Իսլամ սիւննի ու շիիթ կրօնականներու համախմբումի խորհուրդը՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ
18 Յունուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանք այցելեց իսլամ սիւննի ու շիիթ կրօնականներու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւնը եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:
Պատուիրակութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ազգին նկատմամբ՝ շեշտելով Բերձորի (Լաչին) միջանցքը բանալու անհրաժեշտութիւնը՝ մարդասիրական մտահոգութենէ մեկնած: Ան նաեւ իր գնահատանքը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան գծով կատարած աշխատանքներուն համար:
Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ կարեւորութեամբ յիշեցուց, թէ ան կրօնական հարց չէ, այլ ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքի պահանջքն է, եւ, հետեւաբար, թէ՛ քրիստոնէութիւնը եւ թէ՛ իսլամութիւնը արդարութեան ու իրաւունքին հետ եղած է միշտ: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրը աւելի ընդլայնելու ու այժմէական հարցեր քննարկելու կարեւորութիւնը: