Լաւալի Քաղաքապետարանը կ’ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը
2 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը՝ յատուկ բանաձեւով մը, զոր ներկայացուց Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վիրժինի Տիւֆուր, ներկայութեամբ Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերսի, Լաւալի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ռէյ Խալիլի (Սենթ-Տօրօթէ շրջան, Քաղաքապետական խորհուրդի վարչութեան անդամ), Վասիլիոս Քարիտօճիանիսի (Լապօր-ա-Փլուֆ շրջան), Ալին Տիպ (Սեն Մարթէն շրջան), Արամ Էլակէօզի (Ռընօ շրջան), Վիրժինի Տիւֆուրի (Սենթ-Ռօզ շրջան, Քաղաքապետական խորհուրդի վարչութեան անդամ), Սանտրա Էլ-Հըլուի (Սուվընիր-Լապէլ), Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն, Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ գործող միութիւններու եւ մարմիններու՝ յատկապէս ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի ԳԵմ-ի եւ Ս․ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու, որոնք ներկայ գտնուեցան բանաձեւին քուէարկութեան:
Տիկին Տիւֆուր իր խօսքը սկսաւ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմականին, ապա յայտնեց․ «1999-ին Լաւալ քաղաքը արժեւորելով Լաւալի հայ համայնքին գնահատելի ներդրումը, որդեգրեց բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 84-րդ տարելիցը: Իսկ Քեպէգի Ազգային ժողովը 2003-ին հրապարակեց Օրէնք մը, որ կը սահմանէ Ապրիլ 24-ը` որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր։ 2015-ին, M-587 միաձայն բանաձեւով, Գանատան հռչակեց Ապրիլ ամիսը, որպէս յիշատակի եւ դատապարտման ամիս»:
Հայ Դատի Լաւալի յանձնախումբը կ’ողջունէ Քաղաքապետական խորհուրդի այս քայլը, որ կոչ կ’ընէ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ լաւալցիներուն՝ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն, յատկապէս՝ Ապրիլ 24-ին։