Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսելի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Եանեք Փոլեթի Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսելի մէջ գտնուող` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Փոլեթի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ իբրեւ դիտորդ վերջինիս անդամակցող ՀՅ Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու վերաբերեալ:

Իշխան Սաղաթէլեան հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգային եւ մարդասիրական իրավիճակը, Ազրպէյճանի շարունակական յարձակողապաշտութիւնը եւ միջազգային գործընկերներէն ակնկալած առաւել հասցէական ու գործնական արձագանգ:

Յառաջիկայ երկու օրերուն Իշխան Սաղաթէլեանի աշխատանքային այցելութիւնը պիտի շարունակուի Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:

Comments are closed.