Ժոլի. «Գանատան Եւրոպական Միութեան Անդամ Չեղող Առաջին Երկիրն Է, Որ Կը Միանայ Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան»
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի Հոկտեմբեր 26-ին այցելեց Ջերմուկ, ուր նախ եւ առաջ այցելեց Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գրասենեակ:
Ժոլի Եւրոպական Միութեան դիտորդներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է. «Շատ հաճելի է Ջերմուկ գտնուիլը` աւելին իմանալու այն աշխատանքին մասին, որ կատարած է Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, որուն կը միանայ Գանատան: Քանատան Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ առաջին երկիրն է, որ կը միանայ այս առաքելութեան:
«Այսպիսով, մենք պիտի քննարկենք գումակային հարցեր, թէ ինչպէ՛ս կրնանք համարկուիլ այս կարեւոր առաքելութեան, որ կարեւոր է շրջանի մարդասիրական հարցերը հասցէագրելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերելու առումով»:
Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց մարտական դիրքեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու հետ:
Comments are closed.