Լարա Գազանճեան Գանատայի 17 տարեկան աղջիկներու ոտնագնդակի ազգային խումբի աստղերէն
Մոնթրէալահայ 15-ամեայ Լարա Գազանճեան 2016-էն ի վեր մաս կը կազմէ Գանատայի կրտսեր աղջկանց ոտնագնդակի ազգային խումբին։
4 տարեկանէն ի վեր ոտնագնդակի խաղադաշտերուն վրայ սուրացող Լարան 2016-ին առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է Գանատայի կրտսեր աղջկանց ոտնագնդակի ազգային խումբ։ Այդ տարի Ֆլորիտայի մէջ ան մասնակցած է 15 տարեկան աղջիկներու CONCACAF մրցաշարքին, ուր Գանատայի կազմը յաղթանակ արձանագրած է Սալվատորի եւ Մեքսիքոյի դէմ, սակայն պարտութիւն կրելով Միացեալ Նահանգներէն տիրացած է արծաթ մետալին։
2017-ի աշնան, 15-ամեայ Լարան ընդգրկուած է Գանատայի 17 տարեկան աղջիկներու կազմին մէջ եւ մասնակցած Չինաստանի Քինկտաու քաղաքին մէջ կայացած միջազգային մրցաշարքի մը։ Գանատացիները պարտութիւն կրած են Չիաստանէն եւ Ճաբոնէն եւ հաւասարած Միացեալ Նահանգներու հետ։
Լարան մինչեւ վեցերորդ դասարան յաճախած է Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Գոլէճ Տէ Մոնթրէալի մէջ։