Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբի կոչը լաւալաբնակ հայութեան
Սիրելի լաւալաբնակ հայրենակիցներ,
Կը վերյիշեցնենք, որ Լաւալի քաղաքապետարանի ընտրութիւնները (élection municipale) տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 5 Նոյեմբեր, 2017-ին:
Կ’ուզենք ձեր ուշադրութեան հրաւիրել, որ բոլոր անոնք որոնք 5 Նոյեմբերին չեն կրնար ընտրութեան մասնակցիլ, քաղաքապետութիւնը յաւելեալ առիթ մը կ’ընծայէ իրենց, (pre election) Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-էն երեկոյեան ժամը 8։
Կը տեղեկացնենք ձեզի, որ Արամ Էլակէօզի ընտրական արշաւը կը շարունակուի Լաւալի Հայ Կեդրոնի 3րդ յարկէն, Երկուշաբթի 23 Հոկտեմբերէն մինչեւ 29 Հոկտեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 5-9, իսկ Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 11-էն կէսօրէ ետք ժամը 5:
Նախընտրութիւններու օրը Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11-էն երեկոյեան ժամը 8, կարիքը ունինք հեռաձայնող կամաւորներու, ինչպէս նաեւ վարորդներու:
Հայ Դատի Յանձնախումբի թեկնածուներն են գործող քաղաքապետ մարք Տեմերս եւ Արամ Էլակէօզ:
Կը յուսանք կ’ընդառաջէք մեր կոչին եւ կը բերեք ձեր աջակցութիւնը:
Լաւալի Հայ Դատի Յանձնախումբ