Իրանեան Ազդակներ Եւ Թրքական Ագիլէսեան Կրունկներ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ իր երկիրը յառաջընթաց գրանցած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Պաշտօնական Թեհրանը իր գրաւոր պատասխանը տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին: Նախադրեալները կը խօսին որոշ առկախ հարցերու մասին, որոնք, ըստ Թեհրանի յայտարարութեան, չեն ստուերեր ընդհանուր համաձայնութիւնը, որուն մօտ են կողմերը: Բնականաբար կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու պատասխանին:

Միջնորդաւորուած այս բանակցութիւններուն մէջ կայ Քաթարի դերակատարութիւնը:

Անպայման այս պարունակին մէջ պէտք է ընկալել Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, թէ` Իրանը ի վիճակի է մասամբ փոխհատուցել Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած ուժանիւթային համաշխարհային պակասը:

Այսքան փոխկապակցուած են երկու հանգոյցները: Ըստ էութեան, Արեւմուտքը կեդրոնացուցած է իր ջանքերը չէզոքացնելու Չինաստան-Ռուսիոյ դաշնութիւն-Իրան առանցքը: Այս պարագային հիմնական թիրախը Մոսկուայի չէզոքացումն է համաշխարհային շուկայէն:

Այստեղ Քաթարի միջնորդութիւնը ուշագրաւ է. իսկ Քաթարը, որ իր հերթին ենթարկուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կազմակերպուած շրջափակումին` հիմնականին մէջ Իրանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն պահելու քաղաքականութեան պատճառով, ազդեցիկ գործօնի դեր վերստանձնած է տարածաշրջանին մէջ: Քաթարը սակայն Անգարայի հետ խորացուած յարաբերութիւններ ունի եւ կը կրէ ազդեցութիւնը Թուրքիոյ` իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ. ամէնէն շատ երեւցաւ այս համակարգումը սուրիական պատերազմի ընթացքին:

Քաթարի միջնորդութիւնը Արեւմուտքի եւ Թուրքիոյ հետ համադրուած գործողութիւն է: Ուրուագիծը ուրեմն այս բոլորին մէջ Ռուսիոյ չէզոքացման ուղղութեամբ Անգարայի եւ Թեհրանի խուսանաւումներն են: Այդ չի նշանակեր անշուշտ, որ այլ ուղղութիւններու վրայ Թեհրանն ու Անգարան համաձայն են: Մեր մասով, օրինակ` Թեհրանը պարզ դարձուց, որ չի հանդուրժեր իր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն: Սիւնիքի մէջ իրանեան հիւպատոսութիւն հաստատելու Թեհրանի որոշումը համահունչ է այդ դիրքորոշումին:

Տարածաշրջանային առումով ուրեմն 3+3-ը կայանալու նախադրեալներ կը կորսնցնէ: Այս առաջադրանքի գլխաւոր առաջնորդը կը թուէր, որ Անգարան է, որ անվերջ այս ձեւաչափի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը կը յուշէր եւ զայն կը ներկայացնէր իբրեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հիմնական գրաւական:

Անկախ անկէ, որ այս ձեւաչափի երկրորդ բաղադրիչը` Վրաստան-Հայաստան-Ազրպէյճան մասով, կայացման իրականութենէ հեռու է, պէտք է մտապատկերենք նաեւ, որ յատկապէս Թեհրանի եռակողմ հանդիպումէն ետք պարզ դարձաւ, որ ռազմավարական կարեւորագոյն հարցերու առումով առաջին միաւորի բաղադրատարր երկիրները եւս` Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա, համաձայն չեն ռազմավարական կարեւոր հարցերու շուրջ: Այս անհամաձայնութիւնը, անկախ զանգեզուրեան միջանցքէն, զգալի էր նաեւ սուրիական տարածքներու վրայ թրքական ներխուժում իրականացնելու Անգարայի նկրտումներուն դէմ իրանեան արգելքի առարկայացումով:

Հիմա Թեհրանի հետ բեկումնային համաձայնութիւններու յանգելու նախաշեմին է աշխարհաքաղաքականութիւնը: Հիւլէական գործարքը պայմանաւորուած է ուժանիւթի գործարքին հետ: Իսկ ուժանիւթային նոր շուկայ ստեղծելը ռուսական համարժէք շուկայի սահմանափակման կը միտի, ինչ որ իր հերթին կը ծառայէ Ռուսիոյ մեկուսացման կամ պատժամիջոցային քաղաքականութեան:

Իրանի հետ ընդհանուր համաձայնութիւնը իր հետեւանքը կ՛ունենայ նաեւ միջերկրականեան ծովուն վրայ եւ աւելի մասնակի` սահմանազատումներուն, եւ միջերկրականեան ուժանիւթի շահարկման գործարկումներուն: Ռուսական ուժանիւթի սահմանափակումին համար այլընտրանքային շուկաներ պէտք են: Այդ նոր շուկաներու բացումը կը փոխէ աշխարհաքաղաքական պատկերը:

Նոր համապատկերին մէջ պէտք է փորձել տեսնել Անգարայի դերը, ագիլէսեան կրունկը եւ աշխատիլ այդ թոյլ կէտին նկատառումով առաւելներ ձեռք ձգել:

Այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ Իրանի գործօնի ազդեցիկութեան յաւելումը չի բխիր Անգարայի, հետեւաբար նաեւ Ազրպէյճանի շահերէն:

Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութիւնը: Այս բոլոր պատճառներով է, որ Երեւանը պիտի փորձէ իրեն պարտադրուող զիջումներու գործողութիւնները ձգձգել կամ ընդհանրապէս առկախել: Իշխանափոխութեան գործընթացի մեկնարկը լիովին կրնար նպաստել այդ ձգձգումին: Քաղաքական նման մտածողութեան նշոյլ, ցաւօք տեսանելի չէ:

Անկախ հայկական կողմէն սակայն գործընթացները կրնան արագանալ եւ փոխել այսօրուան իրավիճակը: Ներկայ ժամանակները կը յատկանշուին գոյավիճակներու արագ եւ բեկումնային յարափոփոխութիւններով:

Խմբագրական «Ազդակ»ի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.