Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչը քաղաքապետական ընտրութիւններուն առիթով
2872
0
Սիրելի Լաւալաբնակ Հայրենակիցներ,
Լաւալի քաղաքապետական ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան, Կիրակի 5 Նոյեմբեր, 2017-ին:
Առ այդ կոչ կ’ուղղենք ձեզի, Լաւալաբնակ մեր հայրենակիցներ, մասնակցելու այս ընտրութիւննե-րուն դառնալով գործօն քաղաքացիներ եւ մանաւանդ՝ լսելի դարձնելով հայութեան ձայնը:
Հայ Դատը օրն ի բուն կ’աշխատի օգտակար դառնալու մեր թեկնածուներուն: Ընտրութիւններու սեմին, կարիքը ունինք կամաւոր ձեռքերու, այս կարեւոր աշխատանքի յաջողութեան համար, ըլլան անոնք շաբաթը 2-3 ժամ հեռաձայնային արշաւով թէ աջակցելով նախընտրական գործերուն:
Պիտի խնդրէինք ընթացք տալ մեր կոչին կապուելով Լաւալի Հայ Դատի գրասենեակ՝ info@cnaq.ca ե- նամակով կամ հեռաձայնելով՝ 438-388 6771 թիւին:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբ