Իրան-Հայաստան Յարաբերութիւններու Գործնական Զարգացման Հեռանկարներ

Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի, Կապանի մէջ մեկնարկած «Հայաստան-Իրան. համագործակցութիւն եւ հեռանկարներ» խորագիրով փորձագիտական աշխատաժողովի բացման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի հետ Իրանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իրանի քաղաքական ուղղուածութեան՝ տարածաշրջանային հարցերուն վերաբերող:

Ան անհրաժեշտ նկատեց Հայաստան-Իրան սահմանին նոր, աւելի մեծ կարողականութեամբ կամուրջի կառուցումը՝ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան նախանշուած ծաւալին հասնելու համար:

«Արաքսի վրայ գոյութիւն ունեցող  կամուրջը բաւարար չէ, պէտք է կառուցենք նորը, որպէսզի կարենանք աւելցնել բեռնատարներուն կարելիութիւնները: Շատ աշխատանքներ ունինք իրականացնելիք, եւ շատ վառ ապագայ կը սպասէ մեզի», ըսաւ Սոպհանի:

Սոպհանին անդրադարձաւ նաեւ «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհի Ագարակ-Քաջարան հատուածի կառուցման նշանակութեան ու կարեւորութեան:  «Նախ ըսեմ, որ մեր առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը կը կազմէ 700 միլիոն տոլար, եւ երկու երկիրներու ղեկավարները արդէն 3 միլիառ տոլարի հասցնելու շեմ սահմանուած է: Որպէսզի կարողանանք հասնիլ այդ նպատակին, պէտք է ենթակառուցուածքներ ստեղծենք: Հետեւաբար, շինարարական աշխատանքները պիտի նպաստեն հասնելու այդ նպատակին: Երբ աւարտին հասնի Ագարակէն Քաջարան 32 քիլոմեթրնոց ճանապարհահատուածի կառուցումը, երթեւեկի 1 ժամ 20 վայրկեան ժամանակահատուածը պիտի կրճատուի՝ հասնելով 20 վայրկեանի: Պիտի փոխուի նաեւ ճամբու լայնութիւնը՝ 6 մեթրէն դառնալով 18 մեթր: Բնականաբար, ճամբու այդ հատուածին մէջ պիտի կարենանք խթանել երթեւեկութիւնը, որմէ ետք Քաջարանի փապուղիի հարց պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Քաջարանէն Սիսիան 62 քիլոմեթրնոց հատուածը», նշեց դեսպանը՝ աւելցնելով, որ նշուած ենթակառուցուածքներու շինարարութեան իբրեւ արդիւնք կ՛ակնկալուի բեռնատարներու օրական թիւի յաւելում՝ քանի մը հարիւրով:

Սոպհանի նաեւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Կապանի օդակայանէն դէպի Իրան ուղիղ թռիչքներու կարելիութիւն մը ըլլայ։ «Յոյս ունինք, որ այս օդակայանը պիտի զարգանայ եւ պիտի կարենանք Կապանէն Իրանի տարբեր քաղաքներ ունենալ ուղիղ թռիչքներ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի ապահովութիւնը եւ զարգացումը նաեւ Իրանի ապահովութիւնը եւ զարգացումն է:

Comments are closed.