Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Հայաստան եւ հայութիւն փլուզուեցան, ինչպէ՞ս վերականգնիլ
Յ. Պալեան
Ամբոխահաճութիւնը (populism) թմրեցուցիչներու ամենէն վտանգաւորն է,
քնացնելու եւ ոչնչացնելու համար ուշիմութիւնը, մշակոյթը, համբերութիւնը եւ ըմբռնումի ճիգը:
Միշէլ Օնֆրէ, Ֆրանսացի իմաստասէր, ծն. 1959ին
Եթէ հարցերուն մօտենանք որպէս օտար, հեռուէն դիտենք, սիրողական վճիռ արձակենք հեռատեսիլէն լսուածով, թերթի մեծատառ խորագիրներուն հետեւելով, դրական ոչինչ կրնանք ընել:
Եթէ խօսելէ առաջ որպէս հայրենատէր չլսենք եւ չդիտենք Հայաստանները, մեր ժողովուրդը՝ ինչպէս որ է, լաւ է որ բախտ որոնենք լոտօ խաղալով կամ աւանակ վազցնելով, մոռնանք Հայաստանը, վերջ տանք ինքնախաբէութեան:
Հայաստան փլուզման վիճակի մէջ է: Դուրսէն դիտողի իմաստութեամբ արդարանալ հիւանդագին կրաւորականութիւն է: Աւելի ճիշդ է ըսել, որ համայն հայութիւնը, մեզմէ իւրաքանչիւրը, կը գտնուին նոյն վիճակին մէջ, նաեւ՝ սփիւռքը: Այս պատկերէն եթէ մեկնինք մաքրուելու, ինքնասրբագրուելու եւ նախաձեռնելու համար, թերեւս կը վերականգնինք:
Ինչպէ՞ս թնճուկ դարձաւ կացութիւնը, մտանք փակուղի:
Մեզմէ դուրս յանցաւոր չփնտռենք, խօսինք ազգի անդամի պէս, մեր թերացումներուն, սխալներուն եւ անպատասխանատուութեան մասին:
Կ’ըսեմ՝ ՄԵ՛Ր, անհատաբար, հաւաքաբար, ներսը եւ դուրսը:
Առանց կարեւորը նուազ կարեւորէն զատելու, յիշենք եւ յիշեցնենք ձախողութեան եւ պարտութեան պատճառ մեր բացասականութիւնները, առանց ամբողջական ըլլալու յաւակնութեան:
Այսօրուան սերունդը, զօրակոչի ենթարկուած 19-30 տարեկանները, չեն տեսած եւ չեն ապրած, թէ ինչպէս, Խորհ. Միութեան փլուզման յաջորդող տարիներուն գնացքներու երկաթ-գիծերու մետաղը գողցան եւ վաճառեցին, ջրամատակարարման խողովակները նոյնպէս, տուներ, հողամասեր իւրացուեցան:
Յաջորդեց պետական եկամուտներու եւ արտասահմանեան օժանդակութիւններու կողոպուտը: Հայ մարդու Ֆրանսայէն ղրկած հռչակաւոր մակնիշով հագուստները վաճառուեցան Մոսկուայի շուկաներուն մէջ, կարգ մը պատասխանատուներ Հիմնադրամը օգտագործեցին ապարանք կառուցելու, գերմանական մակնիշով ինքնաշարժներով շրջելու եւ իւրացնելու:
Ոչինչ ունեցող ձեռներէցներ դարձան մեծահարուստ: Խորհրդային հաւասարութեան մէջ ապրողներու մէկ մասը, քանի մը տարուան ընթացքին տէր դարձաւ աստղաբաշխական գումարներու: Մարդիկ կու գային եւ Փարիզի կեդրոնէն կամ Կապուտակ Ծովափէն (Côte d’azur) տուն կը գնէին:
Զարգացաւ դառնութիւնը եւ մարդիկ դիմեցին բացասական լուծման. արտագաղթի: Իշխանութիւնը գործեց, եւ կը գործէ, աւանդական ԽԾԲի դրութեամբ (խնամի, ծանօթ, բարեկամ): Մարմնամարզի ուսուցիչը յանկարծ դարձաւ մաքսային տնօրէն… Եւ կաշառակերութիւնը՝ համակարգ: Մարդիկ յաջողեցան նոյնիսկ ճամբաներու մայթերը իւրացնել, իրենց շէնքերու տարածքը աւելցնելու համար:
Յաջորդական իշխանութիւնները չուզեցին, կամ չէին կրնար, իսկական հաշուեքննութիւն (audit, աուտիդ) ընել: Վարչապետ մը այս մասին հարցումի պատասխանեց. «Աուտիդ կ’անենք»… Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ այդ աուտիդը եղա՞ւ, ո՞ւր եղաւ, ո՞ւր են արդիւնքները:
Գումարեցէ՛ք Ջ. գիւղի լոլիկ մշակող հայ գիւղացիին թշուառացումը, որուն արտին ջուրը տրուեցաւ իշխանաւորի տնկած նոր այգիին եւ… լոլիկները չորցան: Գիւղացին քանի մը հարիւր տոլարի օժանդակութեան համար ասդին անդին դիմեց ձմրան վառելանիւթ ապահովելու համար: Եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ սկսան սուրալ հռչակաւոր մակնիշով ինքնաշարժներ, երբ կային մարդիկ, որոնք օրական քանի մը տոլարի համար կ’աշխատէին, կամ տուն կը ծախէին՝ որպէսզի գաղթեն:
Կացութիւնը սրուեցաւ նորահարուստ վերնախաւի մը եւ թշուառացած, դժուար ապրող մեծամասնութեան միջեւ, քէնի եւ ոխի ենթահողի վրայ: Իսկ քէնը եւ ոխը ամբոխահաճ (populist) քաղաքական գործիչին առջեւ չարաշահման բաց դուռ են, ուրկէ կը մտնէ ան, նսեմացնելու համար դասական տկարացած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները: Ամբոխահաճ իշխանութիւնը ինքնութիւն նուաճելու, ինչպէս Հայաստան ըսին նախկիններու դէմ պայքարելու եւ ինքնահաստատուելու համար, ստիպուած է դիմել ամբոխէն անմիջապէս հասկնալի կարգախօսներու: Յիշենք թալանչին, ասֆալտին փռելը, էլիտան՝ ընդդէմ ամբոխին: Դիրք ամրացնելու համար, ամբոխահաճը (populist) կը հակադրուի համակարգին,- արդարադատական եւ քաղաքական,- եւ ապա զայն կը հակակշռէ:
2020ին, Փարիզ լոյս տեսաւ քաղաքական-հոգեվերլուծական գիրք մը: Հեղինակը ոչ հեռուէն եւ ոչ մօտէն ճանչցած է հայերն ու Հայաստանը, չի գրեր մեր մասին: Կ’ըսէ.
«Ամբոխահաճութիւնը կը սկսի քաղաքական մարդով մը, որ կը հիմնէ շարժում մը, ընդդէմ անկման ընթացքի մէջ եղող դասական կուսակցութիւններուն: Ապա, զօրաւոր ինքնութիւն մը կառուցելու համար, երեւացող գլխաւոր հոսանքներու դէմ կ’ունենայ ծայրայեղական արտայայտութիւններ, եւ անբարոյութիւնը ուժեղին օրէնքը կը դարձնէ չափանիշ: Ապա կը դառնայ իշխանական, միաժամանակ շահագործուող զանգուածներուն խոստանալով վերադարձնել իրենց հպարտութիւնը»*:
Կ’աւելցնէ նաեւ, որ ամբոխահաճութիւնը կը ստեղծէ մթնոլորտ մը, որ ընկերու-թեան մէկ մասը միւսին մէջ թշնամի տեսնէ»: Այսինքն քաղաքական դաշտը կը հեղի-նակազերծուի եւ կ’ամբարոյականայ:
Հեղինակը, Սինթիա Ֆլէօրի, կը շարունակէ.
«Ան (ամբոխահաճ ղեկավարը) պէտք չի զգար ժողովրդական ըլլալու: Տիրանալէ ետք իշխանութեան բոլոր լծակներուն, լռեցնելէ ետք բոլոր զարտուղի ձայները, եւ բանտարկելէ ետք իր բոլոր մրցակիցները, կ’արհամարհէ ժողովրդական ըլլալու հանգամանքը: Իշխանութեան բրտութիւնը, արդարադատութիւնը, խորհրդարանը իր ձեռքին մէջ են… այս նորատեսակ ֆաշականութիւն է: Իր միակ մտահոգութիւնը իշխանութիւնը պահել է: Այլ ուղին պիտի ըլլար բանտարկութիւն կամ երկրէն փախուստ: Այս ապահովաբար դժուար է, բայց ի՞նչ կրնայ ըլլալ այլընտրանքը: Տուն դառնալ եւ թաքնուիլ»**:
Փտածութիւն (կոռուպցիա), պատերազմ, պարտութիւն, ամբոխահաճութիւն, զոհեր, սահմանին՝ աւանդական թշնամի, համագումար՝ մեր այսօրը:
Աղէտի մատնուած երկրին մէջ, քաղաքականութեամբ չզբաղող մտաւո-րականութիւնը ոտքի ելած է, կը դիրքորոշուի, պահանջներ կը ներկայացնէ: Ամբոխին առջեւ իշխանութեան պարզած պարզած կարմիր լաթն է ընտրանին, էլիտան, զոր իր քիթէն բռնած ասդին-անդին կարելի չէ տանիլ:
Միւս կէսը թշնամի տեսնողները կը լսե՞ն իրենց ընտրանին: Ժողովուրդի սիրած Գրողներու Միութիւնը, երկար ատեն լուռ մնալէ ետք, հրապարակ եկած է վարչապետի հրաժարականի պահանջով:
Կացութեան գնահատումը կ’ընէ գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան. «Ես զբաղուում եմ եւ կը զբաղուեմ քաղաքականութեամբ այնքան ժամանակ, քանի իմ հայրենիքը չի ձեռք բերել կայուն անվտանգութիւն, կայուն սահմաններ եւ բարգաւաճման ընթացք: Այդ ժամանակ ես կը շարունակեմ զբաղուել մշակոյթով» (Առաւօտ թերթ):
Սփիւռք(ներ)ը, հեռանալով իր ջոջական-կողմնապաշտական աւանդական կեցուածքէն, գործօն ազգային-քաղաքական դիրքորոշում պէտք է ունենայ, իմաստաւորէ ցարդ որպէս կարգախօս կրկնուող հայրենասիրական ճառերը, որ Հայաստանը հայոց հայրենիք է, հաւաքականի մասնակցութեամբ, պարտաւորութիւններով եւ պատասխանատութիւններով: Ոչ միայն բարեսիրութիւն, այլ նաեւ ծրագրումներու եւ որոշումներու մասնակցութիւն, ստեղծելով համապատասխան քաղաքական կառոյցներ:
Առանց կիսամիջոցներով գոհանալու, առանց համակրանքներու եւ հակակրանքներու տուրք տալու, մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելով, պէտք է ազատինք ամբոխահաճական կիրքէն:
Ֆրանսացի գիտուն կինը, Սինթիա Ֆլէօրի, հայերը չի ճանչնար: Իր ուսուցումը իմաստութիւն է եւ պէտք է լսել: Անմիջականէն անդին նայող ոչ-յուզիչ իմաստութիւն, տարբեր՝ քաղաքապետութեան մը ցեղասպանութեան բարեացակամ ճանաչումներէն:
Ազգի ճակատագիրը,– կուսակցութիւններ եւ պետական համակարգ,- սիրողականութեամբ չի ղեկավարուիր:
Միշտ կրկնելով, որ ճիշդ մարդը պէտք է դնել ճիշդ տեղը:
Կրկնելով նաեւ, որ հայրենատիրութիւնը հեռուէն դիտելու խաղ չէ, բացական ներկայ չէ:
Եւ ազատագրուիլ ամբոխահաճութեան չարիքէն: