ. Հայրենիքի սահմանային անվտանգութիւնը հարուածելու տրամադրութիւնը առանց երաշխաւորելու երկրի ապահովութիւնը պահպանող այլընտրանք:
Նամակին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ. «Իբրեւ հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգ հայրենասէր երիտասարդութիւն, կու գանք ըսելու, որ կողմ պէտք է ըլլանք միմիայն մեր շահերէն բխող եւ մեր իրաւունքները պահպանող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի մը: Միմիայն կողմ պէտք է ըլլանք ազրպէյճանաթրքական դաշինքի զօրքերու հայրենիքէն դուրսբերման, փրկելու համար մեր երկրի ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանադրութեան առաջին յօդուածով ամրագրուած սկզբունքները: Միմիայն կողմ պէտք է ըլլանք հայրենիքի անվտանգութիւնը պահպանող եւ ամրապնդող գործընթացներու»։
Հայրենիքի հողերէն որեւէ ձեւի զիջում մերժող ԼԵՄ-ականները, Զաւարեանականներն ու պատանիները դեսպանատան դիմաց նստացոյցին ընթացքին բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ նշուեցաւ. «Տաւուշը է՛ ու կը մնայ հայկական հողատարածք», «Երէկ Շուշին, այսօր Տաւուշը, վաղը Երեւանը», «Ո՛չ միակողմանի զիջումներու»:
Սոյն նստացոյցն ու հանդիպումը կու գան հաստատելու, որ ներկայ իշխանութիւնները միակողմանի կերպով չեն կրնար ճշդել ամբողջ ազգի մը ճակատագիրը:
Comments are closed.