Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանը վերսկսաւ իր դասընթացքը

Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները վերսկսան իրենց բնականոն դասընթացքը, ներկայութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ այս դժուար օրերը յաղթահարելով դարձեալ վերադարձանք մեր գրասեղաններուն ետեւ՝ շարունակելու մեր դասաւանդութիւնը։ Ան մաղթեց ապահով, անփորձանք եւ խաղաղ օրեր։
Ապա աշակերտները ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ բարձրացան իրենց դասարանները։

Comments are closed.