Ինքնութիւն, ի՞նչ ինքնութիւն

Յաճախ կը խօսինք մեր ինքնութեան մասին, առանց անդրադառնալու, որ ան ունի բազում երեսներ կամ ոլորտներ, որոնք այնպէս սերտօրէն են շաղկապուած իրարու, որ այնքան բարդ կը թուի այդ ինքնութիւն ըսուածը։

Հա՞յ ենք՝ եթէ կը կրենք «եան»-ով աւարտող մականուն մը, հա՞յ ենք՝ եթէ կը խօսինք հայերէն, հա՞յ ենք՝ եթէ մկրտուած ենք հայ եկեղեցիի մը մէջ։

Կը պատահի նոյնիսկ, որ հարցականի տակ ալ առնենք մեր ինքնութիւնը։ Հա՞յ ենք, նոյնիսկ եթէ չենք ծնած հայրենի հողի վրայ։ Հա՞յ ենք, հայ չե՞նք, գանատացի, ամերիկացի կամ սուրիացի՞ ենք, թէ՞ ա՛ս ենք, եւ ա՛ն ենք,– ի՞նչ ենք ի վերջոյ։

Երբեմն նոյնիսկ կը հրաժարինք, կամ կը կարծենք, թէ կը հրաժարինք մեր ինքնութենէն. Կարօ Փօլատեանը չէ՞ր, որ, է՜ր երբեմն, գրեց «Կը հրաժարիմ հայութենէ» գիրքը, Շահան Շահնուրը չէ՞ր, որ երգեց «Նահանջն առանց երգի»։

Բայց հարց տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ է այդ ինքնութիւն ըսուածը, ի՞նչ բարդ ու բազում բաղադրիչներէ կազմուած է, եւ ինչպէ՞ս կը յայտնուի կամ կը տեսնուի այլոց կողմէ։

Հաւանաբար ասիկա հասկնալու համար լաւագոյն մօտեցումը մեր սեփական իրավիճակին նայիլն է, որմէ ալ կրնանք թերեւս աւելի լաւ ըմբռնել թէ ի՞նչ կը նշանակէ ինքնութիւն։ Ինչպէ՞ս կրնանք քակել-թափանցել այս առեղծուածին խորքը։

Օրինակ, շատ-շատերու նման ես ալ կը յաւակնիմ, թէ հայ եմ։  Ի՞նչ հիմք կայ այս յաւակնութեան կամ ինչո՞ւ ոչ՝ համոզումի՛ն։ Ի՞նչ ազդակներու վրայ ոմանք իրենք զիրենք հայ կը նկատէին կամ կը նկատեն, ինչպէս ես ալ կը շարունակեմ նոյնը ընել, իսկ ուրիշներ՝ ո՛չ։

Ծագո՞ւմը։

Հայրս ու մայրս ալ հայ էին։ Անո՛նք ալ իրենք-զիրենք այդպէս կը դաւանէին։ Նոյնը՝ մեծհայրերուս ու մեծմայրերուս պարագային։ Կրնար այդպէս չըլլալ, եւ անոնցմէ մէկը կամ մէկէ աւելին կրնային հայ չըլլալ, կամ ինքզինք հայ չհամարել, ինչպէս է նաեւ պարագան շատ ուրիշներու։ Գործակիցիս՝ Ռաֆիքին մէկ մեծ հայրը հայ եղած է։ Ինքը՝ ո՛չ։

Ծննդավա՞յրը։

Ծնած եմ Եգիպտոս, ինչպէս Եգիպտոս ծնած էին ծնողքս։ Իսկ անոնցմէ վեր՝ Հաճըն, Հալէպ, Բրգնիկ, Պոլիս։ Բոլորն ալ՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Օր մը օրանց չեմ լսած, թէ ծնողքս եգիպտացի իսկ մեծերը օսմանցի նկատէին իրենք զիրենք։

Բայց կրնա՞մ ուրանալ եգիպտացի ըլլալս, փարաւոններու արեւին տակ ծնած ու ապրած ըլլալս, ուսումս հո՛ն ստացած ըլլալս, մասնագիտութիւնս հո՛ն ձեռք ձգած ըլլալս։ Մանաւանդ որ իբր եգիպտացի ներգաղթած ենք Գանատա։ Ո՛չ մէկ պաշտօնական թուղթ ունէինք, որ մեր հայ ըլլալը հաստատէր։ Նոյնիսկ մեր ծննդեան վկայագրերը, հայերէ՛ն ալ արձանագրութեամբ, չեն ըսեր, որ հայ ենք…

Մեր ինքնութեան կազմութեան մէջ դեր մը չէ՞ ունեցած Եգիպտոսը։ Մինչեւ այսօր ալ Եգիպտոս «կը հոտինք», ինչպէս ուրիշներ՝ Սուրիա, Լիբանան, Ֆրանսա կամ Արժանթին։ Մեր խօսած հայերէնով իսկ, նոյնիսկ անգլերէնով ու ֆրանսերէնով։ Իսկ Եգիպտոսի բարքե՞րը, ապրելակերպը, ուտեստեղէնը (ոջլոտ բակլան՝ ֆաւա բակլան՝ ֆուլը մանաւանդ, որ այնքան հաճոյքով կը ճաշակենք պարբերաբար)…

Ընտանի՞քը։

Այո, իւրայատուկ ընտանիքի մը մէջ հասակ առեր եմ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը այդպէս է։ Անկասկած մեր ծնողքին բնաւորութիւնը, վարուելակերպը, նախասիրութիւնները, զբաղումները եւ մասամբ նորին իրենց ուժեղ դրոշմը ձգած պիտի ըլլան մեր ինքնութեան կազմութեան վրայ։ Մանաւանդ ազգային զգացումներու խմորումին վրայ։ Բայց անոնք կրնային տարբեր եղած ըլլալ, ինչպէս տարբեր են բոլորը, եւ ես ալ, մենք ալ տարբեր ինքնութիւններով օժտուած պիտի ըլլայինք։

Կրթութի՞ւնը։

Անկասկած։ Ազգային վարժարանի աշակերտ՝ մենք նման չեղանք ազգային վարժարան  չյաճախած հայորդիներու։ Ինչպէս մեր ծնողքը, նոյնպէս եւ մեր ուսուցիչները, անոնցմէ ամե՛ն մէկը, նոյնիսկ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, արաբերէնի, թուաբանութեան թէ այլ առարկաներու, կամ մարզանքի ու երգի եւ նկարչութեան ուսուցիչները կոփեցին մեր անհատականութիւնը, այսինքն մեր էութիւնը։ Երբ ուսուցիչներէս մէկը բերնին ջուրերը վազցնելով կը յիշէր իր հայրենի գիւղի սեխին համն ու բոյրը, կրնայի՞ ազդուած չըլլալ… Անոնցմէ ոմանք Մեծ եղեռնէն վերապրած մարդիկ էին։ Վարուժան տեսած, Վարուժանի աշակերտած։

Ընկերական շրջանա՞կը։

Եւ ինչպէ՜ս։ Եթէ ծնողքս զիս պատանի տարիքէս ակումբ տարած չըլլային, Պատանեկանի անդամ արձանագրած չըլլային, ծանօթացուցած չըլլային հաւաքական կեանքի խորհուրդներուն, առահետներուն եւ վարժեցուցած չըլլային անոր վերիվայրումներուն, բայց մանաւանդ ծառայութենէն ստացուող գոհունակութեան, ինչպէ՞ս յետոյ ես կրնայի դիմանալ մեր ազգային կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն ու դերակատար ըլլալ մեր հասարակական կեանքին մէջ։ Ուրիշներ ուրի՛շ շրջանակներու, ուրի՛շ միջավայրի արդիւնք են անկասկած, ես՝ ի՛մ։

Մամո՞ւլը, գիրն ու գրականութի՞ւնը, մշակո՞յթը։

Ի հարկէ։ Էութիւնդ ձեւ կ՚առնէ ընթերցումներէդ։ Ամենէն փոքր տարիքէդ՝ մինչեւ կեանքիդ վերջին օրը։ Եթէ գիրքերով խճողուած տան մը մանուկ բնակիչը եղած չըլլայի, եթէ մայրս ամեն օր հայերէն թերթին գալուն սպասումով չապրէր, եթէ արուեստները, երաժշտութիւնը տան մթնոլորտը յագեցուցած չըլլային, եթէ սովորութեան վերածուած չըլլար ցուցահանդէսներ, թանգարաններ այցելելը, համերգներու, թատերական ներկայացումներու երթալը, հաւանաբար ի՛մ ալ նախընտրութիւններս այլ ուղղութեամբ զարգացած պիտի ըլլային։

Կեանքի բոլոր ոլորտները իրենց դերը կը խաղան ինքնութեանդ կազմաւորման վրայ։ Եւ ան՝ այդ ինքնութիւնը չի դադրիր կազմաւորուելէ։ Աշխատատեղիդ, ասպարէզիդ շրջանակը, բնակած թաղդ, քաղաքդ, երկիրդ կ՚աշխատի՛ն ինքնութեանդ վրայ։

Թերեւս դուն չես անդրադառնար, գահիրեցի էիր, մոնթրէալցի դարձար, այն թաղին բնակիչն էիր, ա՛յս թաղին բնակիչն ես հիմա, եւ այսպէս ամեն կացութիւն կ՚ազդէ վրադ, կը գունաւորէ էութիւնդ։

Հա՞յ։ Ո՞վ է հայը։ Ատենին «Արմենիա» երբ ըսէինք «Ռումանիա» կը լսէին։ Իսկ պաշտօնական պարագաներու կը դասուէիր որպէս անգլիախօս կամ ֆրանսախօս, հիմա նոր՝ նաեւ այլախօս, թէեւ տեղ մը գործի առնուելու պարագային այդ այլախօսութիւնդ շատ ալ օգուտ մը չունի, բացի եթէ գիտցած լեզուներէդ մէկը գործածող երկրի մը հետ գործ պիտի ունենաս։

Բայց կը ճամբորդես, արտասահմանի մէջ գանատացիի մը կը հանդիպիս՝ հարազատութիւն մը կը զգաս, ինչպէս պատահեցաւ Աթէնքի մէջ, երբ նոյն ճաշարանը գտնուեցանք գանատացի զինուորներու հետ։ Մէկու մը հետ կը զրուցես, նոյն գիրքը կարդացած կ՚ըլլայ՝ հարազատութիւն մը կը զգաս։ Ամեն օր հանդիպած թաղեկիցներուդ հետ հարազատ կը զգաս երբ ճեմուղիներուն կամ զբօսայգիներուն մէջ կը հանդիպիս անոնց, դրացիներուդ, տան դռնապան-տնտեսին հետ, երբ աստիճաններուն վրայ կամ շէնքդ մտած-ելած ատենդ կը տեսնես զիրենք։ Ի վերջոյ… չափով մը ճակատագրակից ենք։

Տակաւին անշուշտ ժամանակն ալ իր դերը կը խաղայ։ Էութիւնդ առնչուած է նաեւ այն ժամանակաշրջանին, ուր տարիներդ կը թաւալին։ Դուն տարբեր ես քեզմէ 25 տարի առաջ, 50 կամ 100 տարի առաջ ապրած ծնողքէդ, մեծծնողքէդ ու ընդհանրապէս քեզմէ առաջ ապրողներէն, եւ քեզմէ ետք ապրողներէն։ Այդ չե՞ս տեսներ զաւակներուդ ու թոռներուդ նայելով։

Էութեանդ կարեւոր մէկ բաղադրիչն ալ, այո՛, պատմութիւնն է, քու անմիջական պարագաներուդ, ազգակիցներուդ եւ հայրենակիցներուդ պատմութիւնը, ազգի՛դ պատմութիւնը, մարդկութեա՛ն պատմութիւնը՝ դարերէն եկած ու դարերուն գացող պատմութիւնը, որուն մէջ դուն պահ մըն ես պարզապէս, ակնթա՛րթ մը։

Պատմութեան ուսուցիչս՝ Քերովբէ Կոստանդեան, կ՚ըսէր՝ ես 70 տարեկան չեմ, 70 հազար տարեկան եմ։ Այսինքն՝ մարդկութեան անցած ուղին կը կրէր իր մէջ։

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայկ Նահապետն ալ ազդած է էութեանդ կազմութեան վրայ, Մեծն Ալեքսանտրն ալ, Կարմիր Սուլթանն ալ։ Այնշթայնը։ Ստալինը։ Եւ Արամ Մանուկեա՛նը։

Վահէ Օշական կ՚ըսէր՝ հայ ըլլալու մէկ ձեւ չկայ։

Մարդ ըլլալու ալ մէկ ձեւ չկայ։

Դո՛ւն շարունակէ այս մտորումները, սիրելի ընթերցող։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Graphic photo by Proper Company – The Armenian Weekly

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.